Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Վերականգնեցինք Հըզպալլայի Անունը Պատժամիջոցներու Ցանկին Վրայ` Իրանեան Վարչակարգին Ծառայելուն Համար»

August 22, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախարարութեան օտար հաշիւներուն հսկողութեան գրասենեակը պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ առած է տասը անձեր, որոնք մաս կը կազմեն Հըզպալլային գումարներ փոխանցելու պատասխանատու ցանցի մը:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ նշեալ ցանցը կ՛օգտագործէ Լիբանանի, Թուրքիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իրանի միջեւ առեւտրական թռիչքներու վրայ ճամբորդներ` հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու հասնող գումարներ փոխադրելու համար, ինչ որ Հըզպալլային կը տրամադրէ պաշտօնական ելեւմտական համակարգէն դուրս միջոց մը` օտար դրամանիշեր ստանալու եւ պատժամիջոցներէն խուսափելու համար:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը նշեց, որ իր օտար հաշիւներու հսկողութեան գրասենեակը Հըզպալլան վերստին որակաւորած է, որովհետեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատարութեան տակ իրանեան վարչակազմին ծառայութիւններ կը մատուցէ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ որակաւորման նպատակը ցոյց տալն է, թէ Հըզպալլան իրանեան վարչակազմին հաշուոյն կը գործէ, եւ հանրային արձանագրութիւնը թարմացուած է` այս նշումը կապելու համար խումբի կողմէ յանուն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասին իրականացուող գործունէութեան հետ:

Հըզպալլան առաջին անգամ այս որակաւորումը ստացած է 2001 թուականին, եւ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն անոր դէմ` իբրեւ օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Միացեալ Նահանգներ հինգշաբթի օր իր պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ աւելցուցած է նաեւ տասը անձերէ բաղկացած խումբ մը` այդ անձերը մեղադրելով Հըզպալլայի համար դրամներ լուալու յանցանքով:

Ամերիկացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ այս քայլերը Միացեալ Նահանգներու Իրանի դէմ որդեգրելիք քայլերէն անջատ են:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ նախքան այդ յայտնեց, որ երկուշաբթի օր պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը` խօսելու համար Իրանի դէմ Ուաշինկթընի հաստատելիք «պատմութեան մէջ ամէնէն խիստ պատժամիջոցներուն» մասին:

Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հակադարձեց ամերիկեան պատժամիջոցներուն` ըսելով, որ ամերիկեան վարչակազմը կուսակցութեան` «Քուտս ջոկատ»-ի վերահսկողութեան տակ ըլլալու պնդումը կատարեց, արդարացնելու համար կուսակցութեան պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ վերստին ներառումը:

Հըզպալլա յայտնեց, որ ոչ ոքէ իր լիբանանեան ըլլալուն եւ հայրենասիրութեան համար վկայագիր կը սպասէ, որովհետեւ իր հազարաւոր նահատակները, բռնագրաւումին դէմ դիմադրութիւնն ու հողը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելու երկար պատմութիւնը անոր լիբանանեան ըլլալուն իսկական վկայութիւններն են:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ կը հպարտանայ Իրանի հետ իր «սերտ ու եղբայրական» յարաբերութիւններով, «որովհետեւ ան Լիբանանի կողքին կանգնեցաւ, անոր աջակցեցաւ եւ թիկունք կանգնեցաւ, որպէսզի Լիբանան իր հողը ազատագրէ, իր գերիշխանութեան ու իրաւունքներուն վերատիրանայ, եւ բոլոր փուլերուն ու տագնապներուն ընթացքին անոր կողքին կանգնեցաւ, եւ առաջին պետութիւնն էր, որ նպաստեց վերաշինելու յուլիս 2006-ի պատերազմի ընթացքին սիոնական յարձակումին քանդածը»:

«Պատժամիջոցներն ու որակումները մեզ դիմադրութեան ընտրանքէն ու Լիբանանը պաշտպանելէն ետ պիտի չկանգնեցնեն», նշեց Հըզպալլա:

Նախորդը

Պուլոս. «Իրան Հըզպալլան Կ՛օգտագործէ Շրջանային Մեր Դաշնակիցներուն Սպառնալու Համար»

Յաջորդը

Այցելելով Սուր` Սալամ. «Լիբանանցիները Մէկ Բանակ Եւ Մէկ Պետութիւն Ունենալուն Այլընտրանքը Չունին»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.