Փոքր տարիքէս Արարատը ինծի համար եղած է լեռ մը, որ իր սովորական իմաստէն շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցած է: Բազմաթիւ անգամներ լսած եմ տարբեր մարդոցմէ Արարատ բարձրանալու իրենց փորձառութիւններուն եւ յուշերուն մասին: Անոնց պատմութիւններուն մէջ կային դժուարութիւններ, յաղթանակներ, յոգնութիւն, ուրախութիւն եւ զգացումներ, որոնք միշտ հետաքրքրած ու խոր տպաւորութիւն ձգած են վրաս: Այդ պատմութիւնները լսելով` կամաց-կամաց մէջս ալ ձեւաւորուեցաւ երազ մը: Oր մը ես ալ պիտի բարձրանայի Արարատ եւ պիտի կանգնէի անոր գագաթին:
Տարիներ շարունակ այդ երազը մնաց մտքիս մէջ: Երբեմն անիկա հեռու ու գրեթէ անհասանելի կը թուէր, բայց երբեք ամբողջովին չմոռցայ զայն: Միշտ ինծի հետ էր այն միտքը, որ օր մը պիտի գայ այդ պահը: Եւ վերջապէս, 2026-ին այդ օրը եկաւ:
Արարատ բարձրանալը ինծի համար պարզապէս լեռ մը մագլցելու փորձ մը չէր: Իւրաքանչիւր քայլի կը զգայի, որ կը մօտենամ ոչ միայն լերան գագաթին, այլ նաեւ` մանկութենէս ի վեր պահած երազիս: Ճամբան ինծի համար դարձաւ պայքար` ինքզինքս յաղթահարելու, շարունակելու եւ չհրաժարելու: Երբեմն նպատակ մը ունենալը բաւարար չէ, պէտք է նաեւ մէջդ ուժ գտնես անոր հասնելու համար:
Վերելքի ընթացքին ամէն մէկ քայլ իր նշանակութիւնը ունէր: Երբ կը նայէի վեր եւ կը տեսնէի դեռ հեռու գտնուող գագաթը, կը մտածէի այն բոլոր տարիներուն մասին, որոնց ընթացքին այս պահը միայն երազ մը եղած էր: Ճամբան շարունակելուն զուգահեռ, այդ երազը աւելի ու աւելի իրական կը դառնար: Այդ պահերուն հասկցայ, որ երբեմն կարեւորագոյն ճամբաները այն ճամբաներն են, որոնց վերջնակէտը վաղուց երազած ես տեսնել:
Բայց Արարատը միայն անձնական երազ մը չէր: Անիկա իրեն հետ կը կրէր նաեւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եւ յիշողութիւնը: Դարեր շարունակ Արարատը հայ ժողովուրդի երեւակայութեան, մշակոյթին եւ ինքնութեան մէջ ունեցած է իւրայատուկ տեղ: Հետեւաբար անոր գագաթին հասնիլը ինծի համար ունէր նաեւ շատ աւելի խոր իմաստ: Այն պահուն, երբ կը բարձրանայի, ես գիտէի, որ այս լեռը ինծի համար պարզապէս բնութեան գեղեցիկ հրաշք մը չէ:
Եւ երբ վերջապէս հասայ 5137 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող գագաթը, պահ մը կարծես ժամանակը կանգ առաւ: Այդ պահուն դիմացս միայն Արարատը չէր: Դիմացս էր այն երազը, որ տարիներ առաջ ծնած էր մէջս, երբ ուրիշներու պատմութիւնները կը լսէի: Ես այլեւս այդ պատմութիւնները լսող երեխան չէի, ես ինքս դարձած էի այդ պատմութեան մէկ մասը:
Գագաթին կանգնած` հասկցայ, որ այս վերելքին իրական արժէքը միայն այն չէր, որ հասած էի 5137 մեթրի: Իրական արժէքը այն էր, որ իրականացուցած էի այն երազը, որ, տարիներ շարունակ պահած էի մէջս: Այդ պահը ինծի համար դարձաւ յիշողութիւն մը, որ, վստահ եմ, ամբողջ կեանքիս ընթացքին պիտի մնայ ինծի հետ: Որքան ալ տարիներ անցնին, պիտի կարենամ ետ նայիլ եւ ըսել, թէ այն երազը, որ երբեմն հեռու կը թուէր, օր մը իրականութիւն դարձաւ:
Արարատը ինծի համար միշտ եղած է մեր ժողովուրդի պատմութեան, յիշողութեան եւ երազներուն կապուած սուրբ խորհրդանիշ մը: Այդ պատճառով ալ այդ գագաթին կանգնիլը ունէր զգացում մը, որ դժուար է բառերով ամբողջութեամբ բացատրել: Այդ պահուն զգացի նաեւ, թէ որքա՛ն կարեւոր է չմոռնալ մեր երազները, նոյնիսկ երբ անոնք երկար ժամանակ անհասանելի կը թուին:
Եղիշէ Չարենցի խօսքերը այդ պահուն աւելի խոր իմաստ ստացան.
«Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ»:
Այսօր, երբ ետ կը նայիմ այդ ճանապարհին, կը հասկնամ, որ որոշ երազներու գեղեցկութիւնը անոնց հասնելուն մէջ չէ միայն, այլ` անոնց հասնելու ամբողջ ճամբուն մէջ: Արարատ բարձրանալով` ես ոչ միայն գագաթ մը նուաճեցի, այլ մանկութեանս մեծ երազներէն մէկը իրականութեան վերածեցի:
Այս փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց, որ երբ մարդ իր առջեւ նպատակ մը կը դնէ եւ կը հաւատայ անոր, դժուարութիւնները այլեւս միայն խոչընդոտներ չեն ըլլար, այլ` ճանապարհի մաս: Արարատի ճանապարհը հիմա դարձած է իմ կեանքիս այն յիշողութիւններէն մէկը, որ պիտի շարունակէ ինծի յիշեցնել, թէ որքա՛ն հեռու կրնանք հասնիլ, երբ չենք հրաժարիր մեր երազներէն:
Եւ հիմա, այդ երազէն ետք, մէկ բան աւելի հաստատ գիտեմ`
Երթը կը շարունակուի:



