Ճենովայի գլխաւոր մարզիչ Տանիելէ Տէ Ռոսի քննադատած էր ամառնային փոխանցումներու պատուհանի ժամանակաշրջանը:
«Ամբողջական տարեշրջանի սկսելէն ետք փակուող փոխանցումներու պատուհանը պարզապէս անտրամաբանական է: Ատիկա սխալ է, եւ ես չեմ հասկնար, թէ որո՛ւն համար յարմար կրնայ ըլլալ այդ մէկը կամ համաձայնիլ այդ օրէնքին: Այս իրավիճակը բոլորին համար ժխտական է: Եթէ պատուհանի ժամանակը կրճատուի, ակումբներն ու մարզիչները աւելի պարզ պատկերացում կ՛ունենան իրենց կազմերուն մասին, երբ սկսին իսկապէս կարեւոր հանդիպումները: Մենք բոլորրս նոյն վիճակին մէջ ենք եւ տարբեր աստիճանի դժգոհ ենք», ըսաւ Ա. Էս. Ռոմայի պատմական նախկին մարզիկը:
«Սերի Ա.»-ի ամառնային փոխանցումներու պատուհանը բացուած է 28 յունիսին եւ կը փակուի 1 սեպտեմբերին, մինչ «Սերի» Ա.»-ի ախոյեանութիւնը կը սկսի 22 օգոստոսին:


