Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Քաղաքապետարանի Շէնքին Վրայ Կը Ցուցադրուին Պաքուի Մէջ Պահուող 19 Հայ Գերիներուն Դիմանկարները

September 5, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF), օգոստոս 31-էն մինչեւ սեպտեմբեր 4 Փարիզի սրտին մէջ կը ցուցադրուին Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող 19 հայ քաղաքական բանտարկեալներուն դիմանկարները` լուսարձակի տակ առնելու համար արցախահայութեան դէմ Պաքուի բռնութիւնները, բռնի տեղահանութիւնն ու Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ձերբակալութիւնները:

Քաղաքապետարանի շէնքի վրայ ցուցադրելով հայ գերիներուն դիմանկարները` Ֆրանսայի մայրաքաղաքը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ արցախահայութեան աջակցելու իր սկզբունքին:

Նշենք, որ 2020-ին Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդը կոչ ըրած էր Ֆրանսայի կառավարութեան` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, իսկ 2023-ին, երբ  Արցախը շրջափակուած էր, Փարիզ մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնեց, իսկ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելեց` հասնելով մինչեւ Հակարիի կամուրջ` աջակցելու շրջափակուած արցախահայերուն: Նոյն թուականի նոյեմբերին Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդը Արցախի ժողովուրդին շնորհեց Փարիզի պատուոյ քաղաքացիի կարգավիճակ:

Նաեւ, 2026-ի փետրուար 3-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ` պահանջելով  հայ գերիներուն ազատ արձակումը, իսկ յուլիսին Քորսիքայի խորհրդարանը հանդէս եկաւ «Աջակցութիւն Արցախին եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակում» յայտարարութեամբ:

«Այսօր Փարիզի մէջ ցուցադրուող 19 դիմանկարները միայն բանտարկեալներու դէմքեր չեն. անոնք Արցախի պատմութեան, անոր քաղաքական կեանքի եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքներու կենդանի վկայութիւններն են», նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

«Քանի դեռ հայ գերիներն ազատ չեն, անոնց դէմքերը պիտի շարունակեն յիշեցնել աշխարհին, որ արդարութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ մոռացութեամբ, իսկ մարդու ազատութիւնը` քաղաքական պայմանաւորուածութիւններով», աւելցուց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին համանախագահ Արա Թորանեան:

Տասնինը դէմք, տասնինը ճակատագիր եւ մէկ ընդհանուր պահանջ` ազատութի՛ւն:

Նախորդը

Սփիւռքը Խաչմերուկի Վրայ. Համահայկական Վերածնունդի Ճանապարհը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Անհրաժեշտութիւն Մը

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.