. ԻՍՐԱՅԷԼԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի. «Նեթանիահուի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի հետ հանդիպում ունեցայ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի ղեկավարած բանակցութիւնները»:
-Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հռոմի ժողովներուն վերաբերեալ ուշացում չկար ու չկայ: Այս փուլին շուրջ շատ կեղծ լուրեր կան, որովհետեւ չարամիտ կողմեր կը փորձեն ժխտական մթնոլորտ ստեղծել, ուստի պէտք չէ այդ սխալ տեղեկութիւններուն հաւատալ»:
. ՄԻՆՉ հաղորդուեցաւ, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Հռոմի մէջ բանակցութիւններուն թուականը 15 եւ 16 սեպտեմբերն է, պաշտօնական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ամերիկացի հովանաւորը տակաւին Լիբանանին Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու շարունակման որեւէ թուական չփոխանցեց»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Փարիզի մէջ սպասուող խորհրդաժողովի պատրաստութիւնները մեծ յառաջընթաց արձանագրած են, եւ Մաքրոնի, Աունի, Ապտալլա Բ.-ի եւ լիբանանեան բանակի օժանդակութեան տրամադրման առնչակից արաբական եւ բարեկամ պետութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը հաստատուած է»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ամերիկացիներէն կը սպասէ նոր առաջարկ մը, որ նախկին բանաձեւերէն անդին կ՛երթայ, եւ ամերիկացիները անոր յայտնած են, թէ իսրայէլացիներուն հետ կապի մէջ են ծրագիրի մը շուրջ, որ կրնայ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման առաջնորդել»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Թել Աւիւը իր ընտրութիւններուն ետնապատկերին կը պնդէ ժամանակ վատնելու վրայ, եւ մեր կողմէ բանակցութեան հոլովոյթի դադրեցումը կը բացառեմ, որովհետեւ փորձնական շրջաններու ձախողութեան վերաբերեալ իսրայէլեան խօսակցութեան նպատակը ժամանակ շահիլն է»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը նախարարական աղբիւրէ մը տեղեկացած է, որ իտալական հետախուզութեան տնօրէն զօր. Ճիովանի Քարավելլի վերջերս այցելած է Պէյրութ եւ հանդիպում ունեցած բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուած քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու հետ` հարաւային Լիբանանի կացութեան հետախուզման առաքելութեան համար, որ ուղղակիօրէն կապուած է «առաջին փորձնական շրջանին մէջ» լիբանանեան բանակի տեղակայման «ստուգման մեքանիզմ»-ին:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը կը պահպանեն «ստուգման մեքանիզմին մէջ Ֆրանսան եւ Սպանիան որեւէ դերէ բացառելու իրենց դիրքորոշումը, իսկ Իսրայէլ կ՛առաջարկէ մեքանիզմի նախագահութիւնը վստահիլ Ազրպէյճանին, որուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի:
Այս առաջարկը կը բախի Հըզպալլայի առարկութեան, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը կը նախընտրէ ընտրութիւնը եւրոպական անկողմնակալ պետութեան մը, որ պիտի ստանձնէ բանակի տեղակայման ստուգման խնդիրը` պայմանով, որ համաձայնութիւն ըլլայ աշխատանքային ծրագիրին եւ այն չափանիշերուն վերաբերեալ, որոնք պէտք է կիրարկուին երաշխաւորելու համար, որ «առաջին փորձնական շրջան»-ը զերծ ըլլայ Հըզպալլայի զէնքէն եւ զինեալներէն:
. ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ մօտիկ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին, որ մեծապէս պատերազմի եւ հարաւային Լիբանանի աւերման դադրեցումը կ՛ուզէ, նախագահ Աունի ռազմավարութեան ամբողջովին հակասող մօտեցում ներկայացուց»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Քասեմի բանակցութեան եւ շրջագծային համաձայնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններու իրարու մօտ ըլլալը ուշագրաւ էր: Խնդիրը լիբանանեան այդպիսի փոխըմբռնման բացակայութիւնն է, հակառակ այն իրողութեան, որ բանակցութեան ձեռնարկելը նախագահի լիազօրութիւններէն է»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Իսրայէլեան կողմը կը պնդէ Ալի Թահեր բարձունքներուն վրայ հաւանական նոր իրավիճակի մասին, սակայն այս բոլորէն անկախ, դիտորդը կը մերժէ իսրայէլացիներու կողմէ սալայատակուած ճամբաներու գոյութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իսրայէլացիները մտադիր են մնալ այն տարածքներուն մէջ, զորս քարշակներով կը քանդեն»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուար իրողութիւններուն, հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող մարտահրաւէրին եւ երկրին սպասած բոլոր գործընթացներուն, Մեծն Լիբանանը կը մնայ խորագիրը, եւ դէպի լիբանանեան սարսափելի մասնատում չսայթաքելու կարիքը կը մնայ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան Լիբանանը կը տեսնէ Իրանի, Իսրայէլի եւ Ամերիկայի միջեւ հակամարտութեան աւելի լայն հարթութեան մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան տակաւին Լիբանանին կը վերաբերի իբրեւ շրջանային հաւասարակշռութեան մաս եւ ոչ թէ առանձին թղթածրար, որ կարելի է լիբանանեան մակարդակի վրայ լուծել: Յաջորդ փուլը աւելի «մատները կրծելուն» մօտ պիտի ըլլայ, քան համապարփակ պատերազմի»:


