. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս. «Միութեան անդամ աւելի քան 10 երկիրներ պատրաստ են Լիբանանի մէջ առաքելութեան մասնակցելու»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տուեալներուն համաձայն, «Հռոմի մէջ սեպտեմբերի սկիզբին նախատեսուած Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երրորդ փուլի թուականը այժմ անորոշ է, որովհետեւ բանակցութիւնները կը տեղափոխուին ամսուան երկրորդ կէս` հաշուի առնելով, որ ամերիկացի միջնորդը մինչեւ հիմա չէ յաջողած յառաջընթացի հասնիլ»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ շրջանակներ «Մուտուն»-ին. «Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ տարակարծութիւնը կը կեդրոնանայ Ալի Թահերի փապուղիներու խնդիրը լուծելու ձեւին շուրջ: Թրամփ իր հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու ճամբով ելք մը եւ իսրայէլեան հեռացման դիմաց լիբանանեան բանակի այդտեղ մուտքը կ՛ուզէ, իսկ Նեթանիահուն զինուորական ճակատամարտ մղելը կը նախընտրէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսկական մտավախութիւնը այն է, որ Նեթանիահուն Ալի Թահերի մէջ զինուորական մեծ գործողութեան մը դիմել որոշէ, եթէ տեսնէ, թէ մագլցումը իր ընտրական հաշիւներուն կը ծառայէ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումները չդադրեցան, որպէսզի Ալի Թահերի վրայ անոր յարձակումը չընդլայնուի: Ուաշինկթըն հանդարտ դիւանագիտութիւն կը կիրարկէ` կարգաւորելու համար այս խնդիրը, որ կը սպառնայ տապալել շրջանին մէջ տիրող զգուշաւոր հանդարտութիւնը»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ Ուաշինկթըն տեղեկացուեցաւ այն է, թէ Իսրայէլի կողմէ Ալի Թահերի փապուղիները պայթեցնելու եւ զինեալները ոչնչացնելու որեւէ փորձ կրնայ Իսրայէլի եւ Ծոցի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ իրանեան հրթիռային ուղղակի հակադարձութեան յանգեցնել»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի` հարաւային Լիբանանի բռնագրաւումը երկարաձգող իրավիճակի նկատմամբ մեղմ վերաբերմունքին նկատմամբ լիբանանեան պետութեան մօտեցման մէջ շփոթ կը տիրէ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Հռոմի վերջին բանակցութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս չեն ուզեր Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի Հարաւային Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները դադրեցնէ»:
. ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումներու պետական նախարար Ֆատի Մաքքի «Մուտուն»-ին. «Որդեգրուած որոշումը Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ հակամարտութեան մէջ չմտնելն է, եւ ատիկա ոեւէ մէկուն ի շահ չէ, թերեւս միայն Իսրայէլին շահերէն կը բխի: Յստակ կերպով կը տեսնենք, թէ ատիկա չենք կրնար առանց քաղաքական նուազագոյն ծածկոյթի կատարել»:
. ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումներու պետական նախարար Ֆատի Մաքքի «Մուտուն»-ին. «Չեմ կարծեր, թէ բանակցութիւնները վերջ գտան: Տակաւին ամերիկեան հովանաւորին կողմէ իսրայէլեան կողմին վրայ ճնշում բանեցնելու ջանք գոյութիւն ունի, որպէսզի աւելի ճկուն ըլլայ եւ իր յանձնառութիւնը կատարելու նկատմամբ աւելի դրական տրամադրուած ըլլայ, որովհետեւ այն կողմը, որ յանձնառու չեղաւ, իսրայէլեանն է»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւրոպական ու շրջանային մայրաքաղաքներու մօտ կատարած աշխատանքը, ամերիկեան թափի նահանջին, շրջագծային բանաձեւի մեքանիզմներու ձախողութեան եւ հարաւային Լիբանանի մէջ դաշտային խոցելիութեան լոյսին տակ, Լիբանանը պաշտպանող ծածկոյթի ստեղծման փորձ է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Յորդանանեան պատգամներու շարքին է Փարիզի ու Ուաշինկթընի ուղղուած պատգամ մը, թէ թագաւորութիւնը պատրաստ է լիբանանեան բանակի աջակցելու ծրագիրին մէջ արաբական դեր կատարելու, պայմանաւ, որ այդ աջակցութիւնը զինուորական հաստատութեան իսկական կարողութեան վերածուի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Յորդանանեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետին հետ զինուորական ժողովէն առաջ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Հայքալի Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործընկերութեան ու համակարգումի մակարդակը բարձրացնելու կարելիութիւնները»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի «այլընտրանք իսրայէլեան մեքանիզմը» միաժամանակ քանի մը ուղղութիւններով կը ծառայէ Իսրայէլին. անիկա Հըզպալլան Իսրայէլի հետ հակամարտութեան կողմէ կը վերածէ լիբանանեան գերիշխանական խնդիրի մը, որ Պէյրութ պէտք է լուծէ, եւ կառավարութիւնը զինաթափման մէջ որեւէ ձախողութեան պատասխանատու կը դարձնէ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Երեսփոխանական կողմեր կը փորձեն իմանալ, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը մայիս 2027-ին յառաջաձգելու փորձի վերաբերեալ շրջանառուող տարաձայնութիւնները որքանո՛վ իրականութեան կը համապատասխանեն, որպէսզի անոր պատրաստուելու համար անհրաժեշտ քայլերը որդեգրեն: Սակայն «խոր պետութեան» կողմերէն ոչ մէկը այդ տեղեկութիւնը հաստատեց կամ հերքեց»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի արտասանած խօսքը ամէն ինչ ականահարեց, եւ կը թուի, թէ ան Հըզպալլայի կողմէ շանթաժի ենթարկուած է: Ան շրջագծային համաձայնութիւնը, փորձնական շրջանները եւ նախագահ Աունի ղեկավարած ու զինք անոր մթնոլորտին մէջ դրած ամբողջ բանակցային հոլովոյթը քննադատեց»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի շիի երկեակի գործողութիւններու սենեակ մը, որուն նպատակը լարուածութեան մակարդակը բարձրացնելն ու նախագահ Աունը քննադատելն է, որովհետեւ անոր Յունաստան այցելութեան դէմ ուղղուած` Հըզպալլայի լրատուամիջոցներու շղթայազերծած սուր քննադատութիւնը ցոյց կու տայ, թէ խորհրդարանի նախագահ Պըրրին ու կուսակցութիւնը որոշած են յարձակումի քաղաքականութիւն կիրարկել»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ուշադրութիւն գրաւեց այն իրողութիւնը, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Տոսարին երկու շաբաթ առաջ Թրիփոլի իր այցելութեան ընթացքին հիւսիսի մայրաքաղաքի հեղինակութիւններէն ու անձնաւորութիւններէն ոչ ոքի հետ տեսնուեցաւ, բացի երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէէն, որուն տունը այցելեց»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 33000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.571.000 լ.ո.-ի եւ 2.589.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 13000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.446.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 1000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.167.000 լ.ո.-ի:


