Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս շաբաթ մենք պիտի ուղղուինք դէպի անջրպետ, ծանօթանալ Հրատ մոլորակին:
* * *
1965 թուականին, ՆԱՍԱ-ն կը ղրկէր առանց աստղանաւորդի անջրպետամեքանայ մը` «Մարինըր-4» Հրատ մոլորակին վրայէն անցնելու:
Տասը տարիներ ետք` օգոստոս 1975-ին ՆԱՍԱ-ն կը ղրկէ «Վայքինկ-1» անջրպետամեքենան: Այս անգամ անոր նպատակն է մոլորակին վրայ իջնել: Այս մարտահրաւէրը կը յաջողի 20 յուլիս 1976-ին:
Անմիջապէս, անջրպետամեքենային քամերան նկար մը կ՛առնէ եւ զայն կ՛ուղարկէ երկրագունդին վրայ գիտնականներուն: Այս առաջին նկարէն ետք, անջրպետամեքենան պիտի ղրկէ 57 հազար նկարներ մինչեւ 1982:
Այս ձեւով է, որ կը սկսի Հրատ մոլորակին հետախուզութիւնը: «Վայքինկ-1»-էն ետք, Հրատին վրայ կ՛իջնէ անոր զոյգը` «Վայքինկ-2» 3 սեպտեմբեր 1976-ին: Ապա այս 2 անջրպետամեքենաներուն կը հետեւին 8 ուրիշ մեքենաներ:
Ի՞նչ Գիտենք Հրատի Մասին
Մեր արեւային դրութիւնը կազմուած է արեւէն եւ անոր շուրջ դարձող 8 մոլորակներէն: Հրատը 4-րդ մոլորակն է: Ան կը գտնուի արեւէն աւելի քան 200 միլիոն քմ հեռու եւ արեւուն շուրջ կը դառնայ 687 օրէն:
Հրատի վրայ ապրիլը շատ դժուար է: Հոն գրեթէ միշտ եւ գրեթէ մոլորակին ամբողջ տարածքին օդը շատ պաղ է, անոր վրայ ջերմաստիճանը -50-էն -70 աստիճանի միջեւ կ՛ըլլայ:
Ասոր կողքին, Հրատի վրայի օդը անշնչելի է մարդ արարածին համար: Ան յատկապէս կը պարունակէ քարպոն տայոքսայտ բնածխային կազը, որ առողջութեան համար վտանգաւոր կազ մըն է:
* * *
Հրատի գետինը կազմուած է քարերու տարածքներով, աւազոտ անապատներով… Կարելի է հանդիպիլ նաեւ նեղ եւ խորունկ ձորերու: Անոնցմէ ամէնէն մեծը Վալէս Մարիներիսն է, որ կ՛երկարի աւելի քան 4000 քմ-ի վրայ եւ ունի մինչեւ 10 քմ խորութիւն:
Հրատի վրայ գոյութիւն ունին նաեւ նուազագոյնը 30 հրաբուխներ. անոնք հսկայական են: Անոնցմէ ամէնէն մեծը Օլեմփիւս Մոնսն է, որ ունի մօտաւորապէս 22 քմ բարձրութիւն. ան Էվէրեսթ լեռէն 3 անգամ աւելի բարձր է:
Հրատ ճանչցուած է նաեւ «Կարմիր մոլորակ» անունով, անոր գետինը ծածկող ժայռերու գոյնին պատճառով: Ժամական աւելի քան 200 քմ արագութեամբ փչող հովերը օդը կը լեցնեն այդ ժայռերու փոշիներով:
Վերջապէս, Հրատի 2 բեւեռները ծածկուած են սառոյցով, որ կազմուած է ջուրի սառոյցի եւ քարպոն տայոքսայտի սառոյցի խառնուրդով մը:
Այս Շաբթուան Աստղը` Արեւը
Չորեքշաբթի, 12 օգոստոսին, երկրագունդին բնակչութենէն բաժին մը ականատես եղաւ արեւու խաւարման:
Սակայն ի՞նչ է արեւու խաւարումը: Այս երեւոյթը տեղի կ՛ունենայ երբ արեւը, լուսինը եւ երկրագունդը իրարու «ժամադրութիւն կու տան»: Խաւարման ընթացքին այս երեքը կը գտնուին ուղիղի գիծի մը վրայ` լուսինը բանտարկելով արեւուն եւ երկրագունդին միջեւ: Ճիշդ է, որ արեւը լուսինէն 400 անգամ աւելի մեծ է, սակայն ան նաեւ 400 անգամ աւելի հեռու կը գտնուի: Այս պատճառով է, որ երբ լուսինը անոր առջեւ կը գտնուի, ան կրնայ զայն ծածկել:
Կարգ մը խաւարումներ ամբողջական կ՛ըլլան. այդ պարագաներուն, արեւը ամբողջովին կը ծածկուի քանի մը վայրկեաններու ընթացքին: Ուրիշ պարագաներու անոնք մասնակի կրնան ըլլալ, երբ կը ծածկուի արեւէն բաժին մը: Ասիկա կախեալ կ՛ըլլայ երկրագունդին վրայ մեր դիրքէն:
* * *
12 օգոստոսի ամբողջական խաւարումը յատկապէս տեսանելի էր Սիպերիոյ հիւսիսէն, Կրինլանտէն, Իսլանտայի արեւմուտքի կէտէն, Սպանիոյ հիւսիսէն եւ Պալէարես կղզիներէն: Այդ շրջաններուն մէջ խաւարման ընթացքին, երկինքը մթնցաւ, օդը քիչ մը զովացաւ, թռչունները դադրեցան երգելէ… եւ ապա ամէն ինչ դարձեալ արթնացաւ քանի մը վայրկեան ետք:
Հարցարան
1) Արեւը երկրագունդէն որքա՞ն հեռու կը գտնուի:
ա – 15 միլիոն քմ, բ – 150 միլիոն քմ, գ – 200 միլիոն քմ:
2) Որքա՞ն ժամանակէն արեւուն լոյսը երկրագունդ կը հասնի:
ա – 4 վայրկեանէն, բ – 8 վայրկեանէն, գ – 12 ժամէն:
3) Որքա՞ն ժամանակ կ՛ուզէ, որ երկրագունդը արեւուն շուրջ լման դառնայ:
ա – Մօտաւորապէս 28 օրէն, բ – Մօտաւորապէս 31 օրէն, գ – Մօտաւորապէս 365 օրէն:
4) Միջազգային Անջրպետական կեդրոնին մէջէն աստղանաւորդ մը քանի՞ անգամ կրնայ տեսնել արեւուն ծագիլը:
ա – 2, բ – 8, գ – 16:
5) Ո՞ր ժամուն արեւը ամէնէն բարձր կէտին վրայ կը գտնուի երկնքին մէջ:
ա – Կէսօրին, բ – Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, գ – Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
6) Փոլոնացի Նիքոլաս Քոփերնիքուս (1473-1543) եղաւ առաջին գիտնականը, որ բացատրեց, թէ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
7) Արեւը աստղ մըն է, կրակոտ կազերու գունդ մը, Անոր կեդրոնը, ուր օդը ամէնէն տաքն է, ո՞ր աստիճանի կը հասնի տաքութիւնը:
ա – 15 հազար աստիճան, բ – 15 միլիոն աստիճան, գ – 45 միլիոն աստիճան:
8) Արեւուն տրամագիծը երկրագունդի տրամագիծէն քանի՞ անգամ մեծ է:
ա – 59, բ – 82, գ – 109:
9) Երբ արեւուն լոյսը կ՛անցնի ջուրի կաթիլներուն ընդմէջէն, մենք ծիածան մը կը տեսնենք: Ծիածանին գոյները կ՛անցնին… մինչեւ մանիշակագոյն:
ա – Դեղինէն, բ – Կարմիրէն, գ- Կապոյտէն:
Պատասխանները վերջարութեան
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:
Պատասխաններ
1 – բ, 2 – բ, 3 – գ, 4 – գ, 5 – ա, 6 – ա, 7 – բ, 8 – գ, 9 – բ:


