Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան կարելիութիւն ստացաւ պայքարելու «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրինսթայլ» («ՌԱՖ») լիկայի թեթեւագոյն կշիռի տիտղոսի գօտիին համար:
18 սեպտեմբերին Մայեմիի մէջ տեղի ունենալիք «ՌԱՖ-13» մրցաշարքին, երկու անգամ Ողիմպիական խաղերու մասնակցած Յարութիւնեան պիտի մրցի այժմու տիտղոսակիր Օսթըն Տէ Սանթոյի դէմ:
Յարութիւնեան մինչեւ օրս երկու ելոյթ ունեցած է «ՌԱՖ»-ի մրցաշարքին` յաղթելով երկուքին ալ: Ան 14-4 առաւելութեամբ յաղթած էր Քէյլեպ Սմիթին, ապա երկրորդին` Պեն Տավինոին, 6-5 արդիւնքով:
Այժմ անոր կը սպասէ գլխաւոր մարտահրաւէրը` ախոյեանութեան տիտղոսին համար գօտեմարտը:
Անոր մրցակից Օսթըն Տէ Սանթոս «ՌԱՖ»-ի լիկային մէջ տակաւին պարտութիւն չէ կրած: Ամերիկացին կատարած է երեք գօտեմարտ եւ յաղթած երեքին ալ: Ան գօտին նուաճեց յաղթելէ ետ Նէյթըն Թոմազելոյին (11-1), իսկ յետոյ պաշտպանեց իր տիտղոսը Ռէյների Օրթեկայի դէմ:
2026-ին Տէ Սանթոս նոյնպէս մեծ յաջողութիւններու հասած է միջազգային ասպարէզին մէջ: Ան դարձած է Փան-Ամերիքըն մրցաշարքի ախոյեան մինչեւ 61 քկ կշիռի կարգին մէջ, ինչպէս նաեւ յաղթած է ըմբշամարտի Զաղրեպի մրցաշարքին:
Յարութիւնեան տիտղոսային մենամարտին կը մօտենայ միջազգային մեծ փորձառութեամբ: Հայ ըմբիշը 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան է, Ողիմպիական խաղերու մասնակից (2 անգամ) եւ 3 անգամ պրոնզէ մետալակիր` աշխարհի ախոյեանութեան(2021-2022-2023):
Հետաքրքրական է, որ Յարութիւնեան եւ Տէ Սանթոս մրցակցութիւնը կրնայ շարունակուիլ նաեւ համաշխարհային հարթակի վրայ: Երկու ըմբիշներն ալ շատ հաւանաբար մասնակցին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:
Եթէ Յարութիւնեան որոշէ իր սովորական 57 քկ կշիռին փոխարէն մասնակցիլ մինչեւ 61 քկ կշիռի մրցումներուն, երկու ըմբիշները կրնան իրար հանդիպիլ:


