ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Չեմ կրնար ըսել, որ Լեւոն Թուխիկեանը ուսանողական տարիներու իմ մտերիմ ընկերներէն եղած է, սակայն լրիւ ճշմարտութեան կը համապատասխանէ, եթէ ըսեմ, որ ան ինծի համար ոչ միայն համակրելի ու վստահելի ընկեր մըն էր, այլ նաեւ յարգանքի արժանի ու գնահատելի բացառիկ երեւոյթ մը` հայրենի թատերական կեանքէն ներս:
Սկզբնական շրջանին իմ կապը իրեն հետ ընտանեկան բնոյթ ունէր, աւելի քան` մշակութային: Ան կողակիցն էր Աննա Պետրոսեանի (որուն մասին պարբերաբար անդրադարձած եմ յուշերուս մէջ) եւ հայրը` երկու ուշիմ, կիրթ եւ վայելուչ աղջիկներու` Արմինէի եւ Նարինէի: Այս վերջինի հետ երբեմն կ՛այցելէի իրեն «Բաղրամեան» պողոտայի վրայ գտնուող իր բնակարանը, ուր մեր զրոյցները կ՛ընթանային աւելի ընկերային եւ ազգային հարցերու շուրջ, քան` թատերական կամ առհասարակ արուեստի: Սակայն ժամանակ մը ետք թէ՛ մեր զրոյցներու բնոյթը փոխուեցաւ եւ թէ՛ իրեն հանդէպ ունեցած իմ համակրանքն ու գնահատանքներս աճեցան` իբրեւ դերասանի, ու սկսայ աւելի խորանալ թէ՛ իր եւ թէ՛ առհասարակ թատերական արուեստի մէջ… եւ ոչ միայն` թատերական արուեստի: Պատճառը «Ռիչարդ Գ.»-ի շէյքսփիրեան կերպարի իր իւրօրինակ մեկնաբանութիւնն ու բացառիկ խաղարկութիւնն էր, որ կը թափանցէր մինչեւ իսկ էութեանս կոյս բաւիղներէն ներս… իբրեւ ժամանակի մոխիրներէն յառնած փիւնիկ, առանց սակայն տրամաբանական լուծումներ ու ճշգրիտ եզրայանգումներու առաջնորդելու զիս:
Մինչ այդ ինծի ծանօթ էին Շէյքսփիրի գլուխ գործոցներէն հետեւեալները միայն. «Մաքպեթ», «Համլեթ», «Օթելլօ», «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» եւ «Վենետիկի վաճառականը»: Կը կարծէի, թէ իբրեւ գրականագէտ` Շէյքսփիր հասկնալու եւ մեկնաբանելու համար այսքանը կը բաւէր: Սակայն ծանօթանալէ ետք թուխիկեանական «Ռիչարդ Գ.»-ի համոզիչ կերպարին, ես ոչ միայն փափաք ունեցայ բազմիցս դիտելու «Ռիչարտ Գ.» թատերախաղը, այլ նաեւ սկսայ կարդալ (երբեմն` քանի մը անգամ) Շէյքսփիրի միւս թատերախաղերէն շատեր («Լիր Արքայ», «Կորիոլանուս», «Յիւլիոս Կեսար»…) ու հասկցայ, թէ որքան ալ կարողանաս թափանցել անոնց ծալքերէն ներս, այնքան աւելի խորախորհուրդ ու ոգեղէն անդունդներ կը բացուին դիմացդ, ուր խուսանաւելն ու անոնցմէ «ձերբազատիլը» այնքան ալ դիւրին չէ…
Այո՛, շէյքսփիրեան կերպարներէն շատեր դուրս կու գան ժամանակի եւ տարածական ըմբռնումներէն ու կը թեւածեն յաւիտենականութեան ծիրի վրայ` իբրեւ մշտնջենական գոյ… Անոնք անցեալէն կու գան, սակայն կը բացուին ներկայի մէջ… իբրեւ մեր ժամանակակիցն ու կեանքի ուղեկիցը: Անկասկած որ այդպիսին է Ռիչարտ Գ.ը, որուն ճիշդ մարմնաւորելն, ինքնին համապատասխան տաղանդ կ՛ենթադրէ…
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կարծիքս փոխեցի թէ՛ Շէյքսփիրի եւ թէ՛ Թուխիկեանի մասին, ու սկսայ լուրջ ու մասնագիտական զրոյցներ ունենալ հայրենի կարգ մը մտաւորականներու եւ գրականագէտներու հետ, յատկապէս` շէյքսփիրագէտ Բիւրակն Չերազի (Անդրէասեան), որուն ուշադրութենէն չէր վրիպած տրամաթիքական թատերասրահի մէջ բեմադրուած «Ռիչարտ Գ.»-ի գլխաւոր դերակատար Լեւոն Թուխիկեանի իմաստալից ու պատճառաբանուած խաղարկութիւնը: Փրոֆ. Բիւրակն Չերազը շարքային շէյքսփիրագէտ մը չէր միայն, նախ` թէ՛ հմուտ էր եւ թէ՛ մեծ վաստակ ունէր իր մասնագիտութեան մէջ, եւ ապա ան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ականաւոր հասարակական գործիչներէն Վահան Չերազի դուստրն էր ու կողակիցը` դոկտ. փրոֆ. Ռաֆայէլ Իշխանեանին, որ իմ դասախօսն ու ամէնէն վստահելի գործընկերներէս մէկն էր… միաժամանակ: Այնպէս որ, տիկին Բիւրակնի հեղինակաւոր կարծիքը յատուկ նշանակութիւն եւ կշիռ ունէր ոչ միայն ինծի համար: Ան էր, որ Շէյքսփիրի գրական վաստակի դարպասները բացաւ դիմացս ու առիթով մը ըսաւ.
– Շէյքսփիրը ունի մի քանի թատերախաղեր, որոնք թէեւ համարւում են ողբերգութիւններ, սակայն նրանք ոչ միայն յագեցած են խոր տրամաթիզմով, այլեւ խորքում ինչ-որ չափով երգիծական բնոյթ ունեն նաեւ: Դրանց մէջ առանձնանում է «Ռիչարտ Գ.»-ը, որ չի զիջում Շէյքսփիրի միւս գլուխ գործոցներին: Առաջին անգամ մեր մէջ դա նշմարել եւ թարգմանել է Վարդգէս Սուրէնեանցը, որի յառաջաբանը հարկաւոր է որ կարդաս:
Կարդացի: Նախ պարզուեցաւ, որ Սուրէնեանցը ոչ միայն մեծատաղանդ գեղանկարիչ է, այլ նաեւ` շէյքսփիրագիտութեան մէջ խորացած թարգմանիչ, որ հետեւեալ գնահատականը կու տար. «Հանճարեղ քերթողի առաջնակարգ գլուխ գործոցներից է «Ռիչարտ Գ.»-ը», որուն գլխաւոր հերոսը կը բնութագրէր այսպէս. «Իբրեւ լիրբ, մարդատեաց, փառամոլ եւ շատ առաձգական խղճի տէր… մի փորձառու հրէշ, որ շահագործում է գիտակցաբար, լրջօրէն, սառնասրտութեամբ… մէկ բարեպաշտութեան դիմակ է հագնում եւ մէկ դիւային նենգութեամբ ձեռք է առնում իր զոհերը…»:
Եւ իսկապէս, Ռիչարտ Գ.ի ծայրայեղ իշխանատենչութիւնն ու բացարձակ միապետութեան հասնելու սանձարձակ մոլուցքը զինք կը մղեն դէպի անողոք ոճիրներ, որոնցմէ մէկը ծածկելու համար, առանց վարանելու, կը դիմէ աւելի մեծ ոճիրներու, որոնց զոհ կ՛երթան նոյնիսկ անմեղ պատանիներ…
Ռիչարտ Գ.-ի կերպարը թէեւ մտածուած ու կազմակերպուած գերագոյն վայրագութեան ցուցանիշ է, սակայն Շէյքսփիրի համար մարդ էակի էութեան մէջ թափանցելու եւ անոր հոգեմտաւոր մութ ծալքերը բանալու եւ դրսեւորելու միջոց է… միաժամանակ:
Երեւանի «Բաղրամեան» պողոտայ, 1980, սեպտեմբեր

Թատերականի ուսանողներէն Ժան Ֆարրայի եւ դերասանուհի Յասմիկ Տէր Կարապետեանի հետ, Վարուժան Խտըշեանի վարձու բնակարանը նստած, աշխուժօրէն կը զրուցէինք «Ռիչարտ Գ.»-ի կերպարին շուրջ, երբ յանկարծ բոլորովին անսպասելիօրէն ներս մտան Լեւոն Թուխիկեանը, Գուժ Մանուկեանն ու Վովա Մսրեանը: Վերջին երկուքը, որոնք նոյնպէս կարեւոր դերակատարներէն էին Տրամաթիքական թատրոնի, յատկանշական դերեր ստանձնած էին նաեւ` խնդրոյ առարկայ բեմադրութեան մէջ: Հազիւ տեղաւորուած` Վարուժանը օղին լեցուց, իսկ Յասմիկը հարց տուաւ.
– Լեւո՛ն ջան, մենք հէնց հիմա զրուցում էինք «Ռիչարտ Գ.»-ի բեմադրութեան շուրջ: Դու այնքան լաւ ես մարմնաւորում Ռիչարտ Գ.ի կերպարը, որ բոլորովին բացասական լինելով հանդերձ, հանդիսատեսը սրտատրոփ սպասում է, որ ան հասնի իր նպատակին եւ մաքրագործելէ ետք իրարու թշնամի «Կարմիր» եւ «Սպիտակ» իշխանական տոհմերը, փրկէ երկիրն ու ժողովուրդը: Քո յաջող ելոյթի մասին չենք կասկածում, սակայն մեր մէջ հարց է առաջանում, ինչպէ՞ս կարողանում ես հասնել նման արդիւնքի, բեմի վրայ դրսեւորում ես այն, ինչ որ սկիզբից լիցքաւորել ես վարժանքների միջոցով… թէ նոյն պահին ապրում ես ու ապրեցնում նաեւ հանդիսատեսին:
Լեւոնը զարմացած նայեցաւ ինծի եւ Վարուժանին, նշանակալից ժպտեցաւ (կարծես թէ նման հարց չէր սպասեր այդ պահուն) ու ըսաւ.
– Բանը նրանումն է, որ թէեւ նախապատրաստական վարժանքները իրենց դերը ունեն, այնուամենայնիւ, եթէ չկարողանաս մարմնաւորել քեզանից դուրս գոյութիւն ունեցող, նոյնի՛սկ քո խառնուածքի հետ կապ չունեցող ինչ- որ կերպարի, քո խաղարկութիւնը չի կարող կատարեալ լինել: Դրա համար էլ այդ պահին դու պիտի հաւատաս, որ քո էութիւնից դուրս գոյութիւն ունեցող այդ Մարդը դու ես… միաձուլուած` քո եսի հետ: Դու ունես նպատակ ու դրան հասնելու համար դու պիտի ընդունակ լինես անելու ամէն ինչ: Այո՛, այդ պահին դու պիտի լինես մարդասպան ու արդարացնես քո ոճիրները… դրա համար էլ պիտի կարողանաս ուրիշի կեանքով ապրել բեմի վրայ, որպէսզի կարողանաս ապրեցնել նաեւ հանդիսատեսին:
Թէեւ Լեւոնի տուած բացատրութիւնը յստակ էր ու գոհացուցիչ, զոր գլխու շարժումով կը հաստատէին նաեւ Գուժն ու Վովան, սակայն որովհետեւ Վարուժանը լուռ էր, ես հարց տուի.
– Իսկ դուն, Վարո՛ւժ, դուն ինչպէ՞ս կը վարուիս նման պարագաներու…
– Ես կողմնակի միջոցներու մասին չեմ մտածեր, պարզապէս կը մտերմանամ կերպարին հետ, երբ բեմ կը բարձրանամ, ես այլեւս ես չեմ…(ըլլայ ատիկա ժխտական թէ դրական) եւ կ՛ապրիմ ու կը խաղամ այնպէս, ինչպէս կերպարը ինք կը թելադրէ:
– Ի վերջոյ բնազդը եւս իր խօսքն է ասում եւ իւրաքանչիւր յաջող դերասան իր «ես»-ն է դնում մի այլ «ես»-ի մէջ, թէկուզ` ենթագիտակցաբար, կերպարանափոխւում համաձայն նոր «ես»-ի գոյակցութեանը: Դրա համար էլ իւրաքանչիւր իսկական դերասան տարբեր ձեւով է մարմնաւորում ու մեկնաբանբւմ նոյն կերպարը:
Ժանոն, որ թատրոնի միջոցով ծանօթացած էր «Երկիր Նայիրի» վէպի բովանդակութեան ու բնոյթին, անմիջապէս աւելցուց.
– Հաւանաբար ի նկատի ունէք նաեւ` «Մազութի Համոյի» կերպարը:
– Անկասկած, Մազութի Համոն համարւում է երգիծական կերպար: Երուանդը (Գազանճեան) այն բեմադրում էր իբրեւ այդպիսին, Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպի հիման վրայ, որը համարւում է երգիծավէպ: Աւելի ճիշդը` «տրագիգոմետիա» է, առնուազն հէնց այդպէս է ընդունուած: Թէեւ երգիծել է, սակայն խորքում Չարենցը խոր ցաւով ու տագնապով է գրել այս վէպը: Կեղծ ու շարլաթան ղեկավարի կողքին, նա ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ չափով բացայայտել է նաեւ իսկական հայրենասէրի կերպարը եւս: Դրա համար էլ Մազութի Համոյի ճառը ես արտասանում եմ ամենայն լրջութեամբ… իբրեւ ուղերձ հայ ժողովուրդին…
Մոնրէալ, 2026, յուլիս
(Շար. 1)




