Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներու անհետացման տարելիցին առիթով նշեց. «Սատըրը մերժեց, որ հարաւային Լիբանանը մնայ մոռցուած շրջան կամ բանակցային խաղաքարտ, ան հողը պաշտպանող զէնքը միայն պետութեան օրինական զէնքը նկատեց»:
«Աշխատանք կը տանինք իրականացնելու անհետացուած իմամի ուզածը` հզօր ու արդար պետութիւն մը, եւ իր բանակով, անվտանգութեան իր ուժերով, իր ժողովուրդով եւ դիմադրողականութեամբ պաշտպանուած Հարաւ մը», շեշտեց նախագահը:
«Իմամ Սատըրի անհետացման թղթածրարը ազգային ու մարդկային բաց մնացած հարց է, եւ պիտի շարունակենք անոր ու իր ընկերակիցներուն ճակատագիրին ամբողջական բացայայտումը պահանջել», յայտնեց Աուն:


