ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԳԷՈՐԳ ՓՈԼԱՏԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2026-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Ասեղնագործութեան Անվճար Դասընթացք
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր նախնիներուն սուրբ եւ տոհմիկ աւանդութիւնները պահելու համար եւ զանոնք նորահաս սերունդին փոխանցելու մտադրութեամբ, հայկական ասեղնագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն` Մարաշի ասեղնագործութեան անվճար դասընթացք մը պիտի կայանայ միութեան տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ձեռագործը ուսուցանողն է տիկին Տիգրանուհի Ճինպաշեանը:
Դասընթացքը պիտի սկսի 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, միութեանս «Գերմանիկ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 7:00` մէկ ամսուան տեւողութեամբ:
Փափաքող կիները կրնան կապ հաստատել միութեան գրասենեակին հետ, ամէն օր բացի շաբաթ օրերէն, հեռաձայնելով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 5:00, հետեւեալ թիւին` 01-269937, կամ տիկնանց միութեան անդամուհիներուն` 70-165973, 70-493270:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

