Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Չենք Կրնար Անտարբեր Մնալ Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Քաղաքական Հոլովոյթներուն Նկատմամբ»

August 28, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կը շարունակէ Հայաստանը նկատել եղբայրական երկիր, հետեւաբար մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այնտեղ տեղի ունեցող քաղաքական հոլովոյթներուն նկատմամբ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու նկատմամբ հետապնդումներու նոր ալիքին:

«Մենք չենք խառնուիր գերիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն, ներառեալ Հայաստանի եւ անոր իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան: Հայաստանը կը շարունակենք նկատել եղբայրական երկիր` ժողովուրդ մը, որուն հետ մեզ կը կապեն յատուկ յարաբերութիւններ, որոնք ձեւաւորուած են դարեր շարունակ, հետեւաբար մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այնտեղ տեղի ունեցող քաղաքական հոլովոյթներուն նկատմամբ, մանաւանդ երբ անոնք այս կամ այն ձեւով կապ ունին մեր երկրին հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու առնչուած կարգախօսերու եւ ուրիշ բաներու հետ», ըսած է Զախարովա:

«Ցաւօք, այն բացասական միտումը, որուն 1 ապրիլին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ուշադրութեան հրաւիրած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, կը շարունակուի, այն է` Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանման ու ամրապնդման զօրակցող քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու նկատմամբ իրական բռնաճնշումներու մագլցումը: Եւ, ասիկա, ակնյայտօրէն հակասութեան մէջ կը մտնէ երկկողմանի կապերու համընթաց զարգացման հայկական հասարակութեան հարցախոյզի հետ, որ յստակօրէն դրսեւորուեցաւ յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, եւ կը յուշէ հայկական ուժայիններու յիշատակուած գործողութիւններու քաղաքականացուած բնոյթի մասին», նշած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յստակացուցած է, որ Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ քաղաքական կուսակցութիւններն ու պլոքները, որոնք ջանքեր կը գործադրեն երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման համար, պիտի կարենան հանգիստ մասնակցիլ երկրի ներքաղաքական կեանքին:

«Հանրապետութեան իշխանութիւններուն նման քանդիչ գիծը կտրուկ կերպով կը հակադրուի պաշտօնական Երեւանի հանրային հաւաստիացումներուն, թէ այնտեղ քայլեր չեն ձեռնարկեր Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վատթարացնելու ուղղութեամբ, ինչպէս իրենք կը հաւաստեն:

«Կ՛ակնկալենք, որ քաղաքական կուսակցութիւններն ու պլոքները, քաղաքապետական մակարդակի ղեկավարները, Հայաստանի հասարակական գործիչները, որոնք ջանքեր կը գործադրեն աւանդական երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման համար, պիտի կարենան հանգիստ մասնակցիլ երկրի ներքաղաքական կեանքին, իրենց ներդրումը ունենալ անոր զարգացման, բարգաւաճման գործին մէջ», մատնանշած է ան:

«Ի հարկէ, խօսուն է, որ մեր երկրին նկատմամբ կառուցողականօրէն տրամադրուած քաղաքական գործիչներու եւ հասարակական գործիչներու վրայ ճնշման խստացումը աննկատ կը ձգեն այն քաղաքական ուժերը, որոնք, ինչպէս իրենք կը պնդեն, եւ ասիկա անոնց ուղղակի մէջբերումն է, ժողովրդավարութիւն կը բերեն Հայաստանի մէջ, նախ եւ առաջ, ի հարկէ, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները:

«Բայց ինծի կը թուի, որ ասիկա յաւելեալ հաստատումն է այն բանի, որ հայկական իշխանութիւններու նոր, այսպէս կոչուած, ընկերները կը շարունակեն աչք փակել ամէն ինչի վրայ, որ ձեւով մը կը նպաստէ այդտեղ Եւրոպական Միութեան նպատակներու իրագործման, այն է` լկտի կերպով հանրապետութիւնը, անոր ներուժն ու անոր քաղաքացիները օգտագործել Ռուսիոյ հետ իրենց ճակատումին մէջ», եզրափակած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ի Հայաստանը Հեռացնելու Թէ Չհեռացնելու Որոշումը Կը Պատկանի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդին»

Յաջորդը

Նախկին Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Կալանաւորուեցաւ Երկու Ամիսով

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական  Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում

October 15, 2026
Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի  Համաշխարհային Բ. Պատերազմի  Զոհերու Յուշարձանը
Հայկական

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Զոհերու Յուշարձանը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.