Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միշտ առեղծուած մնացած է այն, որ մարդիկ հազարաւոր տարիներ առաջ ինչպէ՞ս այդքան ճշգրիտ կառուցած են բուրգեր, երբ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը չկար: Գիտնականներ միշտ կ՛ուսումնասիրեն եւ տարաբնոյթ եզրակացութիւններու կը յանգին: Այն պահուն, երբ կը կարծեն, թէ գտած են գաղտնիքը, նոր տուեալ մը ի յայտ կու գայ, եւ կը սկսին նոր ուսումնասիրութիւններ: NPJ Heritage Science եւ IFLScience կայքերը այս մասին հրապարակած են քանի մը յօդուածներ:
Ն.
Հին Եգիպտոսի արհեստագիտութիւնը վերջապէս «կը բացայայտէ», թէ ինչպէ՞ս իրականութեան մէջ կառուցուած են մեծ բուրգերը
Եգիպտոսի ամէնէն մեծ բուրգի կառուցման առեղծուածը կրնայ վերջապէս լուծուիլ:
Տասնամեակներ շարունակ մասնագէտները կը դժուարանային բացատրել, թէ ինչպէ՛ս հին ժամանակներու աշխատողները բարձրացուցած եւ տեղադրած են միլիոնաւոր հսկայական քարէ զանգուածներ, որոնցմէ քանի մը հատը կը կշռէին մինչեւ 15 թոն` առանց ժամանակակից սարքերու: Չկան գրաւոր աղբիւրներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՞ս մարդիկ այդ ըրած են:
Կը մօտենա՞նք Եգիպտոսի Մեծ բուրգի առեղծուածի բացայայտման: Կրնայ ըլլալ:
Նոր ուսումնասիրութիւն մը կ՛ուրուագծէ, թէ ինչպէ՛ս Քէոփսի բուրգին ներսը պահուած պարուրաձեւ հարթակը նպաստած է անոր կառուցման:
Աւելի ճշգրիտ, եթէ աշխատողները գործածած են «եզրային թեք հարթակ», այդ կը նշանակէր, որ բուրգի արտաքին եզրերուն եղած է իւրաքանչիւր նոր շերտի համար թեք ուղի, այդ անխուսափելի կը ծածկէր այս ուղին:
Այսպիսով, ինչո՞ւ պէտք է կիրարկուէր այս մեթոտը:
Ուրեմն կը նշանակէր, որ հսկայական արտաքին թեք հարթակներու կարիք չէր ըլլար եւ փոխարէնը ատիկա կարելիութիւն կու տար, որ քարերը աշխատողներու կողմէ աստիճանաբար տեղաշարժուէին իւրաքանչիւր մակարդակով:
Այդ բաւական հնարամիտ միջոց է` նկատի առնելով ամբողջ կառոյցի ծաւալները:
Համեմատութեան համար նշենք, որ, պատմաբաններու կարծիքով, բուրգը ունի հսկայական 146 մեթր բարձրութիւն եւ 230 մեթր լայնք իր հիմքի երկու կողմերու երկայնքով, եւ կառուցուած է մօտաւորապէս 2.3 միլիոն քարէ զանգուածներէ:
Մենք յոգնած ենք միայն անոր մասին մտածելէն:
Այս պահուած թեք հարթակի պարագայով որքա՞ն ժամանակ կը պահանջուէր յուշարձանի կառուցումը աւարտելու համար:
Ուրեմն պարզելու համար իրականացուած են ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ՛ենթադրեն, թէ զանգուածները տեղադրուած են բաւական հետեւողական` մօտաւորապէս չորսէն վեց վայրկեանը մէկ:
Այդ թափով բուրգի կառուցման աւարտի ժամանակը կը կազմէր մօտ 14-21 տարի: Բայց եկէք իրատես ըլլանք, կան այլ լրացուցիչ գործօններ, զորս պէտք է նկատի առնել` քարհանքը, փոխադրամիջոցը եւ աշխատողներու ընդմիջումները:
Այս բոլորը նկատի առնելով, կառուցումը կրնայ տեւած ըլլալ մինչեւ 20-27 տարի, եւ այս թիւը կը համապատասխանէ գոյութիւն ունեցող ենթադրութիւններուն:
Պահուած թեք հարթակը կրնայ նաեւ կարեւոր դեր խաղալ բուրգին ներսը յայտնաբերուած դատարկ տարածքներու առեղծուածը լուծելու գործին, քանի որ կարգ մը մասեր կրնան տակաւին պահպանուած մնալ:
Հին թագաւորութեան արհեստագիտութիւնը կը բացառէր երկաթէ գործիքները, անուաւոր ծանր փոխադրամիջոցը եւ բարդ ճախարակները, բայց թոյլ կու տար գործածել պղինձէ սայլեր, ջուրով իւղոտուած սահնակներ, պարաններ, լծակներ, հողէ աշխատանք եւ Նեղոսի բեռնանաւեր :
Տակաւին կը մնայ հարցում մը. ինչպէ՞ս այն ժամանակուան շինարարները տրամաբանօրէն կրցած են իրականացնել այս տպաւորիչ եւ ճշգրիտ կառոյցները` գործածելով հսկայական նիւթեր, բայց սահմանափակ արհեստագիտութիւն:
Հնագէտները կը պնդեն, որ 25 հազար տարուան հնութիւն ունեցող բուրգը մարդիկ չեն կառուցած
Կունունկ Պատանկ բուրգ, Ինտոնեզիա
«Կինես»-ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքը պաշտօնապէս նշած է, որ Եգիպտոսի մէջ գտնուող Ճոսըրի աստիճանաւոր բուրգը աշխարհի մէջ ամէնէն հինն է (ՔԱ շուրջ 2630 թուական), սակայն հնագէտներ աւելի ուշ պնդած են, որ Ինտոնեզիոյ մէջ գտնուող Կունունկ Պատանկ բուրգի շերտ մը կառուցուած է ՔԱ 25000 թուականին:
Այդ ատենէն ի վեր կասկածներ կան, թե արդեօք այդ կառոյցը մարդածի՞ն եղած է:
Հիլմանի գլխաւորած ուսումնասիրութեան մէջ գիտնականները կը նշեն, որ բուրգի միջուկը բաղկացած է մանրակրկիտ քանդակուած զանգուածային լաւայէ, եւ թէ բուրգի ամէնէն հին կառոյցի տարրը հաւանաբար ծագած է որպէս բնական լաւայի բլուր, նախքան քանդակուիը եւ ապա ճարտարապետականօրէն պարուրուիլը:
Անոնք կը գրեն. «Այս ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ վերջին սառցադաշտային դարաշրջանէն ի վեր գոյութիւն ունեցող քարագործութեան յառաջադէմ հմտութիւններու վրայ: Այս յայտնագործութիւնը կասկածի տակ կը դնէ աւանդական այն կարծիքը, որ մարդկային քաղաքակրթութիւնը եւ յառաջադէմ շինարարական արհեստագիտութեան զարգացումը ի յայտ եկած են միայն… երկրագործութեան ի յայտ գալու հետ` մօտաւորապէս 11 հազար տարի առաջ»:
«Ապացոյցներ Gunung Padang-էն եւ այլ կայքերէ, կ՛ենթադրեն, թէ շինարարական յառաջադէմ մեթոտները արդէն գոյութիւն ունէին, երբ երկրագործութիւնը ստեղծուած է:
Շինարարները պէտք է որ օժտուած ըլլային որմնադրութեան ուշագրաւ կարողութիւններով:
Բրիտանացի հնագէտ մը մերժած է այս յօդուածը` ըսելով, թէ զարմացած է, որ անիկա հրապարակուած է եղածին պէս:
Քարտիֆի համալսարանի դասախօս Ֆլինտ Տիպլ ըսած է, որ չկան յստակ ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն, որ թաղուած շերտերը կառուցուած են մարդոց կողմէ: Բլուրէն իջնող նիւթը, միջին հաշուով, կը կողմնորոշէ: Չկայ աշխատանքի կամ որեւէ բանի ապացոյց, վկայելու համար, որ այդ մարդածին է:
Կունունկ Պատանկէն յայտնաբերուած 27 հազար տարեկան հողի նմուշները, հակառակ ճշգրիտ թուագրման, մարդկային գործունէութեան հետքեր չեն պարունակեր, ինչպիսիք են փայտածուխը կամ ոսկորներու բեկորները:
Յօդուածին հեղինակները քննադատութեան արձագանգած են ըսելով. «Մենք իսկապէս բաց ենք աշխարհի տարբեր հետազօտողներու համար, որոնք կ՛ուզեն գալ Ինտոնեզիա եւ իրականացնել Կունունկ Պատանկի վերաբերեալ հետազօտական ծրագիր մը»:
Գիտնականները Ափրիկէի տակ պահուած երկու հսկայական առեղծուածային կառոյցներ յայտնաբերած են:
Մեզմէ շատեր կեանքի ամենաբարդ հարցերու պատասխանները կը փնտռեն աստղերէն: Բայց իրականութեան մէջ, ամէնէն մեծ առեղծուածներէն քանի մը հատը պահուած են մեր ոտքերուն տակ:
Կարելի է մտածել, որ մենք արդէն բաւական լաւ գիտենք Երկիրը, բայց, ըստ էութեան, մեր մոլորակին միջուկը կը մնայ առեղծուածի մէջ պարուրուած:
Իրօք, Ափրիկէի եւ Խաղաղական ովկիանոսի տակ կան երկու հսկայական գնդիկներ, որոնք կը գրաւեն աշխարհի ամբողջ ծաւալի մօտ վեց առ հարիւրը: Բայց եւ այնպէս, մենք տակաւին ամբողջովին վստահ չենք, թէ անոնք ի՞նչ բանէ պատրաստուած կամ ուրկէ՞ եկած են:
Կան շարք մը վարկածներ, որ անոնք ովկիանոսային կեղեւի կոյտեր են, որոնք կուտակուած են միլիառաւոր տարիներու ընթացքին:
Սակայն աւելի հետաքրքրական տեսութիւնը այն է, որ անոնք հին մոլորակի հսկայական կտորներ են, որոնք շուրջ 4.5 միլիառ տարի առաջ զարնուած են Երկրին:
Այս իրերու զանգուածայնութեան մասին պատկերացում կազմելու համար, Ափրիկէի տակ գտնուող կառոյցը` Տուկօ անունով յայտնի տարածքը, կ՛ենթադրուի, թէ ունի շուրջ 800 քմ. բարձրութիւն` համարժէք իրարու վրայ տեղադրուած 90 Էվերեսթ լերան:
Էվերեսթ
Այս հրէշաւոր կազմաւորումներու ծագումը որոշելու խնդիրը այն է, որ Երկրի միջուկը դիտարկելու ուղղակի եղանակներ չկան:
Մարդու կողմէ երբեւէ փորուած ամէնէն խոր փոսը` անուանուած «դժոխքի մուտք»-ը, հասած է բաւական ապշեցուցիչ 12.263 մեթրի, բայց այդ նոյնիսկ մօտ չէ երկրակեղեւի մէջէն դէպի վարի շերտերը ճեղքելուն:
Հողին տակ գտնուողը վերլուծելու մեր ամէնէն արդիւնաւէտ գործիքը սեյսմիկ տոմոկրաֆիա կոչուող արհեստագիտութիւնն է, որ կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՞ս ուժային ալիքները կը տարածուին երկրաշարժներու ատեն:
Քանի որ ժայռերն ու հեղուկները տարբեր խտութիւններ ունին, ալիքները անոնց մէջէն կը շարժին տարբեր արագութեամբ:
Մակերեւոյթի տարբեր կէտերէն ցնցումները չափելով` երկրաբանները կրնան որոշել, թէ ի՛նչ տեսակի նիւթի միջոցով կ՛անցնին ալիքները, եւ այդպիսով քարտէսագրել Երկրի ներքին մասը:
Ճիշդ այս արուեստական կիրարկման շնորհիւ յայտնաբերուած են երկու անսովոր կառոյցներ` յայտնի որպէս մեծ ցած սղման արագութեան մարզեր (LLSVP):
Ալիքները այս հատուածներուն մէջ, որոնք յայտնի են որպէս «գնդիկներ», աւելի դանդաղ կը շարժին, քան շրջակայ ստորին շրջանին մէջէն, բան մը, որ ցոյց կու տայ, որ անոնք կազմուած են այլ նիւթէ մը:
Թէյա անունով հին մոլորակի մնացորդներ են ` գաղափար մը, որ յայտնի է որպէս «հսկայական բախման վարկած»:
Ըստ այս վարկածին, շուրջ 5 միլիառ տարի առաջ Հրատի չափի մարմին մը բախած է Երկրին:
Այս բախումը ոչ միայն ստեղծեց այն մոլորակը, զոր մենք այսօր տուն կ՛անուանենք, այլ նաեւ երկնաքարեր նետեց` ձեւաւորելու համար մեր գիշերային երկինքը լուսաւորող լուսինը:
Թէայի մնացորդներէն մի քանին նոյնպէս խորտակուեցան մոլորակին յատակը` հաւանաբար նստելով միջուկէն վերեւ տեղ մը, այդպիսով ձեւաւորելով երկու LLSVP-ներէն առնուազն մէկը:
Մասնագէտները տասնամեակներ շարունակ ուսումնասիրած են տարածքը, բայց տակաւին կարելի չէ հաստատ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը ներկայացնեն այս երկու հսկայ գնդիկները :
Թէայի ուսումնասիրութիւնները կարեւոր պատկերացում տուած են այն մասին, որ ինչպէ՞ս բախումը կարողացած է խթանել մեր մոլորակէն ներս սալերու (plate) յօրինուածական (tectonic) եւ ծածկոյթի (mantle) շարժումը, որոնք կարեւորագոյն հոլովոյթներ են ձեւաւորման համար այն աշխարհին, որուն վրայ մենք կ՛ապրինք:
Այս նաեւ օգտակար յիշեցում է, որ մենք դեռ շատ բան ունինք սորվելու մեր մոլորակին եւ մեր ծագման մասին:
Այս տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Երկիրը, ըստ երեւոյթին, եօթը ցամաքամաս չունի:
Մանկութենէն մեզի կը սորվեցնեն, որ աշխարհը կազմուած է Ափրիկէէն, Անթարքթիքայէն, Ասիայէն, Ովկիանիայէն, Եւրոպայէն, հիւսիսային Ամերիկայէն եւ հարաւային Ամերիկայէն: Բայց նոր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ իրականութեան մէջ այդպէս չէ:


