ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Պէյրութը աւելի քան 5000 տարիէ ի վեր բնակեցուած է եւ աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է: Իսկ մենք հոն ապրեցանք:
Վերի այս լուսանկարը առնուած է եօթանասունականներու սկիզբը` լիբանանեան ամսագիրի մը համար: Հեծանիւին վրայ ես եմ, կողքիս` քոյրս Մարիլուն, իսկ մեր մօտ կանգնած երիտասարդ կինը մօրաքոյրս` Մարիզն է: Չեմ յիշեր լուսանկարիչին անունը, ոչ ալ թէ` ի՛նչ առիթով այդ օրը յայտնուեցանք ամսագիրի էջերուն մէջ: Բայց նկարը մնացած է: Այսօր, երբ կը նայիմ անոր, ընտանեկան հին լուսանկար մը միայն չեմ տեսներ: Մարիզին հագուստը, լայն գօտին, մազերը, մեր հագուստները, հեծանիւս` բոլորը ժամանակաշրջանի մը մասին կը պատմեն:
Եօթանասունականներու Պէյրութին մասին գրեթէ բոլորս նոյն պատկերները ունինք մեր մտքերուն մէջ: Համրան` իր սրճարաններով, «Ֆենիսիա» պանդոկը, «Քազինօ տիւ Լիպան»-ը, Ռաուշէն ու ծովը: Նախապատերազմեան Պէյրութի այդ պատմութիւնը շատ անգամ պատմուած է: Ես ալ կը յիշեմ այդ Պէյրութը, բայց վերջերս ուրիշ բանի մասին կը մտածեմ: Ի՞նչ էր այդ ոսկեդարը դեռ մանուկի մը աչքերով: Եւ ի՞նչ ձգեց ան մէջս:
Այդ օրերու Պէյրութը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեսակ մը հանդիպման վայր էր: Տուպայը դեռ այսօրուան Տուպայը չէր: Պէյրութն էր տարածաշրջանի աշխարհին բաց քաղաքներէն մէկը: Փոքր էր, բայց` միջազգային: Արդիական էր, բայց տակաւին` արեւելեան: Ֆրանսական ազդեցութիւնը, արաբական մշակոյթը, հայկական ներկայութիւնը եւ Միջերկրականի ազատ շունչը իրարու կողքին կ՛ապրէին: Քաղաքը աշխարհին հետ կապուած էր, բայց տակաւին մարդկային չափեր ունէր:
Ինծի համար այդ բոլորը բնական էր: Հասակ նետող հայ մանուկ մըն էի, հայկական ընտանիքի, դպրոցի, եկեղեցւոյ, ակումբի, բարեկամներու եւ ազգականներու աշխարհին մէջ: Պուրճ Համուտը իր ամբողջ կեանքով մեր աշխարհին մէկ մասն էր: Բայց այդ հայկականութիւնը պատ մը չէր, որ մեզ քաղաքէն բաժնէր: Միաժամանակ կը պատկանէինք աւելի լայն լիբանանեան կեանքին: Էշրեֆիէն, Ժըմմէյզէն, Պուրճ Համուտն ու Համրան տարբեր աշխարհներ էին, բայց մեզի համար նոյն քաղաքին մաս կը կազմէին: Կրնայինք առտուն հայկական միջավայրի մը մէջ ըլլալ, կէսօրէ ետք ուրիշ թաղի մը մէջ, իսկ շաբաթավերջին` լեռ կամ ծով:
Լեզուներն ալ իրարու կը խառնուէին: Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն, երբեմն ալ` քրտերէն: Մէկը կը լսէիր տան մէջ, միւսը` փողոցը, ուրիշ մը` դպրոցը, խանութը կամ ձայնասփիւռէն: Այդ տարբերութիւնները բացատրելու կարիք չկար: Մենք բազմամշակութայնութիւն բառը չէինք գործածեր: Պարզապէս այդպէս կ՛ապրէինք:
Ամառները երբեմն գիւղ կ՛երթայինք` Մրուժ կամ Տհուր Շուէյր: Ամրան աւարտին Մար Թաքլայի տօնը կ՛ըլլար, եւ գիւղին հրապարակին վրայ մեծ տօնավաճառ մը կը բացուէր: Ամէն տեսակ անուշեղէն կար, իսկ մեզի` մանուկներս համար, ամէնէն սպասուածը հրավառութիւնն էր: Երբեմն կիրակի օրերը Տհուր Շուէյրի մէջ երգիչ Ատիսը մանուկներու յատուկ ծրագիր կ՛ունենար: Երբ «Գարուն, գարուն»-ը կը սկսէր, բոլորս պարելու կ՛ելլէինք: Այդ օրերէն շատ բան չեմ յիշեր, բայց երգը մնացած է:

Համերն ու հոտերն ալ այդ Պէյրութին մէկ մասն էին: Կը յիշեմ Ղանտուրի «Ռաս էլ Ապըտ»-ը (գիտեմ, այսօր այլեւս այդպէս չի կոչուիր) շոքոլայով պատուած փափուկ քաղցրաւենիքը, «Չիքլեթս»-ի փոքրիկ տուփերով ծամոնները, արեւելեան պաղպաղակի եւ փախլաւայի խանութները (մանաւանդ` «Ղազ էլ պանեթը»), Ճեմարանին մօտ Ժանին հայկական լեհմեճունի փուռի հոտը:
Երբեմն` տաք սահլապ մը, շաբաթավերջին` քնեֆէ կամ մանաքիշ: Գիւղի սնոպարի ծառերու հոտը, Զմմառու վանքի գինիի մառանի խոնաւութեան հոտը: Մանկութեան պարզ համեր ու հոտեր էին, որոնց մասին այն ատեն շատ չէինք մտածեր: Տասնամեակներ անցած են, շատ բան փոխուած է, բայց այդ համերուն կարօտը չէ անցած:
Թերեւս այդ Պէյրութի ինծի տուած կարեւորագոյն բաներէն մէկը ճիշդ ա՛յդ էր: Առանց գիտակցելու` սորվեցայ, որ մարդ կրնայ մէկէ աւելի աշխարհի պատկանիլ` առանց անոնցմէ մէկը կորսնցնելու: Կարելի էր հայ ըլլալ եւ միաժամանակ ուրիշներուն աշխարհով հետաքրքրուիլ: Տարբերութիւնը վտանգ չէր: Երբեմն նոյնիսկ հետաքրքրութիւն էր: Միայն տարիներ ետք հասկցայ, թէ մանկութեան այդ բնական փորձառութիւնը որքա՛ն խոր կերպով զիս ձեւաւորեց:

Կային նաեւ հայկական կեդրոնները: Պուրճ Համուտը` իր նեղ փողոցներով եւ վառվռուն կեանքով: Երբեմն «Քամ պեք» Վարուժին քով պատառ մը ուտելու կ՛երթայինք: Հոն անպայման կարեւոր մարդիկ նստած կ՛ըլլային: Երբեմն ալ` նահատակ ընկեր Աբոն ու ընկերները:
Կային մեր ակումբները: Քաղաքի ՀՄԸՄ-ը` իր սկաուտական եւ մարզական կեանքով, «Սարդարապատ» եւ «Արա Երեւանեան» ակումբները` իրենց քաղաքական կեանքով: Եւ անշուշտ «Տէր Մելքոնեան» թատերասրահն ու ուրիշ կեդրոններ` իրենց մշակութային կեանքով: Այս բոլորը պարզապէս վայրեր չէին: Անոնք մաս կը կազմէին այն աշխարհին, ուր մենք կը մեծնայինք:

Պէյրութը նաեւ աշխարհի դուռ մը կը բանար մեր առջեւ: Օդանաւեր կու գային ու կ՛երթային, օտար թերթեր ու ամսագիրներ կը հասնէին, նոր երաժշտութիւն, նոր հագուստ, նոր ժապաւէններ եւ գաղափարներ կը շրջէին քաղաքին մէջ: Աշխարհը հեռու չէր թուեր: Կարծես մեր փոքր քաղաքէն կարելի էր ամէն տեղ հասնիլ:
Այսօր կրկին կը նայիմ լուսանկարին: Մարիզը, Մարիլուն: Ես` հեծանիւիս վրայ նստած: Հիմա կը նայիմ ու կը հասկնամ, որ Պէյրութի ոսկեդարուն վերջին տարիներն էին: Բայց մեզի այն օրը պարզապէս սովորական օր մըն էր, կեանքի մը մէջ, որ բնական ու մնայուն կը թուէր: Չէինք գիտեր, որ շուտով ամէն ինչ պիտի փոխուէր:

Եւ աւա՜ղ, այդ 70-ականներու Պէյրութը վաղուց չկայ այնպէս, ինչպէս մենք ճանչցանք զայն: Ճիշդ է, կեանքի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, բայց մեզի պատահածը պարզ փոփոխութիւն չէր: Աշխարհ մը, որուն շարունակութիւնը բնական կը թուէր, յանկարծ վերջ գտաւ: Մեր կեանքին մէջ գիծ մը քաշուեցաւ` անկէ առաջ եւ անկէ ետք:
Բայց թերեւս ամէն սերունդ իր Պէյրութը ունեցած է: Մեր տեսած ոսկի Պէյրութն ալ մեր որբ ու գաղթական մեծ հայրերուն Պէյրութը չէր: Անոնք հոն հասած էին չարչարանքէ ու կորուստէ ետք եւ իրենց համար քաղաքը նախ վերապրելու ու նոր կեանք կառուցելու վայր եղած էր: Մեր սերունդը արդէն ուրիշ Պէյրութ մը ժառանգեց` աւելի բարգաւաճ ու բաց: Բայց պատմութիւնը կարծես կրկին հասաւ մեզի: Քանի մը տասնամեակ ետք մենք ալ սկսանք հեռանալ ու ցրուիլ այն քաղաքէն, որ շատերուս ապաստան եղած է:
Երբեմն կը մտածեմ, թէ այդ Պէյրութէն որքա՛ն բան մնացած է մէջս: Տարբեր աշխարհներու մէջ հանգիստ զգալը, տարբեր մշակոյթներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը, աշխարհաքաղաքացիի այդ շունչը, հայ մնալով հանդերձ, ուրիշին աշխարհին բաց ըլլալը:
Քաղաք մը փոխուեցաւ: Մանկութիւն մը անցաւ: Բայց անոնցմէ բան մը մեզի հետ մնաց:
Ու երբեմն, երբ կ՛այցելեմ Լիբանան, վայրկեանուան մը համար ինքզինքս կրկին հոն կը գտնեմ: Նոյն ձայները կը լսեմ, նոյն հոտերը կու գան, նոյն ծովը դիմացս է: Բայց շուրջս այլեւս նոյն աշխարհը չէ:
Եա՜ Պէյրութ…
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները
Ա.- Կելիպոլի Տուն Թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն Ու Մեծ Մայրս


