Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ճաշակած է բազմաթիւ տեղահանութիւններ, բռնագաղթեր: Սակայն յարմարելով նոր պայմաններուն` կազմաւորուած է, եւ յառաջացած են նոր համայնքներ: Այդ համայնքները կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, լոյս ընծայած են մամուլ, հիմնած են` երիտասարդական միութիւններ, սկաուտական շարժումներ, բարեսիրական հաստատութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ: Վերոնշեալները ազգային կեանքը պահպանելու համար ահռելի զոհողութիւններ կատարած են եւ արժանի են խորին երախտագիտութեան:
Պատմութիւնը շարունակած է իր ընթացքը: Ժամանակները, պայմանները, հասարակութիւնները կը փոխուին, կեանքի պայմանները կը վերափոխուին, նոր մարտահրաւէրներ կը յայտնուին, անոնց հետ կը փոխուին նաեւ տեղայնական պայմանները: Սփիւռքը իր երթը կը շարունակէ` դիմագրաւելով այդ բոլոր փոփոխութիւնները: Բայց մինչեւ ե՞րբ… Այսօր անհրաժեշտ է համարձակ աչքերով նայիլ մեր շրջապատին: Մեր առջեւ ծառացած խնդիրները այլեւս լուծում չեն գտներ վաղեմի, մաշած կաղապարներով. անոնք նոր տեսլական եւ համահայկական վերարժեւորում ու նոր հայեցակարգ կը պահանջեն:
Սփիւռքը այսօր կը յիշեցնէ մեծ խառնարան մը: Մշակոյթներ, լեզուներ եւ ինքնութիւններ գոյակռիւ կը մղեն: Հայ անհատը, ընտանիքը, հայ դպրոցը եւ հայկական կազմակերպութիւններ կը կրեն տուեալ միջավայրի ամէնօրեայ դառնութիւնները: Երեխան տան մէջ կը խօսի, կը լսէ մէկ լեզու
(յաճախ` երկու լեզու): Դպրոցին մէջ` մէկ այլ լեզու: Դպրոցէն դուրս կ՛ապրի այլ լեզուով, համալսարանին մէջ կը ձեւաւորուի այլ մտածողութեամբ, աշխատանքի վայրը` բոլորովին տարբեր մշակութային համակարգ մը, իսկ հանրային կեանքը զինք կը սուզէ համաշխարհայնացման հոսանքին մէջ: Այդ ընթացքը աննկատ կերպով կը նօսրացնէ անմիջական միջավայրին հետ փոխյարաբերութիւնները:
Օտարացումը դանդաղ քայլերով կ՛ընթանայ, սակայն անոր հետեւանքները յաճախ անդառնալի կ՛ըլլան:
Մտահոգիչ պատկերը աւելի կը խորանայ անտարբերութեան ցաւալի իրողութեամբ: Շատեր կը խորհին, թէ ուրիշներ պիտի լուծեն հաւաքական մտահոգութիւնները: Ոմանք պատասխանատուութեան նիզակը կ՛ուղղեն կուսակցութիւններու ուղղութեամբ, ուրիշներ` Եկեղեցիին, ուրիշներ` բարերարներուն կամ դպրոցներուն… Ի՞նչ կ՛ակնկալուի սփիւռքէն, ուր պատասխանատուութիւնը ցրուած է բազմաթիւ կողմերու միջեւ: Փաստօրէն ան կորսնցուցած է իրական տէրը եւ դարձած է անպատասխանատու տարածք մը: Մինչդեռ ինքնութիւնը կը պահպանուի հաւաքական կամքով, հաւաքական տեսլականով եւ պատասխանատուութեամբ:
Այսօր մեր մեծագոյն վտանգը ոչ թէ աղմկալից պարտութիւնն է, այլ` լուռ նօսրացումը: Երբ հայերէնը կը նահանջէ, երբ ազգային յիշողութիւնը կը տկարանայ, երբ երիտասարդ սերունդը կը կորսնցնէ իր արմատներուն հետ կապը, այդ կորուստները աննկատօրէն կը կուտակուին եւ տարիներ ետք կը դառնան անբեկանելի իրականութիւն:
Ահա թէ ինչո՛ւ ժամանակը համահայկական վերազարթօնքի, զգաստութեան կոչ կ՛ուղղէ բոլորիս: Մեր պատմութեան ընթացքին յաղթահարած ենք բազմաթիւ փորձութիւններ, որովհետեւ դրսեւորած ենք կամք, հաւատք եւ կազմակերպուած աշխատանք: Այսօր նոյնպէս այդ երեք արժէքներուն մէջ կը կայանայ մեր հիմնական ուժը:
Ճակատագրի քմայքին չի լքուիր սփիւռքի ապագան: Եթէ հաւաքաբար մտածելու եւ գործելու խիզախութիւն ունենանք, վաղուան սերունդները պիտի ժառանգեն կենսունակ ու ինքնավստահ հայկական կեանք: Իսկ եթէ շարունակենք տեղատուութիւնը դանդաղեցնելու ժամավաճառութեամբ զբաղիլ, ժամանակը առանց աղմուկի պիտի տեսնէ իր դատաստանը:
Մեր վրայ ծառացած հրամայականը պարզ եւ յստակ է. սփիւռքը վերածել ոչ թէ անցեալի յիշողութեան պահեստարանի, այլ` ապագան կերտող ազգային ռազմավարութեան: Այդ ճանապարհը դժուար է, բայց տակաւին կարելիութիւն է: Մեր պարտականութիւնն է այս ընտրանքը, քանի տակաւին մեր կարելիութիւններուն մէջ կը մնայ ընտրելու ժամանակը:
Ազգային Վերածնունդը Ծրագիր Կը Պահանջէ
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը բազմիցս ապացուցած է, որ ծանր պայմանները զինք չեն ընկճած, այլ աւելի գօտեպնդած են: Սակայն այդ յաղթանակները երբեք պատահականօրէն չեն ծնած: Անոնց ետին կանգնած են` կազմակերպուած միտք, հեռատես ղեկավարութիւն եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: Այդ երեքին միացումով հայութիւնը ստեղծած է` դպրոցներ, համալսարաններ, տպարաններ, եկեղեցիներ, մշակութային օճախներ եւ ազգային հաստատութիւններ աշխարհի չորս կողմերը:
Այսօր նոյն վտանգին առջեւ կը գտնուինք: Մեր կազմակերպութիւնները կը շարունակեն գործել, սակայն կեանքի փոփոխութիւնները աւելի արագ կ՛ընթանան, քան` մեր կարելիութիւնները: Քսաներորդ դարու մեթոտներով դժուար է դիմագրաւել քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրները: Երիտասարդութիւնը կը հաղորդակցի նոր լեզուով, նոր միջոցներով եւ արժէքային նոր միջավայրի մէջ: Եթէ հայկական կեանքը չյաջողի այդ իրականութեան հետ խօսիլ, երիտասարդը անպայման պիտի լսէ ուրիշ ձայներ:
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր անհրաժեշտ է համայնքագիտական լուրջ ուսումնասիրութիւն: Մեր քննարկումները շատ յաճախ կը հիմնուին տպաւորութիւններու վրայ, մինչդեռ անհրաժեշտ են ճշգրիտ տուեալներ: Քանի՞ հայ աշակերտ կը յաճախէ հայկական վարժարան: Քանի՞ ընտանիք հայերէն կը խօսի տան մէջ: Որքա՞ն է խառն ամուսնութիւններու տոկոսը: Համալսարանէն ետք քանի՞ երիտասարդ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը հայկական կեանքին մէջ: Այս հարցումներուն պատասխանները պէտք է դառնան ազգային ռազմավարութեան հիմքը:
Յատկապէս լեզուի խնդիրը կը պահանջէ նոր մօտեցում: Հայերէնը ազգին հոգեւոր տունն է: Երբ լեզուն կը նահանջէ, պատմութիւնը, գրականութիւնը, ազգային յիշողութիւնը եւ մտածողութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնեն իրենց բնական փոխանցման ճանապարհը: Հայերէնի ուսուցումը պէտք է դուրս գայ դասարաններու սահմաններէն եւ վերածուի ընտանիքի, դպրոցի, մամուլի եւ թուային աշխարհի միացեալ առաքելութեան:
Նոյնը կը վերաբերի մշակոյթին: Մշակոյթը ապրող իրականութիւն է: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ հայ մշակոյթը իր ներկան եւ ապագան է, ոչ թէ միայն իր նախնիներուն ժառանգութիւնը: Երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, թատրոնը, շարժապատկերը եւ նոր արհեստագիտութիւնները կրնան ծառայել այս նպատակին, եթէ աշխատանքին մօտենանք ստեղծագործ մտածողութեամբ:
Այս ամբողջ աշխատանքը կը կարօտի համակարգող կեդրոնի մը առկայութեան: Ժամանակը հասած է գումարելու համահայկական խորհրդաժողով մը, ուր աշխարհի տարբեր գաղութներէն մասնագէտներ, կրթական պատասխանատուներ, հոգեւորականներ, հասարակական գործիչներ, տնտեսագէտներ եւ երիտասարդ ներկայացուցիչներ նստին մէկ սեղանի շուրջ: Անոնց պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ անցեալին մասին երկար խօսիլ, այլ` ապագայի համար գործնական ճանապարհային քարտէս մը մշակել:
Այդ քարտէսը կրնայ սահմանել հինգ հիմնական ուղղութիւն.
Առաջին` հայ ընտանիքի ամրապնդում եւ երիտասարդ ծնողներու աջակցութիւն:
Երկրորդ` հայերէնի եւ հայեցի կրթութեան արդիականացում` նոր ուսումնական մեթոտներով եւ համակարգիչներով:
Երրորդ` համաշխարհային հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ աւելի սերտ համագործակցութիւն եւ փորձառութեան փոխանակում:
Չորրորդ` երիտասարդ սերունդին ներգրաւումը ղեկավարութեան եւ որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ, որպէսզի անոնք զգան եւ ստանձնեն ապագայի պատասխանատուութիւնները:
Հինգերորդ` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ շարունակական, փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած գործակցութեան ամրապնդում, որովհետեւ անոնք մէկ ամբողջութեան երկու անբաժանելի թեւերն են:
Պէտք է անկեղծօրէն ընդունիլ, որ մեր ներքին բաժանումները, պառակտիչ քայլերը յաճախ աւելի ծանր վնաս պատճառած են մեր համայնքներուն, քան` արտաքին ճնշումները: Տարբեր քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարական համոզումները բնական երեւոյթներ են ժողովրդավարական կեանքի մէջ, սակայն անոնք երբեք պէտք չէ վերածուին ազգային ուժերու մաշեցման միջոցի:
Ներկայ պահը կը պահանջէ նոր մտածողութիւն: Յաղթանակը պիտի չգայ հրապարակաւ հնչող կարգախօսներէն, այլ` լուռ, հետեւողական եւ գիտական աշխատանքի ճանապարհով: Ազգային կեանքը զգացումներու վրայ կը կառուցուի, բայց երկար կ՛ապրի միայն ծրագիրով եւ կազմակերպուած ջանքով:
Առաջարկը թող ընկալուի հրաւէր` համազգային խղճմտանքի եւ պատասխանատուութեան: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ, մինչդեռ այսօր տակաւին ունինք փորձառու սերունդ, նուիրեալ հաստատութիւններ եւ միլիոնաւոր հայեր, որոնք կը շարունակեն իրենց ինքնութիւնը պահպանելու կամքը: Այդ կամքը պէտք է վերածել կազմակերպուած ուժի: Միայն այդ ժամանակ սփիւռքը պիտի չդիտուի անխուսափելի ձուլման տարածք, այլ` համաշխարհային հայութեան ստեղծագործ եւ կենսունակ ցանց, որ կը ծառայէ ամբողջ ազգի ապագային:
(Շար. 1)



