Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ խմբային ախոյեանը:
Պատանիներու հաւաքականը խմբային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւեց, մինչ աւելի երէց պատանիները (մինչեւ 15 տարեկան) գրաւեցին 6-րդ դիրքը:
Հայ մարզիկները ապահովեցին տպաւորիչ արդիւնք` նուաճելով ընդհանուր 26 մետալներ` 7 ոսկիէ, 12 արծաթէ եւ 7 պրոնզէ մետալներ:
Նշենք, որ պատանիներու հաւաքականը մեկնած էր իրեն հետ ունենալով աւագ մարզիչ Երուանդ Կիրակոսեան եւ Արսէն Թամրազեան, մինչ աղջկանց աւագ մարզիչն էր Քրիստինէ Պետրոսեան:


