Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանէն Շարունակականութեան Եւ Փոփոխութեան Դրուագներ

August 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Ծ. Խ.- Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք այս հետաքրքրական յօդուածը` անգլերէնէ թարգմանուած: Նարեկ Սէֆէրեանը անկախ հետազօտող է: Իր գրութիւններուն կարելի է հետեւիլ նաեւ, այցելելով naregseferian.com կայքէջը:

 «Ասսալամու ալէյքոմ» (արաբերէնով` «Բարեւ ձեզ», խմբ.)…

Ոեւէ մէկը Երեւանի մէջ ինծի այդպէս երբեք չէր մօտեցած եւ չէր ողջունած:

Բնազդաբար, «Ուա ալէյքոմ սալամ» («Եւ ձեզ ալ բարեւ», խմբ.)… ըսելով պատասխանեցի:

Սովորական երեւոյթ ունեցող տղամարդ մըն էր` գուցէ իմ տարիքիս, հաւանաբար քիչ մը աւելի մեծ: Մասամբ ճաղատ էր, մութ հագած: Պայծառ գոյներով «հիճապ»-ով կինը կ’ընկերակցէր. ան կը քշէր սայլակ մը, որուն մէջ անուշիկ փոքրիկ մը պառկած էր: Տէրեան փողոցը անցնելու վրայ էինք` Երեւանի կեդրոնը, օփերային քովը, դէպի Կարապի լիճին անկիւնը:

«Ֆալասթինէն (Պաղեստին, խմբ.) եմ: Հաճիք, կ’օգնէ՞ք …»:

Ձեռքս սրտիս մօտ դրի եւ զղջման ու կարեկցանքի արտայայտութեամբ թեթեւ մը խոնարհեցայ: Օգնութիւն խնդրողներուն մեծաւ մասամբ այդպէս կ’արձագանգեմ: Մեծցած եմ հասարակութեան մը մէջ, ուր ողորմութիւն ուզողներու պակաս չկար, եւ ան յաճախ կազմակերպուած բնոյթ կը կրէր: Հազուադէպօրէն դէպք կը պատահի, երբ ինքզինքս կրնամ համոզել փողոցը անծանօթի մը գումար տրամադրել: Միշտ զգուշ եմ եւ Երեւանի պէս քաղաքի մը մէջ կ’ենթադրեմ, որ հաւանաբար նմանօրինակ անձեր դիմացս կ’ելլեն, ինչպէս ալ եղած է. տարիներու ընթացքին նոյն մարդիկ նոյն պատմութիւնը կը պատմեն, նոյն խաբեբայութեամբ կը զբաղին: Հիմա, այս ընտանիքը չէի ճանչնար, անկարելի էր պնդել` խաբեբա՞յ էին, թէ՞ ոչ: Յամենայն դէպս, չկրցայ իրենց օգնելու տրամադրութիւն յայտնել:

Ամէն անգամ սիրտս կտոր-կտոր կ’ըլլայ: Առաջին անգամ կը յիշեմ` երբ առանձին կը բնակէի Երեւանի մէջ, շէնքի մը իններորդ յարկը, 2002-ին: Դուռին զարկն էր. բացի եւ դիմացս մուրացկան կին մը ելաւ: Երկու պատճառով շատ ազդուեցայ: Նախ` այս անձը ըլլալու էր մէկը, որ ահաւոր թշուառ վիճակի մէջ կը գտնուէր: Այդ մեծ շէնքին բոլոր յարկերը կը բարձրանար եւ օգնութիւն խնդրելու բախտը կը փորձէր: Յետոյ` ան հայերէ՛ն կը խօսէր: Մինչեւ այդ պահը կեանքիս մէջ բոլոր հանդիպած մուրացկանները հայախօս չէին: Ինծի պէս երիտասարդ հայորդիի մը համար պատահածը ցնցիչ էր:

Իսկ հիմա, այս պաղեստինցի ընտանիքը… Երեւան ի՞նչ գործ ունէր: Աստուած միայն գիտէ` ինչերէ անցած էին: Հազիւ կրնայի երեւակայել, իսկ «ահաւոր վիճակ» ըսելը, երեւակայածիս համեմատած, թոյլ նկարագրութիւն մը պիտի ըլլար: Այնքան մեղաւոր զգացի, որ չօգնեցի իրենց եւ մտածեցի, թէ ի՛նչ կրնային ընել, որպէսզի ձեւով մը աջակցութիւն ստանան:

Ի՞նչ կ’ընէին Երեւան, անընդհատ կը մտածէի: Ինչպէ՞ս հոս հասած էին անոնք: Վերջին տարիներուն նոր «անոնք»-ներ կան այս քաղաքին մէջ` շատ մը նոր «անոնք»-ներ, իրականութեան մէջ: Ես կը քաջալերուիմ այդ փաստով եւ գրկաբաց կ’ընդունիմ: Բայց բոլոր ծանօթներս այդպէս չեն: Քսան տարի եւ աւելի Երեւանի մէջ պատահածները նկատելով` բաւական յստակ յիշողութիւններ ունիմ, թէ կացութիւնը ինչպէ՛ս էր: Գուցէ ոչ այնքան յստակ ձեւով կը հասկնամ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ փոխուած է ան, սակայն հարկաւ այդ բոլորին շուրջ մտորումներ եւ զգացումներ ունիմ:

* * *

Բազմաթիւ միջավայրերու մէջ մեծցած եմ: Երեւանի միատարր բնոյթը բաւական մը ազդեցութիւն ունեցած է վրաս: Կայ, կամ կար, քիչ թէ շատ միայն մէկ տիրապետող լեզու, ան ալ այդ հայերէնը չէր, որ կը խօսէի: Կայ, կամ կար, քիչ թէ շատ միայն մէկ տիրող արտաքին երեւոյթ, այսինքն` հագուածք-շքուածք, շարժուձեւ, վարուելակերպ: Նաեւ` քիչ թէ շատ միայն մէկ վերաբերմունք եղած է օտարներուն հանդէպ` բարեհամբոյր մօտեցում եւ հիւրասիրութիւն: Այդ հանգամանքը հրաշալի է:

Այսօր Երեւանի փողոցները քալելու ատեն` ըլլայ կեդրոնը կամ այլուր, տարբեր տեսակի հայերէններ կը լսուին: Ռուսերէնը անշուշտ ներկայ եղած է. այսօր կը պակսի, սակայն տակաւին անկասկած քաղաքին մաս կը կազմէ: Անգլերէնը ամէնուրեք է: Քաղաքին մէջ ամէն տեղ տարբեր արտաքին երեւոյթներով եւ շարժուձեւերով մարդիկ կան: Հնդկաստանէն եւ Ֆիլիփինեաններէն համայնքներ կան, Ռուսիոյ եւ Իրանի հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներ, որոշ արաբական երկիրներէ ժամանած բնակիչներ: Ուրիշներ ալ ըլլալու են, որոնց մասին տեղեկութիւն չունիմ: Բաւական աշխուժ է: Գոնէ` մակերեսային ակնոցով դիտուած: Պաղեստինէն այդ ընտանիքն ալ ունի իր պատմութիւնը, զոր բացայայտելէ կը խուսափիմ: Շատ մը ռուսեր նոյնպէս ողբերգական քաղաքական պատճառներով իրենց տուները եւ ընտանիքները ձգած են: Հնդկաստանէն ժամանած աշխատաւորներու մասին ատեն-ատեն յուսահատեցնող լրատուական նիւթ կը հրապարակուի: Փաստօրէն գաղթական աշխատողները երբեմն կը չարաշահուին:

Կը յիշեմ Իրլանտայի մասին կարդացած ըլլալս, թէ ինչպէ՛ս 1990-ականներէն սկսեալ զգալի փոփոխութիւններ ապրեցաւ: Հասարակութիւն մը, որ դարերէ ի վեր արտագաղթող մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցած էր, յանկարծ աշխարհի տարբեր անկիւններէ համայնքներու տուն դարձաւ: Աննախադէպ երեւոյթ մըն էր: Իրլանտացիներուն համար անոր ընտելանալը ժամանակ առաւ: Հայաստանի պարագան այսօր միեւնոյնն է: Մէկ կարեւոր տարբերութեամբ, որ Հայաստան եկողներէն շատերը գուցէ ժամանակաւոր կացութեան մէջ են եւ ի մտի ունին վերադարձ` իրենց օճախները կամ գաղթ` աւելի բարւոք երկիրներ: Եւս մէկ տարբերութիւն` Հայաստանը պատերազմ տեսած երկիր մըն է, տակաւին այդքան ալ կայուն չէ, եւ ինքն իսկ մարտահրաւէր ունի վերջին տարիներուն Արցախէն հեռացած իր հայրենակիցները տեղաւորելու:… Ա՛լ ուր մնաց խանդաղատանքը` այլ երկիրներէ ժամանած ներգաղթողներու կամ գաղթական աշխատողներու:

Նաեւ կան այլուր գտնուող հայեր, որոնք Հայաստանի բնակչութեան փոփոխութիւններու մասին կրնան տարբեր-տարբեր կարծիքներ ունենալ: Այդ կարծիքները Երեւանի կառավարութեան քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն չեն բանեցներ: Սակայն, նորէն ալ, ամբողջ հայ ազգի շարժառիթները չափելու համար կ’արժէ սփիւռքէն մտորումներ եւ զգացումներ ի մտի ունենալ, որքան որ ալ հնարաւոր ըլլայ: Երեւանը շատ փոխուած է: Սփիւռքահայերու համար ժամանակին հմայիչ, շատ հայկական վայր ըլլալէ անցած է դեռ հմայիչ քաղաքի, պարզապէս` աւելի բազմազան: Նաեւ բաւական ահաւոր երթեւեկի խճողում ունի եւ կարծես, թէ ամէն անկիւն շինարարութեան տարածքի վերածուած է:

Անոնց համար, որոնք վերջին երկու տասնամեակին Երեւանի փոփոխութիւններուն ականատես եղած են, կրնայ ըլլալ որոշ նորութիւններ ափսոսալի ըլլան, բայց նաեւ շատ ողջունելի նորութիւններ նկատի առնուին: Չեմ ուզեր ըսել, որ փոփոխութիւնը անխուսափելի է, բոլորս ալ ուզենք-չուզենք պէտք է ենթարկուինք եղախոխութեան եւ այլն: Մարդկային հասարակութեան մէջ որեւէ երեւոյթ որպէս այդպիսին անխուսափելի չէ: Մարդիկ որոշումներ կը կայացնեն: Կառավարութիւններ քաղաքականութիւն կ’որդեգրեն: Անհատներ ըստ իրենց շահերուն կը գործեն:

Այս նիւթին շուրջ խօսակցութիւններու ժամանակ, մանաւանդ` սփիւռքահայ բարեկամներու հետ, ամէնէն շատ կը շեշտեմ հետեւեալը. տեսէ՛ք, մարդկային պատմութեան մէջ բոլոր հարուստ վայրերը բազմազգի են: Ուրիշ ձեւ պարզապէս գոյութիւն չունի: Այսօրուան Նիւ Եորքը կամ Փարիզը ի մտի ունեցէք: Հին աշխարհի Հռոմը կամ միջնադարեան Պոլիսը` նոյնպէս: Այդ քաղաքները նոյն ձեւով բազմալեզու էին եւ բազմակրօն: Նաեւ մի՛ անտեսէք հազար տարի առաջուան Անիի պատկերը կամ Սիսի պարզած իրավիճակը` քանի մը դար առաջ: Անոնք եւս ոչ հայ համայնքներով լեցուած էին, ըլլան վաճառականներ, զինուորներ, կամ այլք: Հարուստ վայրերը ամէն տեսակի մարդիկը կը ներգրաւեն` ազգային կամ կրօնական բազմազանութիւն բերելով, կամ, այո՛, բերելով անոնք, որոնց կողքէն անցած է այդ հարստութիւնը, եւ այժմ դժբախտաբար փողոցը մուրացկանութեամբ կը զբաղին: Շինարարութիւնը եւ խճողումը, իրենց կարգին, այդ բոլորին մաս կը կազմեն, թէեւ այսօրուան Երեւանի մէջ աւելի արդիւնաւէտ կարգաւորումներ եւ օրէնքի կիրարկումներ շատ աւելի ցանկալի կրնային ըլլալ:

* * *

«Թ… ա… մ… ա… պ… չէ, ն… յ… ա… ն: Թամանեա՛ն»

Եղբօրս զաւակը կարդալ կը սորվի: Մենք օփերային միւս կողմը կանգնած ենք` Ալեքսանտր Թամանեանի յուշարձանին դիմացը, որ ճամբան կը բանայ դէպի Քասքատներ: Քանդակուած անձին անունը այդ մատղաշ մանուկին իմանալ փորձել կու տամ. քիչ մը կմկմալով կ’անցնի, բայց կը յաջողի: Անծանօթ մէկը` միջին տարիքէն բարձր տղամարդ մը, մօտէն կը հետեւի եւ կը հիանայ:

«Էս ի՛նչ լաւն ես դու: Իսկապէս հրաշալի է» կը բացագանչէ:

Խօսքի կը բռնուինք: Ան զիս ու ընտանիքս կը գովէ, որովհետեւ Երեւան տեղափոխուած ենք: Կ’ըսէ, որ քանի տարի ե՛ւ Ռուսաստան, ե՛ւ Ամերիկա ապրած է, եւ իսկական հայ ըլլալը միայն Հայաստանի մէջ կ’երաշխաւորուի: Այս մօտեցումը զիս շատ կը խանգարէ: Կը փորձեմ որոշ փաստարկներ յառաջ բերել, սակայն շուտով կը յանձնուիմ: Այդ տղամարդը իր համոզմունքով արդէն ինքնավստահ ու հաստատակամ է:

Ո՞վ է իսկական հայը, ինչպէ՞ս կրնայ մէկը իսկական հայ ըլլալ եւ մնալ եւ այլն, շատ խնդրայարոյց եւ քարացած հարցադրումներ են: Իմ կարծիքովս, իսկական հայկական ինքնութիւնը ներկայացնել միայն Հայաստանի շրջանակներէն ներս` այդքան ալ համոզիչ ձեւ մը չէ: Այս հարցը երկար քննարկուած է. այնպէս որ, վստահ չեմ հոս որքանո՞վ կրնամ որեւէ նորութիւն բերել: Միայն կրնամ նշել, որ ամէն մարդ տարբեր կը մտածէ եւ կը դիտէ:

Անհատներ եւ ընտանիքներ տեսած եմ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի մէջ, որոնք ուժեղ հայկական ինքնութիւններ ունին` մեր մշակոյթը փոխանցելով իրենց զաւակներուն: Իսկ «մեր մշակոյթը» ըսելով տարբեր ոլորտներու մասին կարելի է խօսիլ` լեզու կամ լեզուներ, կրօն, ուտեստեղէն եւ շատ մը այլ բաներ: Նաեւ անհատներ եւ ընտանիքներ տեսած եմ, որոնց համար հայկական ինքնութիւնը կամ մշակոյթը իրենց կեանքին յատուկ մաս չէր կազմեր, այո, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի մէջ: Ընտանիքներ տեսած եմ, որոնց ծնողներէն մէկը օտար ըլլալով` տարբեր չափերով հայկական ինքնութիւն եւ մշակոյթ  սկսած են կրել. այդ դասակարգի անձերը անգլերէնով երբեմն «ABC» կը կոչուին` «Armenians By Choice», այսինքն` հայ ըլլալու ընտրութիւններ կատարածներ: Նաեւ տեսած եմ ամբողջովին հայ ընտանիքներ, որոնք Հայաստանը կամ հայկական ինքնութիւնը կամ մշակոյթը անտեսած են կամ արժէք չեն տուած: Այս մէկը որեւէ պատճառով կրնայ տեղի ունենալ: Այս մէկը չեմ նշեր` որպէս քննադատութիւն կամ նոյնիսկ դատապարտութիւն: Օրինակի համար, վերջերս գաղթած ընտանիք մը, որ հազիւ կրնայ իր օրուան հացը ապահովել նոր միջավայրի մը մէջ, հեռու` հայկական եկեղեցի յաճախելէ կամ զաւակները հայկական դպրոց արձանագրելէ, կրնայ ժամանակը կամ միջոցը չունենալ: Նոյնպէս` Հայաստան նեղ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներ կան, պէտք չկայ նշելու, որոնց համար հայկական ինքնութիւնը կամ մշակոյթը առօրեայ կեանքի մէջ դիտաւորեալ ձեւով մտածելու երեւոյթներ չեն, բայց որոնց համար կրաւորական մօտեցում են եւ այդպէս ալ կ’արտայայտուին: Հայկական սփիւռքին մէջ անհատներ եւ ընտանիքներ կան, որոնք ոտք իսկ չեն դրած Հայաստան, պարզապէս որովհետեւ իրենց մտածելակերպով եւ զգացումներով մեր հայրենիքը չունի, կամ ալ, որովհետեւ պարզապէս միջոցը չունին: Եւ այլն, եւ այլն:

Հաւանաբար կը չափազանցեմ, բայց այդ միջին տարիքէն բարձր տղամարդոց համար կ’ըսէի, որ եղբօրս զաւակը մշակոյթի, ինքնութեան եւ հայ ըլլալուն ձեւով մը յաղթանակն էր` յաղթահարելով տարբեր տեսակի ազգային կարծրատիպեր եւ կաղապարներ, սպասելի վտանգներ եւ մտավախութիւններ: Արդեօք այդ տղամարդը մեզմէ քանի մը փողոց անդին ինծի հանդիպած այդ պաղեստինցի ընտանիքին հետ ինչպիսի՞ վերաբերմունք պիտի ունենար: Իրենց ներկայութիւնը անոր համար ազգային ինքնութեան կամ մշակոյթին հանդէպ սպառնալի՞ք պիտի նկատէր, թէ՞ իրենց հիւրասիրաբար պիտի ընդունէր որպէս ծանր ճակատագիր կրող օտարականներ` վերջին սերունդներու շատ մը հայորդիներու նման, եւ ի վերջոյ, իրենց հանդէպ աւելի սիրալիր եւ օգտակար պիտի ըլլար, քան` անձս:

Հայաստանը եւ հայ ազգը վերջին տարիներուն սաստիկ հետեւանքներ ունեցող փոփոխութիւններու մէջէն անցած են, յատկապէս` նկատի ունենալով առաջին հերթին Արցախի կորուստը: Հայաստանի քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու մասին արդէն շատ գրուած է, եւ լրատուական միջոցներու մէջ անընդհատ այս նիւթը կը քննարկուի: Ասկէ անկախ` այլ տեսակի փոփոխութիւններ կրնան հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի վրայ իրենց տեւական ազդեցութիւնը ձգել: Թէ հայը ո՞վ է, եւ թէ Հայաստանի մէջ իրականութեան մէջ ո՞վ կ’ապրի եւ կ’աշխատի, ասոնք միայն երկու օրինակներ են երեւոյթներու մասին, որոնք լուրջ վերլուծումի եւ գնահատման պէտք է ենթարկուին: Հասարակական գիտութիւններու մէջ որոշ վերլուծական հասկացողութեան շրջանակ մը կայ, որ կը կոչուի շարունակականութիւն եւ փոփոխութիւն (continuity and change): Այս եզրոյթը կը գործածուի` մատնանշելու եւ վերարժաւորելու, թէ ժամանակի ընթացքին հասարակական շարժընթացներու մէջ ի՞նչը անփոփոխ կը մնայ եւ ի՞նչը կը փոխուի: Աւելի ազգայնական, պահպանողական, կամ յետադիմական մօտեցումներ կրնան դժուարութեամբ դիմակալել նոր իրականութիւնները: Այդ իրականութիւնները տակաւին փոփոխական շարժի մէջ են, հետեւաբար որոշ ժամանակ պիտի պահանջէ մինչեւ հայկական պետութեան եւ ազգի շարունակական եւ փոփոխական իրավիճակներու մասին հաստատ եզրակացութիւններ կատարուին:

 

 

Նախորդը

«Firebird» Ընկերութեան Արհեստական Բանականութեան Գլխաւոր Գործատան Առաջին Բաժինի Բացում Հրազդանի Մէջ

Յաջորդը

Անկախութեան Հռչակագիրը` Սակարկութենէ Վեր

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.