. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու յաջորդ փուլի թուականը տակաւին չճշդուեցաւ` սպասելով զօր. Քլիրֆիլտի կողմէ թեքնիք հարցերու աւարտման, ինչ որ կրնայ, ըստ ամերիկեան աշխատանքի ներկայ կշռոյթին, մինչեւ սեպտեմբերի վերջ երկարիլ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն Ալի Թահեր բարձունքներուն Իսրայէլի համար ունեցած կարեւորութեան, սակայն դէմ են ներկայիս անոր վրայ մեծ յարձակումի մը շղթայազերծման, եւ այդ հարցը որեւէ որոշում տալէ առաջ հետախուզական բաւարար տեղեկութիւններու հաւաքում կը պահանջէ»:
. ԱԿԱՆԱՒՈՐ քաղաքագէտներ «Ասաս»-ին. «Իրանի մերժումը դիւրացուց յառաջիկայ շաբաթներուն Ալի Թահեր բարձունքներուն վերահսկման Նեթանիահուի նպատակի իրականացման համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ ծածկոյթի տրամադրումը»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ամէնէն ականաւոր պատասխանատուներուն հետ սերտ կապ ունեցող աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Ինչպէս շէյխ Քասեմ ըսաւ` Հըզպալլան 2 մարտէն առաջ եղած կացութեան պիտի չվերադառնայ, մանաւանդ որ, ինչպէս մեզի փոխանցուեցաւ, պատրաստուած է Իսրայէլի հետ բախումի, եթէ վերջինս որոշէ գրաւել Ալի Թահերը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վերջին օրերուն ստուգման յանձնախումբի շրջագիծ մշակելու համար տեղի ունեցած բոլոր հաղորդակցութիւնները ապարդիւն մնացին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քաղաքական լուծումներու դռները փակ են, Ալի Թահերը Հորմուզի հետ փոխանակելու Իրանի ցանկութեան լոյսին տակ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վերջին 24 ժամուան ընթացքին թափուեցան վերջին փորձեր որակուած ամերիկեան-արաբական ջանքեր, որոնց նպատակը Ալի Թահերը լիբանանեան բանակին յանձնելն էր, սակայն անոնք չյաջողեցան»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ամէնէն ականաւոր պատասխանատուներուն հետ սերտ կապ ունեցող աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Թող Իսրայէլը փորձէ, եւ մենք անոր դիմաց կանգնած ենք, եւ ան աննախադէպ հակադարձութեան պիտի հանդիպի: Մենք պիտի չարտօնենք, որ ան մեզ մաշեցման պատերազմի մէջ ներքաշէ»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ մեծ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կացութեան սրումը շատ հաւանական է, որովհետեւ Իսրայէլ, իր քաղաքական ու ապահովական մակարդակներով, ներկայիս կեդրոնացած է անոնց կողմէ ռազմավարական նկատուող նպատակի մը վրայ` վճռականօրէն յաղթել Ալի Թահերի բարձունքներու ճակատին վրայ եւ վերահսկողութիւն հաստատել այս բարձունքներուն ու անոնց տակ գտնուող ամէն բանի վրայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կամ փորձնական շրջաններու գործադրութեան ստուգման մէջ եւրոպական, մասնաւորաբար ֆրանսական եւ սպանական որեւէ դերակատարութեան մերժման պատճառը նշեալ պետութիւններուն կողմէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումն է»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան վերանորոգման դէմ է, եւ աւելցուցած, որ այդ հարցը քննարկուած է Հռոմի վերջին հանդիպումներուն ընթացքին:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու եւ ապահովական կացութեան հարցերը պիտի արծարծուին այս շաբաթ Վատիկանի մէջ նախագահ Աունի Լեւոն ԺԴ. պապին հետ ունենալիք հանդիպումի ընթացքին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատը Պէյրութի նահանգապետի պաշտօնին վրայ դատաւոր Մարուան Ապպուտը փոխարինելու թեկնածու մը ունի. ան փաստաբան Իսամ Խուրին է: Սակայն նախագահ Աունի մերձաւորները կը շարունակեն իրենց հաղորդակցութիւնները եւ միաժամանակ ստանալ շարք մը այլ թեկնածուներու, որոնց շարքին դատաւորներ, կենսագրական գիծերը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահական պալատի շրջանակները աշխուժ հաղորդակցութիւններ կը կատարեն շարք մը շրջաններու մէջ նոր նահանգապետներու նշանակման համար շարք մը անուններու շուրջ համաձայնութեան գոյացման համար»:
«Նախագահ Աուն այս նշանակումներուն ճամբով կը ջանայ ոչ մարոնի քրիստոնեայ թեկնածուները ճշդելու իր դերակատարութիւնը հաստատել», կ՛աւելցնեն աղբիւրները:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ հասաւ դիակ մը, որ հաւանական կը նկատուի, որ Եհուտա Քացինն է, որ 1982 թուականին Լիբանանի առաջին պատերազմի ընթացքին Սուլթան Եաաքուպի ճակատամարտի ընթացքին անհետ կորսուածներուն վերջինն էր»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 2000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.456.000 լ.ո.-ի եւ 2.474.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 8000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.375.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 1000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.175.000 լ.ո.-ի:


