. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները կրնան իսրայէլեան որոշումով ամբողջովին դադրիլ, որովհետեւ Նեթանիահուն կը կեդրոնանայ իր նախընտրական քարոզարշաւի կառավարման վրայ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու անոր բանակցային խմբակը կը դիմագրաւեն քանի մը գործօններ ներառող դժուարութիւն մը, մինչ գոյութիւն ունին ցուցանիշեր, թէ բոլորը, ներառեալ ամերիկացի միջնորդը, այժմ համոզուած են, թէ Իսրայէլի յառաջիկայ ընտրութիւններէն առաջ որեւէ իսկական յառաջընթաց պիտի չարձանագրուի»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Պետական բանակցային խումբին մէջ խառնաշփոթ կը տիրէ. վերսկսած են խօսակցութիւնները պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Սիմոն Քարամի` հրաժարելու ցանկութեան մասին` հիմնուելով իր համոզումին վրայ, թէ յաջորդ փուլը միայն թեքնիք եւ գործադիր բանակցութիւններ կը պահանջէ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Մարքազիա»-ին. «Դեսպան Սիմոն Քարամի` նախագահ Աունի իրեն վստահած ազգային պարտականութենէն հրաժարելու ենթադրեալ փափաքին մասին խօսակցութիւնը սխալ է»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Մարքազիա»-ին. «Ուաշինկթըն սպասուող պաշտօնական այցելութիւններու մասին տեղեկութիւնները կը հերքենք»:
. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն իր գրաւը կը դնէ զօր. Այզենքոթի վրայ` Նեթանիահուին յաջորդելու եւ յաջորդ փուլը ղեկավարելու համար, այդպիսով փակելով Նեթանիահուի ճամբան դէպի լայնածաւալ պատերազմ, որ պիտի սկսի Ալի Թահերէն եւ պիտի օգտագործուի անոր ընտրական ներքին մրցակցութեան մէջ իր սեփական հաշիւներուն ու ձեռքբերումներուն սպասարկելու համար»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Եթէ Իսրայէլ բանակցութիւններուն դուռը փակ պահէ, իսկ փորձնական շրջանները յայտնուին ստուգման մեքանիզմին եւ Ալի Թահեր բլուրին միջեւ, ատիկա Իսրայէլին պիտի արտօնէ առանց զսպումի աւարտին հասցնելու իր կործանարար զինուորական ծրագիրները եւ ամրապնդելու արգելակիչ գօտին` զայն ընդլայնելէ ետք»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլի կողմէ ձգձգումը յստակ խոչընդոտ է շրջագծային համաձայնագիրին համար` սառեցնելով զայն Զաութար Ղարպիէ կոչուող առաջին փորձնական տարածքին մէջ եւ մերժելով այլ փորձնական տարածքներու անցում կատարել, ինչ որ այս համաձայնագիրին համար լուրջ բացասական հետեւանքներ կ՛ենթադրէ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Իտալացի զինուորական ու դիւանագիտական պատուիրակներ լիբանանեան թատերաբեմին վրայ մագոգային ու աշխուժ խորհրդակցութիւններ կատարեցին` հաղորդակցութեան ուղղակի կապեր հաստատելով քաղաքական ու կուսակցական ականաւոր ուժերու, նախ եւ առաջ Հըզպալլայի հետ»:
. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթ. «Լիբանանը զոհն է մեծ դաւադրութեան մը, որ Իրանը կը ղեկավարէ եւ Հըզպալլան կը գործադրէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Օրական վեց ժամ ելեկտրականութեան մատակարարման երազի իրագործումը հետզհետէ կը դժուարանայ, մինչ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ մատակարարման նուազագոյն մակարդակը պահպանելու ամէնօրեայ կառավարման վրայ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «ելեկտրականութեան ընկերութիւնը ներկայիս կը գործէ առաւելագոյնը 500 մեկաուաթ կարողութեամբ` փորձելով գործարաններուն ու ցանցին աշխատանքը պահպանել եւ կարելի եղածին չափ վառելանիւթ խնայել, մինչեւ վառելանիւթի յաջորդ քանակին հասնիլը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պէյրութի օդակայանին Լիբանանի ելեկտրական ընկերութեան ունեցած պարտքը շուրջ 30 միլիոն տոլար է, իսկ ամսական տուրքը կը հասնի շուրջ միլիոն տոլարի, սակայն ընկերութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ իր գումարները չստանայ, օդակայանին ելեկտրականութեան մատակարարո՞ւմը կ՛ընդհատէ»:


