Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Իսլամական միասնականութեան շաբթուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Իսլամներուն միջեւ տարակարծութիւնները պէտք չէ ներքին ճակատներ բանան եւ մեզի մեր հիմնական թշնամին մոռցնել տան»:
«Այս միասնականութիւնն է, որ Լիբանանի մէջ մարմնաւորուեցաւ Հըզպալլայի, Ամալ Շարժումի եւ Իսրայէլը մերժող եւ ազատագրուիլ ուզող բոլոր քաղաքական ուժերուն միջոցով», ըսաւ ան:
«Այսօր Ամերիկան իբրեւ ժողովուրդներու թշնամի կը գործէ եւ աշխատանք կը տանի իսլամական ծրագիրի արմատներն ու մեր շրջանին մէջ մարդոց իրաւունքները հարուածելու», նշեց շէյխ Քասեմ:
«Ամերիկան եւ Իսրայէլը Իսլամական հանրապետութեան դէմ երեք պատերազմներու ընթացքին ձախողեցան` իրանցի ժողովուրդի միասնականութեան ու դիմացկունութեան պատճառով», շեշտեց ան:
«Այնքան ատեն որ կը տոկանք եւ մեր իրաւունքներն ու հողերը կը պաշտպանենք, անոնք իրենց ծրագիրը պիտի չիրագործեն եւ պիտի չյաջողին, նոյնիսկ եթէ մեծ զոհաբերութիւններ կատարենք ու արատ արիւն թափենք», աւելցուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Այս մեծ զոհաբերութիւններն ու արատ արիւնը միասնականութեան հետ թշնամիներու ծրագիրը պարտութեան մատնելու բնական դարպասներն են», ըսաւ ան:
«Որեւէ դիմադրողականութիւն, ինչ ալ ըլլայ անոր գինը, թշնամիին յառաջխաղացքը կը կանգնեցնէ եւ մեզի համար ճամբայ կը հարթէ` հետագային մեր դիրքը վերականգնելու», նշեց շէյխ Քասեմ:


