Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լեռը` Անսասան Կամքի Ու Ազգային Միասնութեան Խորհրդանիշ

September 24, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտը կը մնայ իբրեւ ազգային կամքի, հաւատքի, միասնականութեան եւ ինքնակազմակերպումի վկայութիւն մը:

Արդարեւ, աւանդութեան վերածուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացան համախմբելու Այնճարի հայութիւնը եւ աշխարհի տարածքին սփռուած եւ այս առիթով Այնճար ժամանած  մուսալեռցիներու սերունդները` ոգեկոչելու իրենց պատմութեան հերոսական էջերը եւ վերարժեւորելու այն ազգային արժէքները, որոնց շնորհիւ մուսալեռցին կրցաւ դիմադրել, վերապրիլ ու նոր հայրենիք մը կերտել:

Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, ամէնէն հանդիսաւոր փուլը` ժողովրդային տօնախմբութիւնը, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ: Տօնական ու հայրենաշունչ մթնոլորտի մը մէջ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, բազմահարիւր հայրենակիցներ ուղղուեցան դէպի Մուսա Լերան յուշարձան – համալիր, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Գարայեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն յիշատակը:

Ան ըսաւ, թէ 111 տարիներ առաջ մուսալեռցիները ընտրեցին պայքարը, արժանապատուութիւնն ու ապրելու սրբազան իրաւունքը` 40 օր շարունակ դիմադրելով մահուան: Այդ հերոսամարտի ոգին շարունակուեցաւ Այնճարի մէջ, ուր մեր պապերը ճահճահուտ հողը վերածեցին ամուր ու կենսունակ հայկական աւանի:

Գարայեան դիտել տուաւ, որ այսօր Այնճարը կը մնայ հայոց լեզուի, աւանդութիւններու, ազգային շունչի եւ համայնքային կեանքի պահպանման կենդանի վկայութիւնը` շեշտելով, որ Մուսա Լերան ոգին անցեալին չի պատկանիր, այլ կը շարունակէ ապրիլ Այնճարի հողին, քարերուն եւ նոր սերունդներուն սրտին ու մտքին մէջ:

Ան շեշտեց, որ 111-ամեակի այս փուլին մեր պարտաւորութիւնն է անեղծ պահել Այնճարի հայկական դիմագիծը եւ Մուսա Լերան պատգամը փոխանցել գալիք սերունդներուն` հաստատելով, որ Մուսա Լերան կանչը կը շարունակուի` դէպի աւելի հզօր Այնճար, դէպի հզօր հայրենիք եւ ամբողջական ազգային ապագայ:

Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Մարինէ Գարայեան եւ Սեւակ Հապէշեան:

Մուսա Լերան ոգին ու ազատատենչութիւնը, ազատ ապրելու եւ պատուով նահատակուելու անսասան կամքը, ինչպէս նաեւ հայրենի հողին կառչած մնալու եւ ազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելու միտքերը արտայայտող լոզունգներով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ Համազգային «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ ազգային հայրենասիրական փունջ մը  երգերով:

Ապա Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճի պարախումբը գեղեցիկ կատարումով մը ներկայացուց ժողովրդային պար մը, իսկ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտները նուագով ներկայացուցին «Գետաշէն» երգը:

Ապա հաղորդավարը յայտնեց, թէ  նահատակներուն յիշատակը կը յաւերժանայ այն ատեն, երբ անոնց գործը կը շարունակուի նոր սերունդներու վճռական կամքով ու հաւատքով: Ապա հաստատեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի տասնութ նահատակներու շառաւիղը կը հանդիսանայ Պետիկ Ինճէեանը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ հանդիսացաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակը` իր անունը անջնջելիօրէն փորագրելով հայրենիքի, Հայ դատի պաշտպանութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, եւ որուն նահատակութեան յիսնամեակն է  այս տարի:

Անդրադարձ մը կատարուեցաւ նաեւ, որ այս տարին  նահատակութեան քառասունամեակն է Զաւէն Թաշճեանին, որ կը մարմնաւորէ դաշնակցական մարդու պարզութեան, խորութեան, նուիրումի եւ անսակարկ հաւատքի կերպարը:

Յարգանքի եւ երախտագիտութեան այս խոր զգացումներով ժողովուրդը ունկնդրեց Պետիկ Ինճէեանի եւ Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին նուիրուած երգերը` լիբանանահայ սիրուած երգիչ Ղազար Քէօշկէրեանի մեկնաբանութեամբ եւ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ դիտել տուաւ, թէ ոգեկոչելով հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն նշանակալից էջերէն մէկը` Մուսա Լերան հերոսամարտը, կը վերահաստատենք, որ ասիկա միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ հայ ժողովուրդին կամքին, արժանապատուութեան, միասնականութեան եւ գոյատեւելու վճռականութեան խորհրդանիշը: Ան աւելցուց, թէ  մուսալեռցիները միայն զէնքի ուժով չպայքարեցան, այլ իրենց հաւաքական կամքով ընտրեցին արժանապատուութեամբ ապրելու, իրենց ինքնութիւնը պահպանելու եւ հայրենի հողին կառչած մնալու ուղին: «Այդ ոգիին շարունակութիւնը դարձաւ Այնճարը` Մուսա Լերան նոր տունը, հայկական բերդը, ուր սերունդէ սերունդ կը պահպանուին հերոսամարտի աւանդն ու ազգային դիմագիծը: Մուսա Լերան պատգամը յստակ է` չհրաժարիլ, չմոռնալ, չբաժնուիլ եւ հաւատարիմ մնալ այն հողին ու արժէքներուն, որոնց համար զոհուեցան մեր նահատակները», ըսաւ Պալապանեան:

ԿԿ-ի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ երբ կը խօսինք հողային արժէքներու մասին, չենք կրնար չխօսիլ նաեւ Հայաստանի մասին: Արդարեւ, Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարու հակադիր իրականութիւններ չեն, այլ նոյն ժողովուրդի կենսատարածքներն են` տարբեր դերերով ու պատասխանատուութիւններով: Առ այդ, Պալապանեան հիմնական նկատեց հեռու մնալ պառակտիչ քաղաքականութենէ, խտրութիւն չդնել հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն միջեւ, արժեւորել սփիւռքի ներուժը եւ զօրացնել հայրենի պետականութիւնը: Այս ծիրին մէջ ալ ան Մուսա Լեռը նկատեց միասնականութեան աղբիւր, պայքար` մեր իրաւունքներուն համար, հաւատք` ազգային մեր խորհրդանիշներուն ու ապագային հանդէպ, նաեւ յիշեցում` որ պատմութիւնը ոչ թէ վերաշարադրելու, այլ իւրացնելու եւ անոր պատգամը նոր սերունդներուն փոխանցելու պարտաւորութիւնը ունինք:

Ալպեր Պալապանեան շեշտեց, որ այսօր Մուսա Լերան ժառանգորդները` Այնճարէն մինչեւ Վագըֆ եւ մինչեւ հայրենի Մուսա  Լեռ, կը շարունակեն հերոսներուն ուխտը` ազատութեան դրօշը բարձր պահելով եւ պայքարելով վաղուան հզօր ու միացեալ հայրենիքի համար: Ան դիտել տուաւ, որ այս պայքարը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջը, սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը եւ հայկական Այնճարի ազգային դիմագիծի պահպանումը: Առ այդ, ան եզրափակեց, որ Մուսա Լերան նահատակներուն յիշատակը, ուրեմն, միայն հպարտութեան աղբիւր չէ, այլ սերունդներուն փոխանցուած պարտաւորութիւն` պահպանելու մեր ինքնութիւնը, զօրացնելու հայրենիքն ու պետականութիւնը, ամրապնդելու սփիւռքի հայկական ներկայութիւնը եւ միասնական ուժով կերտելու վաղուան ամբողջական հայրենիքը:

(Խօսքին ամբողջութիւնը):

Ապա ազգային հայրենասիրական երգերով մթնոլորտը խանդավառեց ու Մուսա Լերան ոգին գօտեպնդեց Ղազար Քէօշկէրեան:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Մուսա Լերան տհոլ զուռնայի կշռոյթներով կազմուած աւանդական շուրջպարով:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պարտաւորեցնէ Պահպանել Մեր Ինքնութիւնն Ու Այնճարի Հայեցի Դիմագիծը, Զօրացնել Հայաստանը Եւ Պահպանել Լիբանանի Հայկական Ներկայութիւնը*

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները

September 24, 2026
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Յայտարարութիւն

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.