Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնը վերջերս նախաձեռնած էր մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաւաքականի անդամներ Էլինա Աւանէսեան (թիւ 159) եւ Ալինա Չարայեւա (թիւ 108) իրենց ապագայի ծրագիրներուն մասին խօսեցան:
Ըստ երեւոյթին, անոնց գլխաւոր նպատակն է Ողիմպիական խաղերու աւարտական հանգրուան հասնիլը` 2028-ին Լոս Անճելըսի մէջ:
Էլինա Աւանէսեան, որ 2024-ի օգոստոսէն ի վեր միջազգային մրցաշարքերուն կը ներկայացնէ Հայաստանը, նշած է, որ Ողիմպիական խաղերուն մասնակցութիւնը իր ասպարէզի գլխաւոր նպատակներէն մէկն է:
«Պարզապէս պէտք է շարունակենք քրտնաջան աշխատիլ, քիչ մը աւելի մեծ ջանք թափել եւ բարձրանալ ընդհանուր դասաւորման մէջ, որպէսզի ի վերջոյ հասնինք Ողիմպիական խաղերուն:
Հայաստանի հաւաքականին հետ «Պիլի Ճին Քինկ» բաժակի յաղթանակը եւ յաջորդ փուլ հասնիլը բան մըն էր, որ ես երբեք պիտի չմոռնամ», ըսած է Աւանէսեան:
2026-ի յունիսին Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի իր առաջին ելոյթը ունեցած էր «Պիլի Ճին քինկ» (աղջկանց «Տէյվիս Քափ»-ը) բաժակի մրցաշարքին` Սան Մարինոյի մէջ: Մրցաշարքի յաջող արդիւնքներով Հայաստան բարձրացած էր Բ. կարգի խումբերու մակարդակին:
Աւանէսեան խոստովանած է, որ մեծ հաճոյքով կը մասնակցի ազգային խումբին հետ եւ կը շարունակէ սորվիլ հայերէն:
«Ես շատ ոգեւորուած եմ: Իմ կողքիս հիանալի խումբ ունիմ, մեր բոլոր աղջիկներն ալ շատ լաւ են», աւելցուց Աւանէսեան, որ յայտնեց, թէ արդէն իսկ սորված է հայկական այբուբենը: Ան իր մանկութեան տարիներուն իր ընտանիքին հետ արցախեան բարբառով կը խօսէր, սակայն հայերէնին ամբողջութեամբ չէ տիրապետած:
Ալինա Չարայեւա, որ 2026-էն ի վեր Հայաստանի հաւաքականը կը ներկայացնէ, իր կարգին խօսեցաւ նոյն ծրագիրին մասին:
«Ինծի համար մեծագոյն նպատակն է մասնակցիլ Լոս Անճելըսի Ողիմպիական խաղերուն: Հայաստանի համար ատիկա իւրայատուկ իրադարձութիւն պիտի ըլլայ: Յոյս ունիմ այս հրաշալի երկրին համար մետալ մը նուաճել: Այժմ պէտք է փորձենք բարձրանալ դասաւորման մէջ, որպէսզի կարենանք մասնակցիլ 2028-ի Ողիմպիական խաղերուն»:
24 տարեկան Չարայեւա ստացած էր Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ արդէն սկսած էր միջազգային մրցաշարքերուն հանդէս գալ հայկական դրօշին ներքեւ: Աւելի կանուխ ան բարձր դիրքեր գրաւած էր «Այ.Թի.Էֆ.» պատանիներու դասաւորման մէջ` գրաւելով մինչեւ 12-րդ դիրքը:
Ան պատմած է, որ առաջին անգամ այցելելէ ետք Հայաստան շատ տպաւորուած էր ընդունելութեամբ:
«Այստեղ մարդիկ կը ցուցաբերեն շատ ջերմ ընդունելութիւն, որ բառերով նկարագրելը դժուար է: Ինծի պատիւ է ներկայացնել Հայաստանը», ըսած է Չարայեւա:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան նշեց, որ Աւանէսեանի եւ Չարայեւայի ելոյթներու կարեւորութիւնը կ՛օգնէ միջազգային ասպարէզին մէջ երկրի ճանաչելի դառնալուն:
Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք, Աւանէսեան եւ Չարայեւա կը մեկնին Պրազիլ, ապա կը մասնակցին Ասիոյ մէջ տեղի ունենալիք Չինաստանի եւ Քորէայի թենիսի մրցաշարքերուն: Աւելի ուշ, երկու թենիսվումընները կը սկսին պատրաստուելու 2027-ի տարուան նախապատրաստութիւններուն եւ կը մասնակցին Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքին:
Յառաջիկայ երկու տարիներուն գլխաւոր խնդիրն է դասաւորման դիրքերը բարելաւելը, ինչ որ կրնայ օգնել պայքարելու Լոս Անճելըս 2028 Ողիմպիական խաղերու ուղեգիրի համար:


