ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ընկերային ցանցի իր պաշտօնական հարթակին վրայ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
ՀՄԸՄ Լիբանանի մարզական 2026-2027 տարեշրջանին կը պատրաստուի լրջօրէն: Իրենց փորձերուն սկսած են արդէն մասնաճիւղերու խումբերը, տարիքային խումբերը, ակադեմիաները եւ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ կը կազմակերպուին Նաւասարդեան մարզախաղեր:
Այդ խումբերէն ոմանք տարիներէ ի վեր կը մրցէին ախոյեանական իրենց դասակարգերուն մէջ, յատուկ արտօնութեամբ շրջանցելով արհեստավարժ դրութեամբ չգործելու ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովներուն որոշումները: Այժմ, Կեդրոնական վարչութեան որոշումով անոնք կը դադրին արհեստավարժ դրութիւնը կիրարկելէ:
Իրենց յատուկ կարգավիճակով եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տնօրինութեամբ կը շարունակեն գործել միայն պասքեթպոլի տղոց (Պէյրութ մասնաճիւղի) եւ աղջկանց (Անթիլիաս մասնաճիւղի) Ա. դասակարգի խումբերը, որոնց պատասխանատու կազմերուն եւ մարզիկներու շարքերուն մէջ կը կատարուին կարգ մը փոփոխութիւններ:
Փոփոխութիւնները բնական ու առողջ երեւոյթ են որեւէ միութեան որեւէ խումբին համար: Անցնող աւելի քան 100 տարիներուն մարզական բազմաթիւ յանձնախումբեր, մարզիչներ եւ մարզիկներ իրենց ներդրումը ունեցած են միութեան մարզական կեանքին, իւրաքանչիւրը իր կարեւոր նպաստը բերելով ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւններուն եւ այդ յաջողութիւններուն ստեղծած խանդավառութեան եւ մթնոլորտին մէջ: Յաջողութիւններ, որոնք պայմանաւորուած չեն անձերով, այլ` միութենական հաւաքական աշխատանքով եւ շարունակականութեան սկզբունքին պահպանումով:
Առ այդ, կու գանք տեղեկացնելու, որ`
ա) 2026-2027 տարեշրջանին ՀՄԸՄ Լիբանան պիտի շարունակէ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց իր ներկայացուցչական խումբերով մասնակցիլ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
բ) ՀՄԸՄ պիտի ունենայ լաւ արդիւնքներու ձգտող մրցունակ խումբեր, որոնք ճիգ պիտի չխնայեն իրենց յաջողութիւններով գրաւելու միութեան արժանավայել դիրքեր:
գ) Լիբանանեան պասքեթպոլի ֆետերասիոնին օրէնքներով` ՀՄԸՄ-ի խումբերուն պիտի շարունակեն մաս կազմել օտար` ոչ լիբանանցի խաղացողներ:
դ) ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց խումբերուն նոր մաս կազմող մարզիկ-մարզիկուհիներու անուններուն յայտարարութիւնը պիտի կատարուի պարբերաբար, պաշտօնական համաձայնութիւններու ստորագրութենէն անմիջապէս ետք:
Առ այդ, համակիրներ կրնան վստահ ըլլալ, որ ՀՄԸՄ-ի մարզական երթը, անցեալին նման, պիտի շարունակուի դէպի յաղթանակ ընթանալու մնայուն կամքով, անշահախնդիր նուիրումով եւ նորանոր յաջողութիւններով:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտական թէ մարզական բոլոր տեղեկութիւններու եւ նորութիւններու մասին լիբանանեան մարզասէր շրջանակները կը տեղեկացուին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին պաշտօնական տեղեկատուական միջոցներով եւ յայտարարութիւններով:


