Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալածանքը Կը Շարունակուի

September 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր երէց զաւկին` Սեդրակ Քոչարեանի ձերբակալութիւնն է: Ձերբակալութիւնները կը կատարուին արդէն դասականացուած եղանակով. առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանական ստուար ուժերու մասնակցութեամբ, բնակարանային խուզարկութիւններ` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցներու կողմէ, ապա ենթականերու տեղափոխում` ԱԱԾ կեդրոն: Այս անգամ, սակայն, ձերբակալութիւնները կատարուած են առանց գետին պառկեցնելու եւ առանց ձեռնաշղթաներու գործածութեան: Խուզարկուած է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի երկրորդ զաւկին` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի բնակարանը: Խուզարկուած, ապա փակուած են (կապարակնքուած) քոչարեաններու հետ առնչութիւն ունեցող բազմաթիւ առեւտրական հաստատութիւններ:

Ընտրութիւններէն գրեթէ տարի մը առաջ սկսած, նախընտրական պայքարի ժամանակ աշխուժացած եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերջնականացումէն ետք շարունակուած արշաւը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ լռեցնելու իշխող ուժը քննադատող ամէն ձայն: Բոլոր ամբաստանութիւնները կապ ունին տասը, քսան կամ երեսուն տարի առաջ կատարուած գործառնութիւններու հետ: Ռոպերթ Քոչարեան կը ձերբակալուի չորրորդ անգամն ըլլալով, իր նախագահութեան շրջանին կատարուած գործերուն համար` նախագահական պաշտօնին վայելած անձեռնմխելիութեան շրջանցումով: Բոլոր ամբաստանութիւնները նախաքննութեան ենթակայ են եւ անոնք չունին այն վտանգաւորութիւնը, որ անհրաժեշտ դարձնէ կալանաւորումը: Եթէ անցեալին հետապնդումները կը կատարուէին գաղտնի կամ կիսագաղտնի թելադրանքներով, այժմ անոնք կը հետեւին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ խորհրդարանի բեմէն կամ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ կատարած սպառնալիքին, բացայայտ ցուցմունքին: Եթէ ցուցմունքի մը պատճառով ձերբակալուած անձը ատեն մը ետք ազատ կ՛արձակուի փաստերու չգոյութեան կամ անբաւարարութեան պատճառով, Փաշինեան դատական համակարգը կ՛ամբաստանէ իր հակառակորդներէն կաշառք ստանալով անարդար որոշումներ կայացնելու մեղքով: Ամէն մարդ մեղաւոր է, բացի իրմէն. ինքն է` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, թէ՛ ոստիկանը, թէ՛ դատախազը եւ թէ՛ դատաւորը:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ գործող միջազգային դիտարկումի մարմինը յստակօրէն դատապարտեց հայաստանեան քաղաքական միջավայրի յետընթացը` ցոյց տալով կատարուած հետապնդումներուն քաղաքական նկարագիրը: Միջազգային այլ ատեաններ,  յատկապէս` Եւրոպայի խորհուրդի եւ Եւրոպական միութեան տարբեր ատեաններ, լուռ կը մնան, որովհետեւ կը կարծեն, թէ Հայաստանի իշխանութիւններու արարքները նպատակ ունին խորացնել հակասութիւնները Ռուսիոյ հետ: Կատարուածը կը տեղաւորուի հակառուս պայքարի տրամաբանութեան մէջ: Հալածեալները կը համարուին ռուսամէտներ, ուրեմն` արժանի հալածանքի: Իսկ ռուսամէտ համարուածները պարզապէս կը յիշեցնեն, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն շարունակուող վատթարացումը միայն վնաս կը պատճառէ Հայաստանին, կը խորացնէ անոր մեկուսացումը եւ կը վնասէ տնտեսութեան: Հայաստանի իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին բոլոր գործակիցներուն նկատմամբ, նաեւ` Ռուսիոյ նկատմամբ, առանց սակայն Հայաստանը դարձնելու թատերաբեմ կողմի մը պայքարին` այլ կողմի մը դէմ:

Հայաստանեան քաղաքական բեմը այսօր կը կառավարուի Հայաստանի սահմանադրութեան անտեսումով եւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու ոտնակոխմամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1993-ին միացած է «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագիրին, իսկ 2002-ին ստորագրած է «Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիր»-ը: Միջազգային այս երկու պայմանագիրները, միացած` Հայաստանի սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, խստօրէն կ՛արգիլեն աւելի քան տարիէ մը ի վեր մոլեգնած արշաւանքը, որ հայկական քաղաքական թատերաբեմը վերածած է կրկէսի մը, ուր ոչ մէկ օրէնք կը գործէ:

Անգամ մը եւս կրկնենք, որ թերութիւններ սրբագրելու այս եղանակը ընդունելի չէ, որովհետեւ կը խաթարէ ազգային միասնութիւնը, աւելի՛ն, կը խորացնէ երկփեղկումը, փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:

 

 

Նախորդը

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում Երեւանի Դժուար Ընտրանքը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Եւ Երեւանի Կոմիտասի Անուան Պետական Երաժշտանոցի Միջեւ Գործակցութեան Վերահաստատում

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անդարձ Տարիներ, Սքանչելի Վերյիշումներ (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթով)

October 19, 2026
Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Անդրադարձ

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

October 19, 2026
Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան
Անդրադարձ

Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.