Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց. «Բանակցութիւններուն մէջ անել կացութեան եւ հաղորդակցութիւններու կամ խոստումներու ամլութեան հասանք: Մեզի կը մնայ հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին օգնելու ծրագիր եւ դիմացկունութեան ներքին ծրագիր մշակել: Բա՛ւ է պատրանքներ ունենալ»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում պիտի ունենան` քննարկելու եռակողմ շրջագիծին վերաբերող զարգացումներն ու գործադրութիւնը»:

. ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին մէջ. «Հակառակ այն իրողութեան, որ բանակցութիւնները սեպտեմբերին որոշուած ժամկէտին պիտի չգումարուին, սակայն Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում պիտի ունենան` զարգացումները քննարկելու համար»:

. «ԱՍԱՍ». «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու 8-րդ փուլը յետաձգուեցաւ հոկտեմբերին: Լիբանանեան կողմը յետաձգումը կը բացատրէ բանակին ու ապահովական ուժերուն աջակցութեան նախապատրաստական խորհրդաժողովով զբաղուածութեամբ, եւ ատոր վրայ եկան աւելնալու հրէական տօներն ու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի պատրաստութիւնները»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Յառաջիկայ հոկտեմբերէն առաջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններ չկան, մինչ Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններուն միջեւ հանդիպում մը, որ հաղորդակցութեան կապը բաց պահելու եւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան հետեւելու ամերիկեան փորձ մըն է»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանան հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքին մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մէջ գումարուլիք ժողովներուն: Լիբանանեան բանակը կը նախընտրէ, որ այդ ժողովին քաղաքային պատուիրակութիւն մը մասնակցի, եւ նիստը գումարուի Փարիզի խորհրդաժողովէն ետք»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան մինչեւ երէկ Ուաշինկթընէն բանակցութիւններու որեւէ թուական չստացաւ, նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ ըսին, թէ բանակցութիւններու նոր թուականի վերաբերեալ որեւէ հաստատում գոյութիւն չունի»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած են երկու նշանակալի միջոցառումներ. առաջինը բանակին աջակցելու խորհրդաժողովն է, իսկ բանակցութիւններու նոր փուլին համար վերջնական թուականը տակաւին յայտնի չէ: Բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովը տակաւին կ՛ընթանայ ըստ ժամանակացոյցի եւ կարեւորագոյն փուլ է»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Յառաջիկայ հինգշաբթի օր տեղի ունենալիք նախապատրաստական խորհրդաժողովը պիտի հանդիսանայ բանակին ու ապահովական ուժերուն աջակցելու խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու կարեւորագոյն քաղաքական եւ թեքնիք փուլ: Բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ քաղաքական լայն մակարդակով, եւ անոր թուականը տակաւին որոշուած չէ»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան բանակցութիւններուն վերաբերեալ որեւէ նորութիւն չստացաւ, եւ յայտնի դարձաւ, թէ իշխանութիւնը կրնայ վերապահութիւն յայտնել Իսրայէլի կողմէ «լրատուամիջոցներու ճամբով» առաջարկուած թուականին նկատմամբ»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փարիզ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին, մանաւանդ որ անիկա Լիբանանի համար, մասնաւորաբար ներկայ փուլին, հրատապ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ, լիբանանեան բանակին ուսերուն դրուած պարտականութիւններուն պատճառով»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլ, շրջագծային բանաձեւին յանձնառու չըլլալուն պատճառով բանակցութիւնը դէպի վատ ուղի տարաւ: Փոխանակ բռնագրաւուած շրջանները կրճատելու, ան դիտաւորեալ կերպով դիմեց բռնագրաւուած շրջաններու ընդլայնման եւ անոնց նոր շրջաններու կցման, ինչ որ լիբանանեան միաձայն մերժումի արժանացաւ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ընտրութիւնները կրնան իսրայէլեան կառավարութիւնը մղել ճակատները բռնկած վիճակի մէջ պահելու` արտաքին սպառնալիքներուն նկատմամբ տեղական հետաքրքրութեան մակարդակը բարձրացնելու համար»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Այն, ինչ որ խորհրդարանի նախագահ Պըրրի յայտարարեց, ամէնէն մօտն է իսրայէլեան գնահատման իրականութեան. Թել Աւիւ բանակցութիւններու փուլերու միջեւ եղող ժամանակը կը դիտարկէ իբրեւ կարելիութիւն` Հըզպալլայի ձեռքը գտնուող իշխանութեան յաւելեալ քարտեր ստանալու համար` առանց Լիբանանի պետութեան անոր դիմաց որեւէ բան առաջարկելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Մեծագոյն մտավախութիւնը այն է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող հողերը կրնան գնուիլ միջնորդական պայմանագիրներով, որոնք կրնան ապահովուիլ ոչ լիբանանցի անձերու կողմէ, որոնք կրնան զանոնք վերավաճառել իսրայէլացիներուն, որոնք հետագային, խաղաղութեան համաձայնագիրէն ետք զանոնք ձեռք կը բերեն: Նման բան նախապէս ալ պատահած է պաղեստինցիներուն»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահի Նապաթիէ այցելութիւնը հարաւային Լիբանանի հողին վրայ, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի մէջ պետութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու համար էր, անիկա հակադարձութիւն էր բոլոր անոնց, որոնք լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութիւնը տարածելու պետութեան կարողութենէն ու վճռակամութենէն կը կասկածին»:

. ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարութենէն աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Տակաւին օրերու եւ տոլարներու լիցքաւորման չեղարկման վերաբերեալ որոշում չկայ: Հարցը քննարկելու համար ժողովներ կը գումարուին, եւ ընկերութիւնները իրենց առաջարկները կը ներկայացնեն նախարարին, որպէսզի անոնք ուսումնասիրուին, եւ յարմար որոշումը տրուի»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Շիի հեղինակութեան մը ժառանգորդութեան համար գաղտնի մրցակցութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին` մօր աջակցութիւնը վայելող որդիին եւ 2005 թուականէն առաջ ապահովական մարմիններու մաս կազմող գործիչներու հետ կապեր հաստատելու փորձ կատարող մէկ այլ անձի մը միջեւ: Որոշիչ գործօնը պիտի ըլլայ այն, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ հարաւային Լիբանանի ընտրաշրջանին մէջ իբրեւ թեկնածու որդեգրուելու պայքարին մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վատիկանի հիմնարար մտահոգութիւնը ամբողջ հարաւային Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ գիւղերուն համար է, եւ ոչ թէ` միայն որոշակի շրջանի համար: Հարցը քարտէսի վրայ քանի մը լրացուցիչ քիլոմեթրի մասին չէ, այլ երկրի ինքնութիւնը ուժի կիրարկման ճամբով վերաձեւաւորելու կարելիութեան մասին է»:

. ՎԱՏԻԿԱՆԻՆ մօտիկ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Տարբերութիւնը խորքային է. երբ հողդ բռնագրաւուած է, դուն, միջազգային օրէնքի համաձայն, կը պահես ատոր վերադարձը պահանջելու իրաւունքը, եւ այդ իրաւունքը ժամանակի ընթացքին չի մարիր, որովհետեւ բռնագրաւումը բռնագրաւողին հողի սեփականութեան իրաւունք չի տար»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական դիրքորոշման հետեւող աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ալի Թահերի մէջ գաղտնի գործարք տեղի ունեցած ըլլալու մասին ցուցանիշեր չկան. ընդհակառակն` առաջարկուած բոլոր տարբերակները անելի կացութեան մատնուեցան»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սուլէյման Ասատը ձերբակալուած է խուզարկութիւններու ժամանակ, ձերբակալուածները տեղափոխուած են Ապլահ զօրանոց, իսկ Դամասկոսը կը պահանջէ զինք արտայանձնել սպանութեան եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան մեղադրանքով, առանց մեղադրանքի բնոյթը պարզաբանող մանրամասն պաշտօնական հաղորդագրութեան»:

. ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ վարչութիւններ «Ախպար» օրաթերթին. «Դպրոցական փոխադրութեան գինը ուղղակի կերպով ազդուեցաւ վառելանիւթի գիներու տեղական մակարդակի վրայ ոստումներէն, որոնք միայն շաբաթական սակացոյցերուն հետ կապ չունին, այլ նաեւ` շրջանային կացութեան ուղղակի հետեւանքներուն հետ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Կրթութեան նախարարին կողմէ շարք մը պետական միջնակարգ դպրոցները` ծախսերը կրճատելու պատրուակով, յատկապէս փոքրաթիւ աշակերտներ ունեցող դպրոցները միաւորելու որոշման դէմ բողոքի ձայները կ՛աճին»:

 

 

Նախորդը

Պաքու Կը Պնդէ. «Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային Ամբողջ Ժառանգութիւնը Պաշտպանուած Է»

Յաջորդը

Նախկին Նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի Սպանութեան 44-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.