Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 22, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Պաշտօնական Լիբանանը ներկայիս բարձր զգօնութեան վիճակի մէջ է` Հարաւի մէջ Իսրայէլի ճնշման աճին պատճառով: Նախագահ Ժոզեֆ Աունի թէ՛ շրջանային, թէ՛ միջազգային հանդիպումները, ներառեալ Իտալիոյ եւ Վատիկանի հետ ներկայիս կատարած հանդիպումները, կը ներկայացնեն Հարաւի մէջ անվտանգութեան միջազգային շրջանակ ստեղծելու հրատապ փորձ` այս տարուան վերջին ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան ժամկէտի աւարտէն մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի պապին հետ հանդիպումը քաղաքական յստակ նշանակութիւն ունի, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ Վատիկանը Լիբանանի հետ կը վարուի իբրեւ ճակատումի թատերաբեմէ մը կամ ապահովական թղթածրարէ մը աւելին` իբրեւ քաղաքական ու մարդասիրական թղթածրար մը, որ հիմնուած է բազմազանութեան, հաւասարակշռութեան եւ համակեցութեան վրայ»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Զինուորական հաստատութիւնը չ՛ուզեր քաղաքական ներքին վէճերու մէջ մտնել, եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն կողմէ տրուող որեւէ որոշումի կը վերաբերի իբրեւ զանոնք գործադրող կողմ, սակայն որեւէ ծրագիրի յաջողութիւնը կարիքը ունի դաշտային ու քաղաքական յարմար պայմաններու»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ալի Թահեր բլուրին ուղղութեամբ իսրայէլեան որեւէ քայլ կապուած պիտի ըլլայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ներքին հաշիւներուն, որովհետեւ ան այդտեղ զինուորական որեւէ արարք կրնայ օգտագործել իր ընտրական հաշիւներուն ծառայող ժամանակի մը մէջ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը գիշերը յարձակումներ գործած է, եւ հրետանին միաժամանակ ռմբակոծած է Ալի Թահեր բարձունքը:

. ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, արտասահման բնակող եւ ամերիկեան վարչակազմին հետ կապի մէջ եղող լիբանանցիներ կը յայտնեն, որ Պէյրութի մէջ լիբանանեան ծագումով դեսպանի ներկայութիւնը հիմնական տարբերութիւն կը բերէ, եւ ան առանցքային դեր կը խաղայ Լիբանանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետաքրքրութեան շարունակման մէջ:

Անոնք կը նշեն, որ Թրամփի հետ անձնական բարեկամ Իսան կարեւոր դեր ունի Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետաքրքրութեան ծիրին մէջ պահելու մէջ` անոր յիշեցնելով Լիբանանի եւ անոր դիրքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու անձնաւորութիւններուն միջեւ ուղղակի հաղորդակցութեան կապը, որ հիմնական գործօն է այդ հետաքրքրութեան ամրապնդման ու շարունակման մէջ:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլան մեկուսացնելու նպատակով սկսած են հաղորդակցութեան կապ ստեղծել Պաալպեք-Հերմելէն մինչեւ Աքքար երկարող սահմանային շրջանին մէջ գտնուող շիի ցեղախումբերուն հետ:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Սկսած են աշխուժ իրաւական եւ վարչական ընթացակարգեր` նպատակ ունենալով վերացնել անվտանգութեան սահմանափակումները աւելի քան 600.000 սուրիացի քաղաքացիներու, որոնց տարիներ շարունակ արգիլուած էր մուտք գործել Լիբանանի տարածք»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզիններու գիները բարձրացան 15000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.471.000 լ.ո.-ի եւ 2.489.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 24000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.399.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.175.000 լ.ո.:

Նախորդը

Զոնապենտ Եւ Սահակեան Հանդիպեցան Կառավարութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Սէյիտ Ֆատլալլա. «Պետութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Իսրայէլեան Յարձակումին Սրման Նկատմամբ Անտարբեր Չմնալու»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.