Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 9, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, թէ գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն մը գումարելու կառավարութեան գործունէութեան ընդհանուր քննարկման խորհրդարանական նիստ մը, որ, ինչպէս կը սպասուի, պիտի հրաւիրուի յաջորդ շաբաթ, յատկապէս որ օրէնսդրական վերջին նստաշրջանին մէջ քանի մը խորհրդարանական պահանջներ կային կառավարութեան գործունէութեան քննարկում կամ հարցումներ ուղղելու վերաբերեալ:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Ալի Թահեր բլուրի գրաւումէն ետք դէպի Պէյրութ ու Պեքա ճամբան բաց է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կը ցնցուի ամբողջ շրջանը` հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Եմէն, Իրաք, Իրան եւ հասնելով Այսրյորդանան, որ կը թուի, թէ վտանգաւոր զարգացումներու եւ զայն գրաւելու Իսրայէլի յստակ փորձի մը եզրին կը գտնուի»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հռոմի մէջ բանակցութիւններու թուական ճշդելը կամ չճշդելը այլեւս խնդիր չէ, խնդիրը բանակցութիւններուն օրակարգն է, որովհետեւ Իսրայէլ կը մերժէ ընտրութիւններուն նախօրեակին որեւէ զիջում կատարել, եւ այն կարծիքը ունի, թէ գետնի վրայ կ’արձանագրէ ձեռքբերումներ, որոնք պէտք է քաղաքականութեան մէջ արձագանգ գտնեն»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ պատրաստ է 11 սեպտեմբերին հրէական նոր տարուան տօնէն ետք բանակցութիւններու 8-րդ փուլը գումարելու: Քաղաքական բանակցութեան նիստը պիտի գումարուի 14 եւ 15 սեպտեմբերին Հռոմի կամ Յորդանանի մէջ, իսկ զինուորական պատուիրակութեան ժողովները պիտի գումարուին ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի ջանքը անջատ մնաց քաղաքական հոլովոյթէն, որովհետեւ զուգադիպեցաւ 3 անձերու առեւանգման փորձին ու գերիներու հարցը կապելու աճիւններուն լիբանանցի հրեաներուն, որոնց թղթածրարը չէր ներառուած շրջագծային համաձայնագիրին մէջ, եւ կարգ մը գերիներու ազատ արձակումը ապացուցեց, թէ Ամերիկան անկարող է Իսրայէլի որոշումին մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ուաշինկթըն լիբանանեան պետութեան յայտնեց, որ Իսրայէլի Նապաթիէի եւ անոր մերձակայքին մէջ մագլցումին պատճառը իսրայէլեան բանակին վրայ յարձակումը, անօդաչու թռչող սարքեր արձակելը եւ այդ շրջանին մէջ կուսակցութեան կատարած շարժումներն են, ինչ որ Իսրայէլը կը մղէ ուժեղ եւ վճռական կերպով հակադարձելու»:

. ԵՒՐՈՊԱՑԻ դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումը անակնկալ չէր, այլ սպասելի` հաշուի առնելով շարունակուող զինուորական գործողութիւնները, որոնք շարունակուեցան հակառակ զինադադարի համաձայնագիրին եւ չդադրեցան` հակառակ ուղղակի բանակցութիւններու ընթացքին վրայ անոնց ունեցած ուղղակի բացասական ազդեցութեան»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական զարգացումները` իսրայէլեան յարձակումներու ընդլայնումով եւ Նապաթիէ քաղաքի ու անոր մերձակայքին վրայ կեդրոնանալով, եւ հասնելով մինչեւ Ժապալ Ռէյհան, իր վրայ կեդրոնացուց լիբանանեան պետութեան ուշադրութիւնը: Նախագահական պալատին, վարչապետարանին եւ Այն Թինէին միջեւ ու արտասահմանին հետ հաղորդակցութիւնները լուսարձակներէ հեռու աշխուժացան»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Անցնող ժամերուն դիւանագիտական ու ապահովական խողովակներու ճամբով, մասնաւորաբար ամերիկեան կողմին հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան` Իսրայէլի յարձակողականութիւնը զսպելու համար»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, մաս կը կազմէ իսրայէլեան աւելի ընդարձակ ծրագիրի մը` ամբողջացնելու Հըզպալլայի ենթակառոյցներու քանդումը եւ պարտադրելու ապահովական նոր շրջան մը, որ Լիթանիէն հարաւ յայտարարուած շրջանէն անդին կ՛անցնի»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Այսօր հարցումը այն է, թէ Իսրայէլ կանգ պիտի առնէ՞ սահմանին վրայ Ալի Թահեր բարձունքներուն, զորս ըստ թշնամիի պնդումներուն, կը պատրաստուի պայթեցնել, եւ ատոր համար անհրաժեշտ պատրաստութիւնները կը տեսնէ, թէ՞ աւելի ընդարձակ բռնագրաւում մը կը ծրագրէ»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի սեփական աղբիւր մը. «Ալի Թահեր բարձունքներու գրաւումը այլեւս միակ ռազմավարական նպատակը չէ Իսրայէլի, որ կրցաւ զայն իրագործել: Ան պիտի շարունակէ շրջաններ գրաւել, մինչեւ որ հասնի ամբողջ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի, իր խօսքով, «վերջնական զինաթափման»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի սեփական աղբիւր մը. «Թշնամիին ծրագիրը այլեւս յստակ է. ան կը պատրաստուի վերականգնել դատարկելու կրկներգը եւ թիրախաւորել ենթակառոյցներն ու հիւանդանոցները, եւ ատիկա մտածել կու տայ, թէ մտադիր է իր ամբողջովին քանդած Պընթ Ժպէյլի բնորդը կիրարկել Նապաթիէի մէջ, որ նոյն աւերումին պիտի ենթարկուի»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 28000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.630.000 լ.ո.-ի եւ 2.648.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 13000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.487.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 23000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.190.000 լ.ո.-ի:

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ղատիր Հարիս

Յաջորդը

Յորդանանեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանին Սուրիոյ Ճամբով Բնական Կազ Մատակարարելու Անհրաժեշտ Համաձայնութիւններուն

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.