Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան Հարիւր Երիտասարդներ Համախմբուեցան Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

August 12, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026 տարին Արամ Ա. հայրապետին կողմէ հռչակուած է «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»: Արդարեւ, մայրավանքի Երիտասարդական բաժանմունքը կազմակերպեց աղօթական կեանքի նուիրուած միօրեայ երիտասարդական համագումար մը, շաբաթ, 8 օգոստոս 2026-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ համախմբուեցան լիբանանահայ երիտասարդական զանազան միութիւններէ 100 երիտասարդներ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին դպրեվանքի ընծայարան բաժնի աշակերտները, ինչպէս նաեւ` Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութենէն, Լիբանանի հայոց թեմի դպրաց դասերէն եւ կիրակնօրեայ վարժարաններէն, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութենէն, Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութենէն, Թէքէեան մշակութային միութենէն, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Յոյսի բանակ»-ի յանձախումբէն, Հայ աւետարանական Ջանից ընկերակցութենէն եւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ երիտասարդականէն երիտասարդներ:

Սուրբ Աստուածածին վանքը դարձաւ հանդիպման, հաղորդութեան եւ հոգեւոր վերանորոգման օճախ մը: Երիտասարդներ մէկտեղուեցան` իրարու ծանօթանալու, նոր բարեկամութիւններ հաստատելու եւ միասին խորհրդածելու աղօթքին կարեւորութեան մասին: Աւելի՛ն. հաւաքը առիթ հանդիսացաւ միասին քննարկելու, վերլուծելու եւ խորացնելու աղօթական ու հոգեւոր կեանքի էութիւնը, իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը:

Երիտասարդական համագումարի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը բազմիցս շեշտած է երիտասարդութեան կարեւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ, ազգին ու մեր հաւաքական ու համայնական կեանքին մէջ եւ զանազան առիթներով անդրադարձած է երիտասարդութեան առաքելութեան ու դերակատարութեան: Երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը` հայր սուրբը ըսաւ. «Դո՛ւք էք մեր ներկան եւ ապագան: Դո՛ւք էք մեր մարդուժը: Դո՛ւք էք մեր արժէքը: Դո՛ւք էք մեր պարծանքը: Դո՛ւք էք մեր յայտագիրները, ձեռնարկներն ու համագումարները գեղեցկացնողը: Դո՛ւք էք հայ ժողովուրդին լուսաւոր պատկերը»:

Այս խօսքերը երիտասարդներուն ուղղուած սոսկ խրախուսանքի սահմաններուն մէջ չմնացին, այլ դարձան կոչ մը` գիտակցելու իրենց պատասխանատուութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ներկային ու ապագային հանդէպ:

Հայրապետական Յիշեցումներ
Ու Թելադրանքներ

Վեհափառը երիտասարդներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը` անդրադառնալով հոգեւոր եւ աղօթական կեանքի շարք մը էական հարցերու: Ան 17 կարեւոր յիշեցումներ կատարեց` երիտասարդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով աղօթքի խորքին, անհրաժեշտութեան եւ ճիշդ կերպով աղօթելուն վրայ: Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ նաեւ այն հարցումին, թէ քրիստոնեայ անհատը ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ միջոցներով պէտք է աղօթէ: Ան աղօթքը ներկայացուց ո՛չ միայն որպէս կրօնական պարտականութիւն, այլ` իբրեւ Աստուծոյ հետ կենդանի հաղորդութեան ճամբայ, հոգեւոր կեանքի շունչ եւ հաւատքի կեանքը սնուցանող աղբիւր:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, որ Եկեղեցին, մասնաւորաբար` երիտասարդութիւնը, պէտք է դուրս գայ իր սովորական սահմաններէն եւ երթայ «պատէն անդին»: Ան շեշտեց, որ մեր երիտասարդները կոչուած են ո՛չ միայն իրենց հաւատքը ամրապնդելու, այլ նաեւ` իրենց կեանքով վկայելու իրենց հաւատքին մասին:

Հայրապետը ըսաւ. «Այսօրուան ձեր ներկայութիւնը այն պատկերն է, որ տակաւին կան երիտասարդներ, որոնք կը հաւատան հոգեւոր կեանքի կարեւորութեան եւ աղօթական կեանքի անհրաժեշտութեան: Այս պատկերը նաեւ կ՛արտացոլացնէ, թէ մեր երիտասարդները կը համախմբուին Եկեղեցւոյ եւ անոր սրբութիւններուն ու արժէքներուն շուրջ»: Ապա կաթողիկոսը իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն` ընդգծելով անոնց ներկայութեան յոյս ներշնչող եւ ապագայ կերտող նշանակութիւնը:

Հայրապետին խօսքէն ետք երիտասարդները անցան ծրագրի գործադրութեան. հինգ խումբի բաժնուելով, իւրաքանչիւր խումբ կոչուեցաւ քրիստոնէական հինգ առաքինութիւններու անուններէն մէկով` «Հաւատք», «Յոյս», «Սէր», «Շնորհք» եւ «Խաղաղութիւն»:

Իւրաքանչիւր խումբի համար պատրաստուած էին առանձին տաղաւարներ, ուր երիտասարդ միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ երիտասարդները քննարկեցին աղօթական կեանքին առնչուող զանազան հարցեր: Համագումարի ընթացքին արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.

– Ի՞նչ է աղօթքը – Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան
– Շնորհակալական աղօթք – Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեան
– Ինչո՞ւ կան անպատասխան աղօթքներ – Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան
– Ե՞րբ աղօթել – Սարգիս վրդ. Աբրահամեան
– Ինչպէ՞ս աղօթել –  Առաքել վրդ. Գատէհճեան
– Ինչո՞ւ աղօթել – Աբրահամ աբղյ. Ճուլֆայեան

Նիւթերու բազմազանութիւնը երիտասարդներուն հնարաւորութիւն ընծայեց աղօթքը դիտելու ո՛չ միայն իբրեւ սովորութիւն, այլ նաեւ` հոգեւոր կեանքի հիմք եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կենդանի ճանապարհ:

Նիւթերու արծարծումէն ետք երիտասարդները մէկտեղուեցան ճաշի սեղանի շուրջ:

Այնուհետեւ, Երիտասարդական բաժանմունքի վարչութեան առաջնորդութեամբ, երիտասարդները մասնակցեցան ռելի փէյփըր խաղին: Սա պարզ ժամանց մը չէր, այլ` ուսուցողական եւ փոխներգործօն փորձառութիւն մը, որուն ընդմէջէն անոնք վերստին ստուգեցին իրենց ամբարած գիտելիքները, պատասխանեցին տարբեր հարցումներու եւ Աստուածաշունչի համարներու լոյսին տակ քննարկեցին աղօթքին կարեւորութիւնը, ազդեցութիւնն ու դերակատարութիւնը իրենց կեանքին մէջ:

Խաղի ընթացքին երիտասարդները ո՛չ միայն իրենց սորվածը վերյիշեցին, այլ նաեւ զայն վերածեցին մտածումի, քննարկումի եւ գործնական փորձառութեան:

Երիտասարդները իրենց գնահատականներով վկայեցին, որ այս երիտասարդական համագումարը կը զանազանուէր այլ համագումարներէ: Անոնք առանձնաբար ընդգծեցին այն հանգամանքը, որ իրենց տրուած էր ազատօրէն եւ համարձակօրէն արտայայտելու իրենց մտածումներն ու կարծիքները:

Այս համագումարը երիտասարդը չդրաւ պարզապէս լսողի դերին մէջ, այլ զայն դարձուց քննարկումներու մասնակից, հարցադրող, մտածող եւ իր հաւատքը իր սեփական փորձառութեամբ բացայայտող անհատ: Այս պատճառով ալ օրը չսահմանափակուեցաւ դասախօսութիւններով, այլ դարձաւ հանդիպում, հաղորդութիւն, հարցադրում, մտածում եւ աղօթք:

Օրը իր աւարտին հասաւ կիրակնամուտքի ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երիտասարդները միասին աղօթեցին եւ իրենց ձայնը առ Աստուած բարձրացուցին:

Երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբին այս առիթով հրապարակուած լրատուութեան աւարտին կը նշուի. «Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքը դարձաւ այն ուխտավայրը, ուր լիբանանահայ զանազան միութիւններէ եկած երիտասարդները համախմբեց մէկ սեղանի շուրջ, մէկ հաւատքի ներքեւ եւ մէկ հոգեւոր տեսլականի շուրջ: Անոնք բաժնուեցան ո՛չ միայն նոր գիտելիքներով, այլեւ` նոր ծանօթութիւններով, նոր բարեկամութիւններով, նոր հարցումներով եւ իրենց աղօթական կեանքը աւելի խորութեամբ ապրելու նոր մղումով:

«Յանուն Երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբին եւ մասնակից երիտասարդներուն` մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Արամ Ա. հայրապետին, որուն հայրական հովանիին տակ եւ քաջալերանքին շնորհիւ երիտասարդներուն ընծայուեցաւ այս յիշարժան օրը»:

 

Նախորդը

Եկեղեցին Անջատ Է Պետութենէն

Յաջորդը

Տոն Նելսըն Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.