Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Պաղեստինցի Ուսանողներու Ընդհանուր Միութեան 11-րդ Համագումարին

August 28, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդականը մասնակցեցաւ Պաղեստինցի ուսանողներու ընդհանուր միութեան (GUPS) 11-րդ Ընդհանուր ազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ` 29 յուլիսէն մինչեւ 31 յուլիս 2026:

Համագումարը համախմբեց պաղեստինեան, արաբական եւ միջազգային երիտասարդական ու ուսանողական կազմակերպութիւններ` քննարկելու քաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումները, ամրապնդելու երիտասարդական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ վերահաստատելու միջազգային զօրակցութիւնը Պաղեստինեան դատին:

ՀՅԴ Երիտասարդական պատուիրակութիւնը ներկայացուցին Զաւարեան ուսանողական միութենէն  Շերիլին Տիրացուեան եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն Կարէն Հերկելեան:

Համագումարին, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան ղեկավարութեան եւ միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն, դաշնակցական պատուիրակութիւնը բարձրաձայնեց Արցախի հիմնահարցը` ներկայացնելով արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը եւ հայրենիք վերադարձի անոնց իրաւունքը` ընդգծելով նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:

Միջազգային մասնակիցներու համար կազմակերպուած ծրագիրի ծիրին մէջ ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչը այցելեց Շաթիլայի պաղեստինեան գաղթակայան, ուր ծանօթացաւ պաղեստինցի ժողովուրդի պատմական փորձառութեան:

Համագումարի փակման արարողութեան ընթացքին, ՀՅԴ ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ զօրակցութեան պատգամով` Պաղեստինցի ժողովուրդին եւ իր արդար դատին, շեշտելով երիտասարդութեան ու ուսանողութեան դերը` արդարութեան, ազգային ինքնութեան եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:

Համագումարի ծիրին մէջ, Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) նախագահ Սերճիօ Ամանթէ եւ Պաղեստինցի ուսանողներու ընդհանուր միութեան ղեկավար Սայֆ Աքէլ այցելեցին «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոն: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիա Թաշճեան:

Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու դերը հայ եւ պաղեստինեան դատերու արդար լուծման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ ապագայ համագործակցութեան ու միացեալ նախաձեռնութիւններու հեռանկարները:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը վերահաստատէ, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի գործօն մասնակցութիւնը միջազգային երիտասարդական եւ ուսանողական հարթակներուն կարեւոր միջոց է` ամրապնդելու եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը համախոհ եւ գործընկեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ միջազգային շրջանակներու մէջ ներկայացնելու  Հայ դատը ու հայ ժողովուրդի իրաւունքները:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Ո՛չ Ամէնուն Հետ, Այլ` Ճշմարտութեան Կողքին

Յաջորդը

Մարզական Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.