Սէուտական Արաբիոյ Ահլի խումբի համակիրները, ըստ երեւոյթին, շատ տպաւորուած են Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սպիրցեանի խաղաձեւով:
Ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ նոյնիսկ շատ անգամ անոր օրինակը կը բերուի: «Նայէ՛ Սպիրցեանին, ան կը վազէ, կը պայքարի, փրեսինկ կ՛ընէ, մեծ ծաւալի աշխատանք կը կատարէ ամբողջ դաշտին վրայ, եւ դուն կը զգաս, որ այս տղան եկած է խաղալու եւ մրցելու: Վստահաբար ասիկա կ՛ուզենք տեսնել Ահլիի շապիկը կրող մարզիկներէն: Թրինքսոն պէտք ունի մէկու մը, որ իր դիմաց ուղիղ կանգնի: Դուն այստեղ եկած ես մրցելու ու պայքարելո՞ւ, թէ՞ պարզապէս դրամ շահելու եւ հեռանալու», գրած է համակիր մը:
Փորթուգալցի ֆութպոլիստի հասցէին շատ քննադատութիւններ կ՛արձագանգեն, որ չափազանց «պաղ» եւ հանդարտ կը խաղայ:
Սպիրցեան, իր կարգին, շատ աշխուժ ձեւով սկսած է Ահլիի շապիկով իր ասպարէզը: Ան իր առաջին 5 պաշտօնական մրցումներուն մասնակցած է խումբին 6 կոլերուն` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ (կոլի վճռական փոխանցում):


