Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ կազդուրման կայանի մանուկներուն միօրեայ պտոյտը դէպի «Սուինկզ» անտառ-խաղավայրը:
Նախաճաշէն ետք, անոնք իրենց եւ խաղավայրի պատասխանատուներու հսկողութեամբ երեք ժամ այլազան օգտաշատ խաղեր խաղացին բնութեան գիրկը:
Ապա, կէսօրուան դադարին, միասին ճաշեցին` հիւրը ըլլալով Պօղոս եւ Ժիլտա Զէյթլեան ամոլին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի ԼՕԽ-ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Ապա մասնակցողները շտապ օգնութեան մասին հիմնական գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ ստացան իրենց պատասխանատուներուն կողմէ:
Ի վերջոյ փոքրիկները ուրախ, բարձր տրամադրութեամբ, հաճելի յիշատակներով գրենական պիտոյքներով լեցուն ծրարներով վերադարձան իրենց ծնողներուն:
Այս նախաձեռնութեան մէջ իրենց կազմակերպչական ներդրումը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբն ու Այնճարի մասնաճիւղի անդամները, որոնք ճիգ չխնայեցին կազդուրման կայանի մանուկներուն ուրախ օր պարգեւելու:
Յատուկ շնորհակալութիւն Զէյթլեան ամոլին, ԼՕԽ-ի բարեկամներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակեցին կազդուրման կայանի փոքրիկներուն միօրեայ պտոյտի յաջողութեան:


