. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Դիւանագիտական տեղեկութիւններ բացայայտեցին, թէ Թուրքիան աշխատանք կը տանի Ուաշինկթընի եւ Հըզպալլայի մօտ` հաղորդակցութեան կապեր հաստատելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքքան Ֆիտանի ճամբով, որ երկու կողմերուն միջեւ պատգամներու փոխանցում կը կատարէ»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի հետ միջնորդներու ճամբով հաղորդակցութիւնը բացառուած չէ, սակայն Թեհրանը դնելով անոր մթնոլորտին մէջ, այսինքն` իրանեան ուղիէն անկախ բանակցութիւններ չկան»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, «Անգարա որոշ ատենէ մը ի վեր ներկայացուցած է առաջարկ մը` Հըզպալլայի ծանր զէնքերը Անգարայի եւ Թեհրանի միացեալ հսկողութեան տակ Իրան տեղափոխելու, ամերիկեան ու միջազգային երաշխիքներով հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման դիմաց, սակայն լիբանանեան կողմը առաջարկը ընդունելու կը տատամսի Լիբանանի մէջ թրքական ազդեցութեան նկատմամբ մտավախութենէ մեկնելով, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութիւնը Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դրական ընկալման չարժանացաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի ամերիկեան կողմին մէկէ աւելի խողովակներով փոխանցեց երկեակի հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան ապագային վերաբերեալ դիրքորոշումը եւ մերժումը ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքային որեւէ տարազի, որ ՄԱԿ-ի դրօշին տակ եւ Ապահովութեան խորհուրդի յստակ որոշումի հիմամբ չէ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմին Հըզպալլայի հետ հանդիպում ունենալու վերաբերեալ խօսակցութիւնը լիբանանեան պետութեան վրայ ճնշումի բանեցման ծիրին մէջ է: Ամերիկեան դիրքորոշումը իրականութեան մէջ ապօրինի զէնքի խնդիրէն եւ Լիբանանի ու շրջանին մէջ իրանեան բոլոր թեւերէն ձերբազատելու աշխատանք տանիլն է»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, վտանգաւոր է, եւ ոչ ոք կրնայ իսրայէլեան զինուորական մեքենայի յառաջխաղացքը կանգնեցնել: Կացութիւնը «աստիճանական մագլցում»-ի ծիրին մէջ է, որովհետեւ Իսրայէլ Ալի Թահեր բլուրը գրաւելու մեծ որոշումը տուած է»:


