Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական, Բայց Արդեօ՞ք Քաղաքականութիւն

August 29, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Վերջին քանի մը գրութիւններս` «Մէկ հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ», «Մէկ դրօշ, բայց ի՞նչ կը նշանակէ «Համահայկական»-ը», «Միասնական, բայց արդեօ՞ք միակարծիք» եւ «Հիմնադիր կուսակցութեան պատասխանատուութիւնը` պետութեան կողքին, ազգային շահի պահապան», համեստ փորձեր են վերադառնալու հայ քաղաքական մտքի քանի մը հիմնարար հասկացութիւններուն եւ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ վերաքննելու անոնց իմաստը: Այս շարքը, կատակով, բայց նաեւ որոշ լրջութեամբ, սկսած եմ կոչել «Դաշնակիստ գրութիւնները»: Անունը միաժամանակ կը յիշեցնէ Դաշնակցութիւնը եւ հայութիւնը համախմբելու անոր գաղափարը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան հին դաշնակցային գրութիւնները: Այս յօդուածով կը շարունակեմ այդ մտքերու շարքը:

Հայկական հանրութեան մէջ քաղաքական խօսակցութիւնը արտասովոր կերպով աշխուժ է: Մենք կը հետեւինք, կը քննարկենք, կը քննադատենք եւ արագօրէն կը դիրքորոշուինք գրեթէ ամէն հարցի շուրջ: Սակայն քաղաքական աշխուժութիւնը դեռ քաղաքական կարողութիւն չէ: Այս յօդուածիս հիմնական հարցումը հետեւեալն է. մեր քաղաքական եռանդը ի՞նչ ուժ կը ձգէ իր ետին:

«Քաղաքականութիւն» բառով յաճախ կը խառնենք իրարմէ տարբեր երկու երեւոյթներ: Առաջինը հաւաքական կեանքի կազմակերպման, ուժի կերտման եւ այդ ուժը գործածելու վերաբերող քաղաքական մտածողութիւնն է: Երկրորդը` ներազգային դաշտին մէջ իշխանութեան, դիրքերու եւ լծակներու շուրջ առօրեայ պայքարն է: Վերջինս, այս յօդուածին մէջ, պիտի կոչեմ «փոլիթիքս»` բառը գործածելով ոչ թէ politics-ի ամբողջ իմաստով, այլ անոր նեղ` ներքին իշխանապայքարի իմաստով:

Վերջերս փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ ունեցած խօսակցութիւն մը օգնեց ինծի ճշդելու առաջին եզրը: Արիստոտէլի համար քաղաքականութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքական համայնքի կազմակերպման եւ հասարակաց բարիքի հետապնդման հարց էր: Մարդիկ համայնք մը կը կազմեն ոչ միայն միասին ապրելու, այլ նաեւ միասին գործելու համար: Այս իմաստով քաղաքական մտածողութիւնը կարելի է հասկնալ որպէս հայութեան հաւաքական կարողութիւնը կազմակերպելու եւ գործածելու հարց: Ան երկու ուղղութիւն ունի. ներսը` հաւաքական ուժ կերտել, դուրսը` այդ ուժը գործածել ի շահ ազգին:

Հայկական հաւաքական ուժը հայութեան` Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարածքին, մարդիկ, գիտելիք, դրամագլուխ, հաստատութիւններ եւ յարաբերութիւններ ընդհանուր նպատակներու շուրջ մէկտեղելու կարողութիւնն է: Արտաքին քաղաքականութիւնը այն դաշտն է, ուր այս ուժը կրնայ իր դերը խաղալ միջազգային անիշխան միջավայրին մէջ: Այստեղ իշխանութիւնը հաւաքականութեան համար գործիք է, ոչ թէ` նպատակ:

Փոլիթիքսը ուրիշ բան է: Ան ներազգային դաշտին մէջ պետութեան, կուսակցութիւններու եւ այլ կառոյցներու լծակներուն, պաշտօններուն, միջոցներուն եւ ազդեցութեան ցանցերուն տիրանալու ու զանոնք պահելու պայքարն է: Հայ հանրային կեանքը այսօր կը թուի մեծ մասամբ այս իմաստով քաղաքական ըլլալ: Ասիկա բարոյական մեղադրանք չէ. հայերը աւելի պառակտուած կամ կարճատես չեն, քան ուրիշ ազգեր: Բայց այս ներքին սեւեռումը  կրնայ ունենալ երկու տարբեր աղբիւրներ, որոնք իրարու չեն հակասեր:

Առաջին բացատրութիւնը մեր արտաքին քաղաքական կարողութեան սահմանափակումն է: Երբ հայութիւնը չի կրնար էական չափով ազդել այն որոշումներուն վրայ, որոնք կը ձեւաւորեն իր անվտանգութիւնը, իր տարածական միջավայրը կամ իր ապագայի պայմանները, քաղաքական եռանդը չի վերանար: Ան կը տեղափոխուի այն դաշտը, ուր ազդեցութեան լծակները աւելի հասանելի են` ներազգային դաշտ: Անգարայի, Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի որոշումները մեծ մասամբ մեզմէ կախեալ չեն. իսկ Երեւանի իշխանութեան, կուսակցութիւններու կամ մեր սեփական կառոյցներուն վրայ պայքարը կրնայ յաճախ անմիջական հետեւանքներ ունենալ: Այսպէս, արտաքին անզօրութիւնը քաղաքական եռանդը կը մղէ դէպի ներս, ոչ թէ որովհետեւ ներքին հարցերը աւելի կարեւոր են, այլ որովհետեւ հոն ազդեցութիւն գործադրելը աւելի հնարաւոր է:

Երկրորդ բացատրութիւնը մեր քաղաքական կեանքին պարբերաբար պատահած խոր ցնցումներուն մէջն է կարծես: 1998-ի իշխանութեան փոփոխութիւնը, 2018-ի զանգուածային շարժումը եւ 2020-ի պատերազմն ու պարտութիւնը տարբեր բնոյթի էին, բայց երեքն ալ խախտեցին նախորդ քաղաքական համաձայնութիւնները եւ վերաձեւակերպեցին պետութեան ուղղութեան մասին վէճը: Իւրաքանչիւր ցնցում ոչ միայն փոխեց իշխանութեան դասաւորումը, այլ նաեւ խորացուց քաղաքական բաժանումներն ու անվստահութիւնը` հարցականի տակ դնելով, թէ ո՛վ իրաւասու է խօսելու պետութեան եւ ազգին անունով: Իւրաքանչիւր փուլ թուլցուց վստահութիւնը եւ քաղաքական մրցակցութիւնը վերածեց աւելի խոր պայքարի` անցեալին հետ հաշուեյարդարի, պետութեան ուղղութեան եւ ազգային ինքնութեան շուրջ: Այս պատճառով ներքին քաղաքականութիւնը մեզի համար սովորական իշխանապայքար չի մնար. ամէն նոր փուլ կրնայ ընկալուիլ որպէս նախորդ շրջանի մերժում եւ նոր սկիզբի հաստատում:

Այս երկու բացատրութիւնները զիրար չեն բացառեր: Արտաքին աշխարհին վրայ ազդելու սահմանափակ կարողութիւնը մեր քաղաքական եռանդը կը մղէ դէպի այն ներքին դաշտը, ուր ազդեցութիւնը աւելի հասանելի է: Իսկ 1998-ի, 2018-ի եւ 2020-ի ցնցումները այդ նոյն դաշտը պարբերաբար կը ցնցեն` խորացնելով անվստահութիւնը եւ մրցակցութիւնը: Առաջինը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ քաղաքական եռանդը ներքին կը դառնայ, երկրորդը` ինչո՛ւ այդ ներքին պայքարը ամէն անգամ այսքան սուր եւ գոյութենական կը դառնայ: 2020-էն ետք լարուածութեան սուր աճը, հետեւաբար, պէտք է հասկնալ երկու գործօններու միացեալ ազդեցութեամբ` արտաքին անզօրութեան երկարատեւ պայմանին եւ պատերազմի ու պարտութեան ստեղծած խոր ճգնաժամին:

Այսպիսով կը ստեղծուի ինքնիրեն սնուցանող ընթացք մը: Արտաքին աշխարհին վրայ սահմանափակ ազդեցութիւնը քաղաքական եռանդը կը մղէ դէպի ներքին պայքարներ, մինչ այդ պայքարներուն մէջ սպառուող եռանդը կը խոչընդոտէ նոր հաւաքական ուժի կերտումը:

Այսօրուան հայկական փոլիթիքսը հասկնալու համար բաւական է նայիլ, թէ տարբեր կողմեր ինչպէ՛ս կը սահմանեն իրենք զիրենք իրարու հակադրութեամբ` կուսակցութիւններու, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, Եկեղեցւոյ ու պետութեան, Երեւանի եւ սփիւռքի միջեւ: 1991-ը 2018-ի դէմ է, իսկ 2018-ը` 1991-ի: Ասոնք սովորական տարակարծութիւններ չեն: Կողմերէն իւրաքանչիւրը յաճախ իր գոյութիւնը կը սահմանէ միւսին ժխտումով: Առանց հակառակորդին, շատերու քաղաքական ինքնութենէն կարեւոր մաս մը կը տկարանայ: Ասիկա պատահական վատնում չէ. այսօր ան կարծես քաղաքական մշակոյթի մը վերածուած է:

Ասիկա միայն հայկական երեւոյթ մը չէ: Անտոն Jäger-ի «Hyperpolitics» գիրքը կը նկարագրէ ժամանակակից այն հակասութիւնը, ուր քաղաքական խօսակցութիւնը եւ քաղաքականացումը կը շատնան, բայց մնայուն կերպով հաւաքաբար գործելու կարողութիւնը կը նուազի: Մարդիկ կը միանան համացանցին վրայ կամ փողոց կ՛իջնեն պահուան մը համար, ապա կը ցրուին` առանց նոր հաստատութիւն, շարունակուող կառոյց կամ յաջորդ գործողութեան հիմք ձգելու: Հայկական կեանքին մէջ ալ նման պոռթկումներ նուազ ծանօթ չեն:

Քաղաքական աշխուժութիւնը ինքնաբերաբար հաւաքական ուժ չի ստեղծեր: Անոր համար անհրաժեշտ են կուսակցութիւններ, քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, հետազօտական կեդրոններ, հիմնադրամներ, լրատուական հաստատութիւններ եւ մասնագիտական ցանցեր, որոնք ցրուած անհատները, գիտելիքն ու միջոցները կը վերածեն տեւական կարողութեան: Ուստի ամէն վէճէ, արշաւէ կամ ժողովէ ետք պէտք է հարցնել` ի՞նչ մնաց կանգուն: Նոր կարողութի՞ւն, նոր յարաբերութի՞ւն, նոր կառո՞յց, թէ՞ միայն նոր դիրքաւորում:

Հոս նաեւ պէտք է զգոյշ ըլլալ. վէճը ինքնին ախտ չէ: Առողջ քաղաքական կեանքը տարակարծութիւն կ՛ենթադրէ: Խնդիրը կը ծագի այն ժամանակ, երբ տարակարծութիւնը կը դադրի տարբեր նպատակներու շուրջ բանավէճ ըլլալէ եւ կը վերածուի կողմերու փոխադարձ ժխտման: Այդ պահուն քաղաքական պայքարը այլեւս միջոց չի մնար` հասարակաց նպատակներու շուրջ որոշումներ գտնելու համար, այլ կը դառնայ ինքնութեան եւ գոյութեան հաստատման ձեւ. ասիկա է, որ ներքին տարակարծութիւնը երբեմն կը վերածէ աւելի խոր եւ երկարատեւ հակադրութեան:

Հաւաքական ուժը միայն կառոյցներով չի ստեղծուիր. ան նաեւ ընդհանուր կապի եւ նպատակի կը կարօտի: Ազգայնականութիւնը (ոչ թէ մոլեռանդ իմաստով), այն ձեւերէն մէկն է, որով դարաւոր պատմութիւն ունեցող ազգ մը (ինչպէս հայերը) կը կապուի ինքնիր հետ եւ կը կազմէ ընդհանուր կամք: Հայ քաղաքական եռանդի հիմնական ճգնաժամը այսօր ոչ թէ անոր պակասն է, այլ զայն դուրսի աշխարհին վրայ ազդեցութեան եւ տեւական հաւաքական կարողութեան վերածելու անկարողութիւնն է` կարծես: Ինչպէ՞ս այդ կապը վերածել ուժի եւ զայն գործածել իրատեսօրէն` մեր ձգտումները չշփոթելով մեր կարողութիւններուն հետ: Այդ մասին պիտի փորձեմ համեստաբար գրել յաջորդ յօդուածիս մէջ:

 

 

Նախորդը

Մարալ Եւ Ժիրայր Փանոսեաններ «Երազանք, Արուեստ Եւ Երեւան» Խորագրեալ Ցուցահանդէսով Հանդէս Պիտի Գան Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Պաքուն Կրնայ Ջղջալ, Որ «Սի. Էն. Էն.»-ին Դէմ Դատ Բացաւ` Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Մասին Տեղեկագրութեան Համար

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.