Հայաստանի հաւաքականի պասքեթպոլիստ Եուրա Մելիքեան միացաւ Պուլկարիոյ «Պոթեւ 2012» ակումբին: 2026-2027 տարեշրջանին Վրացա քաղաքի խումբը հանդէս կու գայ Պուլկարիոյ պասքեթպոլի ազգային լիկային, իսկ իր դաշտին վրայի հանդիպումները պիտի կատարէ Պոթեւկրատի մէջ:
20 տարեկան պասքեթպոլիստը արդէն մասնակցեցաւ իր նոր ակումբին բարեկամական մրցումին` Լեւսքիի դէմ: Մելիքեան տապըլ-տապըլ իրագործեց 12 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, սակայն Պոթեւ 94-106 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Մելիքեան իր պատրաստութիւնները սկսած էր Պուլկարիոյ ախոյեան Պալքան խումբին հետ: Ան նոյնիսկ բարեկամական մրցում ալ կատարած էր Սքոփիէի դէմ նշանակելով 13 կէտ եւ 13 ռիպաունտ: Ան նոյնիսկ տարեշրջանի մեկնարկէն առաջ Պալքան ակումբին խմբային նկարին մէջ ալ ներկայ էր, սակայն վերջին վայրկեանին միացաւ Պոթեւին: Նախքան Պուլկարիա փոխադրուիլը, Մելիքեան Լաթվիոյ Լաթվիաս Ունիվերսիտատէ խումբին եւ զուիցերիական Սթրավինկս Պազել խումբին հետ կը խաղար:
Ամրան ան մասնակցած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ճի. Լիկ»-ին` Ռիօ Կրանտէ Վելլի Վայփըրզ խումբին հետ, բայց վերադարձած էր Եւրոպա:


