. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ ամերիկեան կողմին միջեւ տեղի ունեցան հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին Ուաշինկթըն Լիբանանի պետութեան յայտնեց, որ իր կարելին կ՛ընէ կացութիւնը զսպուած ու վերահսկողութեան տակ պահելու եւ համապարփակ պատերազմի վերածուիլը կանխարգիլելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կը սպասուի, որ ամերիկեան կողմը այս շաբաթ Պաապտայի պալատին փոխանցէ թուականը Հռոմի բանակցութիւններուն, որոնց շարունակման վրայ կը պնդէ Ուաշինկթըն, մանաւանդ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի Նեթանիահուն շարք մը գերիներ ազատ արձակել համոզելու յաջողելէն ետք»:
. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայան. «Նախագահական պալատը տակաւին պաշտօնապէս Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլի թուականը չստացաւ: Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններու երրորդ փուլը գումարուի Փարիզի մէջ սեպտեմբերի կիսուն նախատեսուած լիբանանեան բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովէն ետք»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կարգ մը գերիներ ազատ արձակելու քայլը չի վճռեր առկախ մնացած հարցերը, որոնց գլխաւորները իսրայէլեան զինուորական ներկայութիւնը, լիբանանեան բանակի տեղակայումն ու անոր կարողութիւնները ամրապնդելը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի անկախ զինանոցն են»:
. ՆԱՊԱԹԻԷ շրջանէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նապաթիէի եւ Արապսալիմի մէջ իսրայէլեան վերջին մագլցումը շրջանին մէջ արագացող զարգացումներէն անջատ չէր»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Եւրոպական ընդլայնուած պատուիրակութիւն մը տասը օրէն պիտի հասնի Պէյրութ` լիբանանեան բանակին աջակցելու, ծանօթանալու անոր կարիքներուն եւ յառաջիկայ փուլին պահանջածներուն, ներառեալ ցամաքային սահմաններուն վրայ գտնուող զօրամասերուն կացութիւնը դիտարկելու»:
. ՌՈՒՍԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Ռուսիա գտնուող սուրիացի սպաներուն արգիլուած է սուրիական ներկայ վարչակարգին դէմ քաղաքական որեւէ գործունէութիւն ունենալ կամ աշխատանք կատարել: Արգելքը կը ներառէ Դամասկոսի մէջ գոյութիւն ունեցող իշխանութեան դէմ յայտարարութիւններ կամ որեւէ քայլ կատարելը»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Եարզէի կողմէ իր անդամներուն իր հրահանգներուն եւ անոնց տրուած խնդիրներուն յանձնառութեան վրայ դրած շեշտադրումը կը պարունակէ յստակ ուղերձ, թէ բանակը բանակցային անկախ կողմ չէ եւ սահմանադրական հաստատութիւններէն դուրս պարտադրուած պայմաններու կատարման գործիք պիտի չդառնայ»:
«Բանակի յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ակնարկուի միջազգային միջնորդներու ներգրաւման մասին` ընդգծելով, որ Լիբանանը չի մերժեր Հարաւի մէջ նոր անվտանգութեան կարգաւորումներու քննարկումը, սակայն կը մերժէ արտօնել, որ այդ կարգաւորումները վերածուին Իսրայէլի կողմէ բանակին տրուած ուղղակի թելադրանքներու», կ՛աւելցնէ օրաթերթը:
. ԲԱՆԱԿԻ աշխատանքին հետեւող նախարարական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ կը փորձէ ճակատումին մէկ մասը Հռոմի մէջ ձախողած բանակցութիւններու սեղանէն տեղափոխել Եարզէի վրայ հոգեբանական ու քաղաքական ճնշումի ոլորտ` կատարելով սպրդումներ, որոնք կը թիրախաւորեն անոր դերը, առաքելութիւնը, տեղակայումը եւ իրմէ պահանջուածը գործադրելու կարողութիւնը»:
. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի թղթածրարին հետեւող դիւանագիտական աղբիւր մը. «Լիբանանեան բանակը կատարեց իրեն վստահուածը իրեն տրուած կարելիութիւններուն եւ հանգամանքներուն ծիրին մէջ: Պէտք չէ բանակը գնահատուի իսրայէլեան յարձակումներն ու գործողութիւնները կանխարգիլելու անոր կարողութեամբ, որովհետեւ ատիկա կը գերազանցէ անոր առաքելութիւնն ու կարողութիւնները, այլ` իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ պետութեան ներկայութիւնը հաստատելու եւ ամրապնդելու անոր կարողութեամբ:


