. ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան բանբերը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակցութիւնները թեքնիք մակարդակի վրայ արդիւնաւէտ էին, եւ փորձնական գօտիի հոլովոյթը յառաջ մղելու եւ ատոր շրջանակը ընդլայնելու համար անհրաժեշտ քայլերու վերաբերեալ երկու կողմերու տեսակէտները զգալիօրէն իրարու կը մօտենան»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՍԱԹ» օրաթերթ. «Հռոմի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու 7-րդ փուլի 3-րդ նիստը աւարտեցաւ առանց շօշափելի արդիւնքներու, մինչ Լիբանան իր ջանքերը կը շարունակէ հասնելու, գործնական արդիւնքներու, որոնք պիտի նպաստեն «շրջագծային համաձայնագիր»-ի իրականացման, հակառակ պաշտօնատարներու գիտակցութեան, թէ յառաջընթացը արագ պիտի չըլլայ, եւ որ արծարծուած հարցերը ժամանակ ու զգալի բանակցային ջանքեր կը պահանջեն»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հռոմի մէջ բանակցային փուլի արդիւնաւէտութեան մասին Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ գլխաւոր հարցերուն շուրջ որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ, եւ ամերիկեան որակումը կարծէք կը համապատասխանէ իսրայէլեան սպրդումներու, թէ թղթածրարին նկատմամբ Ուաշինկթընի հետաքրքրութիւնը կը նուազի»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ամերիկացիները առաջին իսկ պահէն գիտակցեցան, թէ լիբանանեան եւ իսրայէլեան դիրքորոշումներուն միջեւ բացը չափազանց մեծ է մէկ փուլով կամրջուելու համար, եւ Պէյրութի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ատոր ակնարկեց»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Այլեւս յստակ դարձաւ, թէ իսրայէլացիները լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը ներքաշեն աննշան, անկարեւոր մանրամասնութիւններու շուրջ քննարկումներու մէջ` ժամանակ շահելու եւ բանակցութիւնները հիմնական հարցերէն շեղելու համար: Այսպիսով, ժամեր կը մսխուին եզրաբանութեան շուրջ բանավիճելով, եւ ժամանակը կը վատնուի անիմաստ քարտէսներ ուսումնասիրելով»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի փորձնական շրջանները ընդլայնել մերժելն ու շրջուն ապահովական միջադէպեր ստեղծելը կ՛արտացոլացնէ աստիճանական նախապատրաստումը աւելի զգայուն փուլի` իսրայէլեան ընտրութիւններուն մօտենալուն հետ, որովհետեւ Ալի Թահերի բարձունքներու տարածքը կը մնայ զինուորական հաշուարկներու առանցքը»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ արդիւնքը շարք մը թղթածրարներու մէջ յառաջընթացի արձանագրումն էր` հակառակ բնորդային շրջաններուն մէջ բեկում յառաջացնելու անկարողութեան: Սակայն ատիկա բանակցային հոլովոյթը չի խաթարեր»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Զինուորական ոլորտին մէջ աւարտեցաւ երեք կողմերուն միջեւ գործարքներու համար նախատեսուած հասկացութիւններու եւ եզրերու քննարկումը, եւ անոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ: Աշխարհագրական հետազօտութիւն կատարուեցաւ բռնագրաւուած բոլոր շրջաններու քարտէսներուն վրայ` բնորդային տարածքներու յաջորդական ցուցակը մշակելու նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններու ընթացքին ըսած են, թէ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ մագլցումը նուազեցնել:
Աղբիւրներ ըսած են, որ Ուաշինկթըն լիբանանեան կողմին յայտնած է, որ յանձնառու է Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի յայտնած, թէ կ՛աջակցի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը ձայնային ռումբ մը նետեց հարաւային Լիբանանի Մանսուրի գիւղին մէջ ճամբայի բացման համար աշխատող լիբանանեան բանակի քարշակի մը վրայ, այդ պատճառով ալ զինուոր մը թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի աղբիւրները կը յայտնեն. «Հաղորդակցութիւնները լուսարձակներէ հեռու կ՛աշխուժանան` հասնելու համար կարգաւորման ձեւաչափի մը, որ կ՛արտօնէ Տար Ֆաթուայի տագնապը դուրս բերել իր ներկայ ճգնաժամէն` միւֆթի Տրիանին ապահովելով «ապահով ելք» մը, որ կը յանգեցնէ դատական թղթածրարի փակման ու հաստատութեան մէջ նոր փուլի դուռ բանալու»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր լիագումար նիստի` շարունակելու համար օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերու քննարկումը:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, երկուշաբթի յետմիջօրէին կառավարութիւնը վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ պիտի գումարէ ժողով մը` իրաքեան քարիւղը սիթեռններու միջոցով Լիբանան տեղափոխելու գումակային պատրաստութիւնները արագացնելու համար:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 7000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.461.000 լ.ո.-ի եւ 2.479.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 10000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.352.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.175.000 լ.ո.:


