Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար երէկ ընդունեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի պատուիրակութիւնը, որ երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ վերադարձած էր Հարաւային Քորէայէն, ուր դաշտին տիրոջ դէմ մրցում կատարած էր (երեքշաբթի օր)` Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով:
Այս հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ Ժորժ Շահին:
Նշենք, որ Լիբանան Դ. հանգրուանի ծիրին մէջ ցարդ իր կատարած երեք մրցումէն ապահոված է միայն կէտ մը` պարտուելով Քաթարէն (1-0) եւ Հարաւային Քորէայէն (3-0), իսկ հաւասարութիւն մը արձանագրելով Ուզպեքիստանի հետ:
Լիբանան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին` հիւրը ըլլալով Իրանի:


