Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Հնատիպ Գիրքերու Եւ Մամուլի Ցուցահանդէս Անթիլիասի Մէջ. «Մի՛ Ձգէք, Որ Այս Գիրքերը Լան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

June 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 8 յունիս 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած ՀԱՅ ՀՆԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍը:

Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր, հոգեւորականներ, դպրեվանքի սաներ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ու գրասէրներ:

Բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի սաներէն Միքայէլ Ա. սրկ. Սարգիսեան եւ հայ հնատիպ գիրքին եւ մամուլին եզակիութեան մասին խօսեցաւ մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեան:

Իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց վեհափառ հայրապետը, որ ըսաւ. «Այս ցուցահանդէսը երկու կէտ լուսարձակի տակ կը բերէ. առաջին, մեծարել Յակոբ Մեղապարտը եւ հայ գրականութեան բոլոր ժամանակներու գրիչները, դպիրները, հոգեւորականները, հրատարակիչներն ու ընթերցողները. երկրորդ, յիշել եւ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հայ գիրքը անտէր պէտք չէ մնայ: Գիրքը եւս մարդուն նման կը խօսի, կը զգայ, կու լայ եւ կը հրճուի»: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, թէ քանի մը օրեր առաջ ֆրանսերէն թերթին մէջ կարդացած էր ֆրանսացի գրողին մասին, ուր կ՛ըսուէր, թէ` «մի՛ ձգէք, որ գիրքերը լան»: Նոյնը կրկնելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մի՛ ձգէք, որ այս գիրքերը լան: Այս գիրքերը փոշիներու մէջ պէտք չէ թաղուած մնան: Անոնք պէտք է բացուին, հրատարակուին, կարդացուին, այլ խօսքով` կեանք առնեն, որպէսզի մեր կեանքին որակ, իմաստ ու նպատակ տան»: Ապա, գնահատելէ ետք ցուցահանդէսը կազմակերպած դպրեվանքը եւ այս առթիւ աշխատանք տարած  միաբաններէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած յանձնախումբը, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց` հաստատելով. «Այսպիսի ձեռնարկներ կարեւոր են մեր կեանքին մէջ` մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յանձնելու համար հայ մշակոյթին եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն կենսական դերն ու տեղը մեր հաւաքական կեանքին մէջ»:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ երկուշաբթի, 18 յունիս 2012 եւ բաց պիտի ըլլայ առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00-ը: Յայտնենք, որ այս առիթով հրատարակուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի հնատիպներու ցանկը ու բաժնուեցաւ ներկաներուն:

Նախորդը

Չկան Յաղթողներ, Բայց Հաստատ Պարտուել Է Ժողովրդավարական, Ընկերային Եւ Իրաւական Պետութեան Գաղափարը

Յաջորդը

Պատերազմը Լուծում Չէ. Հայաստանին Եւ Արցախին Խաղաղութիւն Է Պէտք

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.