«Ֆորմիւլա 1-»-ի քարտուղար Սթեֆանօ Տոմենիքալի կ՛ուզէ հանդիսատեսները ուրախ տեսնել, եւ այդ պատճառով ալ կ՛ուզէ յաւելեալ «շարժում» եւ խանդավառութիւն հրամցնել մրցումներու շաբաթավերջին, բան մը, որ անշուշտ եկամուտի համար ալ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ:
Սփրինթ մրցումներու թիւերը պիտի աւելնան 2027-ին եւ այժմու 6 մրցումներէն աւելի պիտի ըլլան:
«Յառաջիկայ տարի պէտք է աւելցնենք սփրինթի մրցումները, ատիկա պիտի յայտարարենք մօտիկ ապագային», ըսաւ Տոմինիքալի, որ նշեց, թէ «Ափըլ» ընկերութեան հետ ալ հովանաւորի յաջողութիւնը զգալի է, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ 13 տոկոս աճ արձանագրած է հանդիսատեսներու թիւը: Միւս կողմէ, «Ալփին» խումբի խորհրդատու Ֆլաւիօ Պրիաթորէ առաջարկած էր սփրինթի մրցումը ամէն կրան փրիի նախօրեակին կատարել: «Ես կը կարծեմ, որ շատ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ամէն կրան փրիէ օր մը առաջ սփրինթի մրցում տեղի ունենայ, որովհետեւ հանդիսատեսներուն համար ոչինչ կը ներկայացնենք: Պէտք է շատ աւելի հրամցնենք հանդիսատեսներուն», ըսաւ Պրիաթորէ:
Իտալացի մասնագէտը իր կարծիքը աւելի մանրամասն բացատրեց. «Փորձերէ անկախ ուրբաթ օրերը հետաքրքրական բան չ՛ըլլար, եւ շաբաթ օրերը շատ քիչ զբաղումներ կ՛ըլլան փոլ փոզիշընէն ետք: Առնուազն սփրինթի մրցումի մը երկու մրցումներ տեղի կ՛ունենան, երկու մրցակցութիւն, եւ վարորդը բան մը շահելու համար կը մրցի: Պարզապէս «թեքնոլոճի»-ի համար չեն այդ բոլորը: Իմ կարծիքովս, պէտք ունինք սփրինթի մրցումի: Ինծի համար 24 կրան փրիի մրցումէ առաջ պէտք է կատարուի 24 սփրինթի մրցում»:


