Մարդիկ կ՛երթան, բայց իրենց մարդկային ջերմութիւնը, բարութիւնը եւ իրենց ապրած կեանքի լոյսը կը մնան: Կան անձեր, որոնց բացակայութիւնը ժամանակը չի կրնար մարել, որովհետեւ անոնք իրենց ներկայութեամբ տեղ մը գրաւած են ոչ միայն մեր կեանքին, այլ նաեւ` մեր յիշողութեան մէջ: Այդպիսի յիշողութիւն տարելիցներու նշումով չի սահմանափակուիր, ան կը վերադառնայ ամէն անգամ, երբ կը զգանք անոնց կարօտը, կը յիշենք անոնց բարութիւնը կամ կը տեսնենք անոնց աշխատանքին շարունակութիւնը:
Երկրորդ տարելիցը կը դառնայ առիթ մը եւս` խոնարհումով յիշելու Երջօ Սամուէլեանը, այն ազնիւ, բարի եւ համեստ մարդը, որ իր կեանքով ու գործով լուռ, բայց խոր հետք ձգեց լիբանանահայ ազգային կեանքին մէջ:
Երջօ Սամուէլեանի անունը կապուած էր նուիրումի մը հետ, որ երբեք աղմուկի կամ ցուցադրութեան կարիքը չէր զգար: Իր նուիրումը կը դրսեւորուէր լուռ, բայց հաստատուն ներկայութեամբ` աշխատանքի, մարդոց եւ համայնքին հանդէպ պատասխանատուութեան խոր զգացումով: Անոնցմէ էր, որոնք իրենց կատարած ծառայութիւնը հրապարակային գնահատանքի առարկայ դարձնելու փոխարէն կը նախընտրէին պարզապէս կատարել այն, ինչ որ իրենց խիղճը, համոզումը կը թելադրէր: Անուան յիշատակութիւն մը կարեւոր չէր հանգուցեալին համար, այլ` աշխատանքին, ծրագիրին յաջողութիւնը հաւաքականութեան օգտակար դառնալը: Այդ պատճառով ալ անոր նուիրումը կը յիշուի այսօր ոչ այնքան խօսքերու, որքան իր ծառայութիւններուն եւ մարդոց յիշողութեան մէջ ապրող երախտագիտութեան ընդմէջէն:
Երջօ Սամուէլեան տարիներ շարունակ իր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը անսակարկօրէն տրամադրեց լիբանանահայ գրեթէ բոլոր կառոյցներուն, հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ կրթական օճախներուն: Հայ մամուլը եւս իր ուշադրութեան ու հոգածութեան շրջանակին մէջ էր: Ո՛ւր ազգային կեանքը կարիք ունէր քաջալերանքի, ո՛ւր աշխատանք մը դժուարութեան կը հանդիպէր, հոն էր նաեւ Երջօ Սամուէլեանը` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ:
Անոր նուիրումին հիման վրայ կար պարզ, բայց խոր հաւատք մը` հաւատք լիբանանահայութեան ապագային, անոր կենսունակութեան եւ գոյութեան հանդէպ: Ան կը հաւատար, որ դժուարութիւնները կրնան ծանրանալ, պայմանները` փոխուիլ, բայց ազգային կեանքը պէտք է շարունակուէր: Եւ այդ հաւատքը միայն խօսքով չէր արտայայտեր. զայն կը վերածէր գործի, աջակցութեան եւ քաջալերանքի:
Այսօր, երբ նման նուիրեալներու թիւը հետզհետէ կը նուազի, Երջօ Սամուէլեանի յիշատակը աւելի եւս արժեւորելու կարիքը կը զգանք: Ազգային կեանք մը չի պահպանուիր միայն կառոյցներով ու հաստատութիւններով: Ան կը պահպանուի նաեւ շնորհիւ այն մարդոց, որոնք իրենց ունեցածէն բաժին կը հանեն ուրիշներուն եւ իրենց լուման կը դնեն համայնքի վաղուան օրուան մէջ:
Մոռնալ նման մարդոց կատարածը` կը նշանակէ մոռնալ ազգային կեանքի կարեւոր մէկ էջը: Իսկ յիշել զանոնք` չի նպատակադրեր միայն յարգել անցեալը: Յիշողութիւնը նաեւ պատասխանատուութիւն մըն է` հասկնալու, թէ անոնք ի՞նչ արժէքներու հաւատարիմ մնացին, ի՞նչ աւանդ ձգեցին իրենց ետին եւ ի՞նչ պատգամ ունին մեզի համար: Զանոնք յիշելով` մենք անցեալը ներկայ կեանքին կը կապենք, կը վերարժեւորենք անոնց ապրածն ու կատարածը եւ կը փորձենք անոնց լաւագոյն ժառանգութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Երկրորդ տարելիցին, խոնարհումով կը յիշենք Երջօ Սամուէլեանը:
Երջօ Սամուէլեանի բարի անունը կը մնայ վառ, իսկ իր կեանքի օրինակին լոյսը` կը շարունակէ յիշեցնել մեզի, որ ազգային կեանքը կը դիմանայ նաեւ շնորհիւ այն լուռ նուիրեալներուն, որոնք իրենց ունեցածէն կը բաժնեն` հաւատալով իրենց ժողովուրդին ապագային:



