ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Արաքսի Տապաղեան եւ դուստրը` Մէյրի
Տէր եւ տիկին Արթիւր եւ Սօսի Տապաղեան
Տէր եւ տիկին Աւագ եւ Նորմա Տաքէսեան եւ զաւակունք
Տիկին Սոնիա Քէսթէնեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Հելէն Սէմէրճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Անժէլ Պերղութեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Արփինէ Ոսկեանի ընտանիք
Տաքէսեան եւ Դագէսեան ընտանիքներ
Քէօշկէրեան եւ Սաչեան ընտանիքներ
Ոսկեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Պերղութեան եւ Սէմէրճեան ընտանիքներ
Ուստաքարայեան եւ Ղարիպեան ընտանիքներ
Վահէճեան եւ Էմմանեան ընտանիքներ
Գալայճի եւ Տուրաք ընտանիքներ
Մեզա եւ Թապուլա ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՃՈՐՃ ՏԱՊԱՂԵԱՆԻ (KING GEORGE)
(Ծնեալ` 1934-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 19 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ճիւնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 20 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ: Կարելի է նաեւ հեռաձայնել 03-918444 թիւին:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւն կատարել եկեղեցւոյ:
————————————–
Կազմակերպութեամբ
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 111-ԱՄԵԱԿԻ
Եւ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 87-ԱՄԵԱԿԻ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Պատգամախօս`
ԸՆԿ. ԱԼՊԵՐ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ
Գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ` երգիչ ՂԱԶԱՐ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆի,
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» երգչախումբին եւ գիւղիս վարժարաններու աշակերտութեանց:
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրի շրջափակին մէջ:
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՇԽՈՒՄ
Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————–
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն` հայրենիքին վերանկախութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով: Սուրբ պատարագը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 10:00-ին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սուրբ պատարագին, որպէսզի միասնական աղօթքներով խնդրենք Ամենակալէն, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր հայրենիքը եւ զայն փրկէ ամէն տեսակ փորձութիւններէ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՄԻՆԷ ՄԵԼԻՔՍԷԹԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2026-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


