Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3. Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի նոր կայքէջը

August 26, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի ապագային, կազմակերպման եւ համահայկական ներուժի օգտագործման մասին վերջին ամիսներու քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Փարիզի մէջ 11-12 Ապրիլ 2026-ին կայացած Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը և Յուլիս ամսուն կայացած առցանց ժողովը։

Այս առումով կարեւոր է յատկապէս անդրադառնալ նոր ստեղծուած կայքէջին՝ spyurkconference.org։

Կայքէջը մէկտեղուած կերպով կը ներկայացնէ Խորհրդաժողովի օրակարգը, ելոյթները, կլոր սեղաններու քննարկումները, յայտարարութիւնները, մամուլի արձագանգները եւ յաջորդող աշխատանքները։ Խորհրդաժողովին մասնակցած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 մտաւորականներ, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներ։

Կայքէջին ամենակարեւոր բաժիններէն մէկը կլոր սեղաններու համառօտագիրերն են։ Անոնք կարեւոր են ոչ միայն որպէս կլոր սեղաններու արձանագրութիւն, այլեւ որպէս փորձ՝ այսօրուան Սփիւռքի առջեւ դրուած հիմնական հարցերը համակարգելու եւ հետագայ աշխատանքներու համար քաղաքական ու ռազմավարական ուղղութիւններու ձեւակերպման։

Այս բոլորը պէտք է դիտարկել այսօրուան Սփիւռքի շուրջ տեղի ունեցող աւելի լայն քննարկումներու համատեքստին մէջ։ Այս պատճառով ալ համառօտագիրերը յատուկ ուշադրութեան արժանի են։ Անոնք կը փորձեն տարբեր մասնագէտներու, շրջանակներու կարծիքներն ու առաջարկները վերածել աւելի համակարգուած օրակարգի եւ կրնան հիմք հանդիսանալ հետագայ քննարկումներու, նախաձեռնութիւններու եւ համագործակցութեան։

Խորհրդաժողովին ընթացքին գումարուած չորս կլոր սեղանները քննեցին հետեւեալ նիւթերը (բոլորին համառօտագիրերը՝ այստեղ).

1. Սփիւռքի Ռազմավարական Դերը Ազգային Հիմնախնդիրներու Լուծման Մէջ. Ո՞րն է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը

2. Ազգային Արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը՝ Սփիւռքի մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման համար․ Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

3. Հայաստան–Սփիւռք Յարաբերութիւններու Հիմնահարցեր եւ Հորիզոններ

4. Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու

Սփիւռքի ապագան չի կրնար որոշուիլ միայն Սփիւռքի մասին խօսելով։ Ան կը պահանջէ կազմակերպուած երկխօսութիւն, ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ համախոհութիւն եւ, ամենակարեւորը՝ այդ համախոհութիւնները գործի վերածելու կարողութիւն։ Այս կայքէջը այդ աշխատանքի մէկ կարեւոր հանգրուանն է եւ պիտի փորձէ դառնալ հարթակ՝ այդ ուղղութեամբ կատարուող հրապարակումներուն եւ քննարկումներուն համար։

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի
Համադրող Կազմ
26/08/2026

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Փորձառուներու Կարծիքով… Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը  Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան  Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են  Թրամփի Թեկնածութիւնը»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են Թրամփի Թեկնածութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.