Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

September 2, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Նստած Ենք, Բայց Ծնկած Չենք». Դաւիթ Բաբայեանի Ուղերձը Պաքուի Բանտէն

Ապօրինաբար Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը հերթական ձայնային հաղորդագրութեամբ ահազանգեց հայ գերիներու առողջական խնդիրներուն եւ ոտնահարուած իրաւունքներուն մասին` դիմելով բոլոր իրաւապաշտպաններուն եւ բարի կամքի մարդոց: Հաղորդագրութիւնը «Նիուզ»-ին փոխանցուած է Բաբայեանի ընտանիքին միջոցով:

Ստորեւ` ձայնային հաղորդագրութեան ամբողջութիւնը.

«Թանկագի՛ն հայրենակիցներ, սիրելի՛ բարեկամներ, քոյրեր եւ եղբայրներ, աշխարհասփիւռ հայութիւն, այլազգի մեր բոլոր քոյրեր եւ եղբայրներ, բարի կամքի մարդիկ, դուք գիտէք, որ աւարտուեց, այսպէս կոչուած, մեր դատավարութեան նաեւ վերաքննիչ փուլը: Դէ, ի՛նչ դատավարութիւն, սա մի թատրոն էր, որի բեմագրութիւնը գրուած էր նախօրօք: Նոյնիսկ չհամարձակուեցին տարրական սխալները շտկել: Օրինակ, վերջին նիստում ներկայացնելով ներկաներին, երբ թողեցին այդ վճիռները ուժի մէջ, իմ պաշտպաններին ներկայացրեցին հին կազմով, այն դէպքում, երբ նրանք փոխուել էին այս դատավարութեան ժամանակ: Այսինքն ո՛չ միայն հարկ չհամարեցին ստուգել, այլ նաեւ չհամարձակուեցին փոխել նախօրօք գրուած բեմագրութիւնը, նոյնիսկ շտկել այն սխալները, որ այնտեղ կան:

«Սա զուտ ձեւական մի փուլ էր, որը պէտք էր անցնէինք, որպէսզի հետագայում այն օգտագործենք միջազգային դատարան դիմելու համար:

«Վերաքննիչ դատարանում գործընթացին քաղաքացիներ չէին մասնակցում, այն դէպքում, երբ առաջին ատեանի դատարանում մօտ 200-300 հոգի ամէն անգամ ներկայ էին: Ի հարկէ նրանք բոլորը ընտրողական ձեւով էին բերւում, յատուկ օթոպիւսներով: Բացի դրանից` որոշ տուեալներով նրանք նաեւ լաւ վարձատրւում էին, բայց այս անգամ չկար ոչ մէկը: Պատճառներից մէկն այն է, որ այդ մարդիկ տեսնում էին` ինչպիսի՛ չարաշահումներ են կատարւում այնտեղ, տեսնում էին իրենց կողմի թոյլ դիրքերը, մեր ինքնապաշտպանութիւնը, մեր յամառութիւնը, այդ ինքնապաշտպանութեան որակը, եւ բնական է, այս ամէնը, ուզած-չուզած, ներթափանցում է նաեւ իրենց հասարակութեան մէջ:

«Շատ հետաքրքիր է, որ այնպիսի գաղափարներ են շրջանառութեան մէջ դրւում, որ անհնար է ուղղակի դա պատկերացնել: Օրինակ, մէկի կողմից կատարուած յանցագործութիւնը ինքնաբերաբար  բոլորին է վերագրւում: Կամ` այնպիսի գաղափարներ, որ միջազգային հանրութեան պատմութեան մէջ ընդհանրապէս անհնարին է պատկերացնել: Օրինակ, ինձ վրայ աւելացրել են երկու ցմահ յօդուածներ, որոնք չկային, որեւէ անգամ չէր յիշատակւում ամբողջ դատավարութեան ժամանակ:

«Ես դա տեսայ, երբ դատավարութեան աւարտուելուց մէկ շաբաթ յետոյ մեզ տուեցին այդ ամէնի կրճատ գրութիւնը: Ես խնդրեցի, որպէսզի նայեն մեր ելոյթները, թէ՛ առաջին ատեանի դատարանի վերջին խօսքը, թէ՛ այս դատավարութեան հիմնական ելոյթները, տեսատարբերակով փոխանցեն իրենց ՄԻՊ-ին, բայց մերժեցին: Ասում են, որ բաց դատավարութիւն է, բայց մերժում են նոյնիսկ իրենց մարդու իրաւունքների պաշտպանին այդ ամէնը տրամադրել:

«Հետաքրքիր երեւոյթներից մէկն այն է, որ փոխուել են նաեւ պաշտպանները, 5-6 պաշտպան է  փոխուել այս ընթացքում: Մէկը փոխուել է հէնց Վերաքննիչ դատարանում քննութեան մեկնարկին: Ես փորձել եմ իմանալ` ի՞նչն է պատճառը, ասել են` առողջականը: Դատարանում դատի ժամանակ ասել եմ` տեսազանգով կապուէք հետները, ես ուզում եմ անձամբ տեղեկանալ` ինչպէ՞ս են, իրենք ի հարկէ խառնուել են, չեն միացրել, ասել են, որ կեանքներին վտանգ չկայ:

«Ի հարկէ, ամէն մի պահի չէին թողնում, որպէսզի ելոյթը շարունակեմ, կտրում էին, խանգարում էին: Այս ամէնը մեզ պէտք է միջազգային դատարանում ներկայացնելու համար:

«Հետաքրքիր զարգացումներից է նաեւ այն, որ այստեղի պաշտպաններից մէկը յայտարարել է, թէ իրենք չեն ուզում, որ գործը հասնի միջազգային դատարան, որովհետեւ մեղադրանքների աւելի քան 95 տոկոսը շինծու է, եւ որեւէ ապացոյց չկայ: Իսկապէս դա այդպէս է:

«Բերեմ մի յստակ օրինակ. մասնաւորապէս ինձ ցմահ են նշանակել մի յօդուածով, ըստ որի, ես փորձում էի տապալել այստեղի իշխանութիւնը, սահմանադրութիւնը եւ այլն: Ես հարց եմ տուել` արդեօ՞ք կայ որեւէ ապացոյց, որ ես լինելով այստեղ, մասնակցել եմ ձեր իշխանութեան համար պայքարին: Եթէ այդպէս է, ուրեմն ամբողջ ձեր երկրով մէկ պիտի ունենայի համախոհներ, ինչ-որ կազմակերպութեան բջիջներ: Ի հարկէ որեւէ պատասխան չկայ:

«Բացի այդ` դատարանում բոլոր մեր բողոքները 100 տոկոսով բաւարարուել են յօգուտ մեղադրող կողմի: Առաջին ատեանի դատարանում 99,4 տոկոսն էր բաւարարուել յօգուտ մեղադրող կողմի:

«Ես շնորհակալութիւն եմ յայտնել նման որակի եւ քանակի սխալների համար, որովհետեւ սա մեզ համար շատ կարեւոր է, դա կը նպաստի նաեւ արդարութեան վերականգնմանը, քանի որ միջազգային դատարանում այս ամէնը մենք կը ներկայացնենք:

«Բաւականին յատկանշական է, որ նաեւ ապացոյցների փոխարէն` օգտագործում են փոխարինիչներ` ստեր, կեղծիքներ, կենացներ, իրենց քաղաքական տարբեր մօտեցումները, կարգախօսները եւ այլն:

«Երբեմն մենք փորձել ենք տեսնել գրառումները, թէ այս ամէնն ինչպէ՛ս է արձանագրուած իրենց փաստաթղթերում, տեսել ենք, որ մեր ասածներն ընդհանրապէս չեն էլ ներառում, կամ, լաւագոյն դէպքում, ներառում են խիստ կրճատուած կամ աղաւաղուած: Սա ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` իրաւական խտրականութիւն:

«Ի՞նչ կարելի է ասել, երբ պաշտօնապէս յայտարարւում է, որ անհրաժեշտ է ընդլայնել ոչ դիտաւորեալ սպանութիւնների շրջանակները, որպէսզի բոլորին մեղադրեն սպանութիւնների մէջ»:

Դաւիթ Բաբայեան նաեւ նշեց, որ  ունի առողջական հարց, որուն մասին բարձրաձայնած է դատարանին մէջ եւ` խնդրած, որ այդ բոլորը արձանագրուին. «Ի հարկէ կասկածում եմ, հասկանալի է, որ իրենք չեն ուզի, որ ես գնամ միջազգային դատարան: Միայն ինձ մօտ չեն առողջական խնդիրներ: Մի շարք մեր ընկերների մօտ իրօք լուրջ առողջական խնդիրներ կան: Ի հարկէ դա ինչ-որ տեղ սպասելի է, որովհետեւ մենք պայքարում ենք այս չար աշխարհում արդարութեան եւ ազատութեան համար, մարդու իրաւունքների համար, իսկ դա հէնց այնպէս չի լինում:

«Մի բան է պայքարել արդարութեան համար, մէկ այլ բան է նստել դրա համար, բայց իմացէք, չնայած նստած ենք, բայց ծնկած չենք, եւ սա թող բոլորը իմանան: Մնացած ամէն ինչը բնական է, պինդ եղէք, թանկագի՛ն հայրենակիցներ, բարի կամքի մարդիկ, մեր հայրենիքին դեռ սպասում են ծանր երեւոյթներ»:

«Հայրենիքը Գերագոյն Նպատակ Է, Մենք` Միջոց» Խորագիրով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բանակում

Օգոստոս 18-23 Կոտայքի մարզի Աղաւնաձոր գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան յոբելենական` 25-րդ բանակումը` «Հայրենիքը գերագոյն նպատակ է, մենք` միջոց» խորագիրով:

Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 120 երիտասարդ` Հայաստանի տարբեր մարզերէ: Բանակումին ծրագիրը յագեցաւ` մարզական եւ բանական խաղերով, խմբային մարտահրաւէրներով, դժուար եւ հետաքրքրական արշաւներով, ազգային երգ ու պարով եւ երկրի գլխաւոր հարցերուն շուրջ քննարկումներով:

Բանակումի ծիրին մէջ դասախօսութիւններով հանդէս եկան շարք մը գործիչներ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեանը եւ Տարօն Տոնոյեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, ՀՅԴ երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ «Կամաւորական շարժում» ՀԿ նախագահ Հրանդ Մարգարեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեանն ու Գեղամ Մանուկեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման պատգամաւոր Սէյրան Օհանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեանը եւ ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ վարչութեան երկարմեայ ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեանը:

Փակման արարողութեան բանակումը հիւրընկալեց միութեան բոլոր սերունդներու ընկերները` հիմնադիրներէն մինչեւ մեր օրերու միութենականներ:

Չարենցեան Յիշողութիւնը` Նիւ Եորքէն Երեւան

Օգոստոս 27-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեանը (Նիւ Եորք), Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը,  Համազգայինի վաստակաշատ անդամ Տիգրան Ճինպաշեանը (Լիբանան) եւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը այցելեցին Երեւանի մէջ գործող Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան:

Այցելութիւնը խորհրդանշական էր յատկապէս անով, որ անիկա տեղի ունեցաւ մեծանուն բանաստեղծին ծննդեան 130-ամեակին ընդառաջ եւ իրեն հետ բերաւ ո՛չ միայն անցեալի յիշողութիւն, այլեւ` մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ փոխանցման կարեւոր խորհուրդ:

Արեւիկ Գաբրիէլեան իր ընտանիքին անունով թանգարանին նուիրեց 1997 թուականի սեպտեմբեր 7-8 Նիւ Եորքի Քոլումպիայի համալսարանին մէջ կայացած «Եղիշէ Չարենցը եւ խորհրդահայ պոէզիան» խորագրով գիտաժողովին ազդագիրը:

Գիտաժողովը, որուն մասնակցած էին ժամանակի երեւելի մտաւորականներ ու չարենցագիտութեան ու խորհրդահայ քնարերգութեան ուսումնասիրութեամբ զբաղող գիտնականներ, կարեւոր հարթակ էր Չարենցի ստեղծագործութեան, անոր գրական ժառանգութեան եւ խորհրդահայ քնարերգութեան զարգացման տարբեր հարցերու քննարկման համար:

Գիտաժողովի զեկուցաբերներէն մէկն ալ Եղիշէ  Չարենցի դուստրն էր` գրականագէտ Անահիտ Չարենցը:

Նիւ Եորքի մէջ պահպանուած այդ փոքրիկ, սակայն պատմական արժէք ունեցող փաստաթուղթը այսօր իր ճանապարհը գտաւ դէպի Չարենցի տուն` դառնալով թանգարանի հաւաքածոյի կարեւոր մէկ մասնիկը:

Նուէրը յանձնելու ընթացքին Արեւիկ Գաբրիէլեան խօսեցաւ Չարենցի` ժամանակ եւ տարածութիւն յաղթահարող ներկայութեան մասին, ընդգծելով, որ գրողին ժառանգութիւնը միայն անցեալի յիշողութիւն չէ, այլեւ` կենդանի մշակութային կապ, որ սերունդները կը շարունակէ միաւորել Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ այն հանգամանքը, որ ընտանիքին մէջ պահպանուած այս նմուշը այժմ կը վերադառնայ իր բնական միջավայրը` Չարենցի տուն-թանգարան` հասանելի դառնալով հետազօտողներուն, այցելուներուն եւ ապագայ սերունդներուն:

Թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուութեան համար` կարեւոր նկատելով յատկապէս այն փաստը, որ Չարենցի կեանքին եւ ստեղծագործութեան հետ առնչուող նմանատիպ նիւթերը կը շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի տուն-թանգարան: Անոր խօսքով, իւրաքանչիւր այսպիսի նուիրատուութիւն կը լրացնէ թանգարանի հաւաքածոն ոչ միայն իբրեւ փաստական նիւթ, այլեւ` իբրեւ ժամանակի եւ մարդոց միջեւ ստեղծուած կենդանի կապի վկայութիւն:

Այցելութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Համազգայինի հայ գրականութեան, մշակոյթի եւ ազգային յիշողութեան պահպանման եւ տարածման միտուած գործունէութեան:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան թանգարանի գրադարանին նուիրեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայաստանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած  գիրքերէն` համալրելով թանգարանի գրական ֆոնտը եւ անգամ մը եւս ընդգծելով Համազգայինի եւ հայ մշակութային կարեւոր օճախներու միջեւ համագործակցութեան արժէքը:

Չարենցի տուն-թանգարան կատարուած այս այցելութիւնը դարձաւ իւրօրինակ կամուրջ` Նիւ Եորքէն Երեւան, յիշողութենէն` ներկայ, իսկ անցեալէն` ապագայ: Գիտաժողովի մը ազդագիր, քանի մը գիրքեր եւ քանի մը մարդոց հանդիպում` առաջին հայեացքէն փոքր ժեսթեր, որոնք, սակայն, իրենց մէջ կը կրեն մեծ մշակութային խորհուրդ` պահպանել այն, ինչ որ ստեղծուած է, վերադարձնել տուն եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Մեծ գրողին 130-ամեակին ընդառաջ այս նուիրատուութիւնը իր փոքրիկ, բայց նշանակալի պատմութիւնը կ՛աւելցնէ Չարենցի մեծ պատմութեան:

«Յիշողութեան Պահապաններ» Խորագիրով Բանախօսութիւններու Շարքին Հանդիպում` Դոկտոր Անդրանիկ Տաքեսեանի Հետ

Վերջերս «Վերապրում եւ վերածնունդ. Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղները` «Յիշողութեան պահապաններ»» բանախօսութիւններու շարքին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր, քաղաքագիտութեան դոկտոր Անդրանիկ Տաքեսեանի հետ փոխներգործուն ձեւաչափով հանդիպում-բանազրոյցը:

Բանախօսութեան ծիրին մէջ դոկտոր Տաքեսեանը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու լիբանանահայ տարասերունդ ժառանգներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ճգնաժամային հարցերը, յաղթահարման մեթոտները: Անդրադարձ կատարուեցաւ այսօրեայ համայնքային հարցերուն: Հարց-պատասխանի միջոցով ուրուագծուեցաւ բովանդակային հանդիպում-զրոյց:

Արցախցի Կիներու Նոր Կարելիութիւնները` Մարաշի Ասեղնագործութեան Միջոցով

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նիւթական յատկացումով եւ «Շիրակեան (Արցախ ֆոնտ)» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կ՛իրականացուի Մարաշի ասեղնագործութեան ուսուցում:

Ծրագրի կարեւորագոյն նպատակն է Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած կիներու Մարաշի ասեղնագործութեան ուսուցման միջոցով ապահովել մնայուն աշխատանքով եւ կարելիութիւն ընձեռել տան պայմաններու մէջ արտադրութիւն ստեղծել եւ ունենալ կայուն եկամուտի աղբիւր:

Միեւնոյն ժամանակ նախաձեռնութիւնը միտուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Մարաշի ասեղնագործութեան պահպանման, վերականգնմանն ու սերունդներուն փոխանցելու գործին:

Ծրագիրը կ՛իրականացուի երկու խումբերով, շաբաթական 4 դասընթացքով: Ծրագրին կը մասնակցին 18-62 տարեկան արցախցիներ:

Մասնակիցները կարելիութիւն կը ստանան սորվելու եւ կատարելագործելու իրենց ձեռագործութեան հմտութիւնները, ստեղծելու որակեալ աշխատանքներ եւ արտադրանք` հետագային զանոնք իրացնելու միջոցով ունենալու սեփական եկամուտի աղբիւր:

Այս ծրագիրը պարզապէս ասեղնագործութեան խմբակ չէ: Այն աջակցութեան, աշխատանքի, արժանապատուութեան եւ նոր կարելիութիւններու ստեղծման նախաձեռնութիւն է:

 

 

 

Նախորդը

Քեսապի Լատինաց Վանական Համալիրի Կառուցումը. Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն Վարժարանը` Խոչընդոտներու Դէմ Յանդիման

Յաջորդը

Մանուկ/ Պատանի Զինուորներ Մանուկ Մարտիկներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.