Երկուշաբթի գիշեր Իտալիոյ ֆաշական բռնակալ Պենիթօ Մուսոլինիի թոռը` Ռոմանօ Ֆլորիանի իր առաջին պաշտօնական ելոյթը ունեցաւ Լացիօ Ռոմայի հետ եւ այդ մասնակցութիւնը մեծ ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ պատմական առումով:
Ռոմանօ 19-րդ վայրկեանին փոխարինեց վիրաւոր Ատամ Մարուշիչը Պոլոնիայի դէմ մրցումին, որ տեղի կ՛ունենար Պոլոնիայի «Ռենաթօ Տալ՛արա» դաշտին վրայ:
«Ռենաթօ Տալ՛արա» դաշտը կը կոչուէր «Սթատիօ Լիթորիալէ», որուն բացումը կատարած էր Մուսոլինի 1926-ին` հասնելով իր ձիով, ուր դաշտը իր քաղաքական ֆաշական արշաւի քարոզչութեան մաս կը կազմէր:
Մօտ մէկ դար ետք, իր մեծ թոռը նոյն դաշտին վրայ ելոյթ ունեցաւ: 1943-ին այդտեղ քանդուած էր բռնակալ Մուսոլինիի արձանը, իսկ 1983-ին անիկա կոչուած էր «Ռենաթօ Տալ՛արա»` իբրեւ յարգանք Պոլոնիա ակումբի պատմական նախագահին:
Հակառակ Մուսոլինի մականունը պահելուն իր անձնագիրին մէջ, Ֆլորիանի Մուսոլինի իր շապիկին ետեւ չի կրեր ընտանիքի մականունը, այլ պարզապէս ընտրած է Ռոմանօ անունը, որ իր մեծ հօր` Պենիթօ Մուսոլինիի զաւկին անունն է:
Որոշումի պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ իր զոյգ անունները շատ երկար կրնային ըլլալ շապիկին ետեւ տպելու համար, եւ ան ձեւով մը խուսափած էր քաղաքական «զգայուն» բաժինէն:
Պէտք է ըսել, որ Ռոմանօ Մուսոլինի նախապէս այս նիւթին մասին խօսած էր` նշելով, որ զինք պէտք է դատեն իբրեւ ֆութպոլիստ իր խաղաձեւին գծով եւ ոչ թէ իր ընտանիքի քաղաքական պատմութեան տեսանկիւնէն:


