ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի Վերա Եագուպեանի «Մէկ ազգ, բայց մէ՞կ համակարգ. Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ` կարգախօսէն դէպի ռազմավարութիւն» խորագիրով յօդուածաշարը, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի յուլիս 22 եւ 24 թիւերուն մէջ: Հեղինակին շարժառիթը պարզ, բայց միաժամանակ կարեւոր հարցադրում մըն է` արդեօք ամբողջ հայութիւնը նո՞յն բանը կ՛ուզէ: Եագուպեան ախտորոշում մըն է, որ կը կատարէ այս գրութեամբ` մատնացոյց ընելով այն բոլոր կոյր անկիւնները, որոնք կը խոչընդոտեն արդի հայ քաղաքական մտածողութեան ոստումը` ազգային միասնականութեան «Մէկ ազգ, մէկ համակարգ» կարգախօսէն դէպի համահայկական ռազմավարութեան մշակում: Յօդուածագիրը ճշդօրէն կը շեշտէ, որ պատմական յիշողութիւնը, լեզուն եւ խորհրդանիշները որքան ալ ազգային դիմագիծը ձեւաւորեն, չեն կրնար համընդհանուր քաղաքական համակարգի մը ստեղծման նախադրեալները հանդիսանալ: Տրուած ըլլալով, որ սփիւռքի մէջ այսօր գոյութիւն ունին մշակութային, լեզուական, աշխարհատարածական բազմազանութիւններ, Եագուպեան դիտել կու տայ, թէ այն համակարգը, որ հիմնուած կ’ըլլայ միակարծիք մօտեցման կամ միատեսակ աշխարհընկալման վրայ, նոյնիսկ վտանգաւոր եւ վնասակար է ժամանակակից մտածողութեան ժողովրդավարացման համար:
Եագուպեանի կարծիքով, անհրաժեշտ է, որ 21-րդ դարու հայ քաղաքական միտքը ձերբազատի միասնութեան գաղափարը շարունակ չարչրկելէ կամ սրբացնելէ եւ անցնի նոյն այդ գաղափարի փորձնական գործարկման` ստուգելու համար, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ աշխարհասփիւռ հայկական համայքներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը ո՛ւր կը նոյնանան, եւ ո՛ւր` ոչ: Այս իմաստով յօդուածագիրը մատը վէրքին վրայ դնելով` դիպուկ կերպով կը հակազդէ այն լայնատարած կարգախօսներուն, ինչպէս` «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ», որոնք այսօր ոչ միայն կաղապարած են հայկական իրականութեան կարեւոր մէկ հատուածին աշխարհայեացքը, այլ ոչ այլ ինչ են, քան` մոլորեցնող եւ ապակողմնորոշող լոզունգներ: 2000-թուականներու վերջերուն Հայաստանի կառավարութեան հրապարակ նետած «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» անհասկնալի եւ տափակ նախագիծը եւ սփիւռքեան խանդավառութիւնը այս երեւոյթի ամենացայտուն օրինակներէն էր:
Եագուպեան գրութիւնը կը վերջացնէ` եզրակացնելով, որ` «Թերեւս հայութեան ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ այն հարցումին պատասխանով, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէ՞կ են», որովհետեւ պատմական ու մշակութային իմաստով այդ հարցումին պատասխանը շատոնց տրուած է: Հայութիւնը մէկ ազգ է ոչ այն պատճառով, որ ան ունի միասնական պետական սահմաններ, այլ որովհետեւ ան կը կրէ միասնական պատմական յիշողութիւն, քաղաքակրթական ժառանգութիւն եւ ազգային ինքնագիտակցութիւն: Մեր պատմական եւ աշխարհագրական բազմազանութիւնը պէտք չէ դիտուի որպէս ազգային բաժանում, այլ` որպէս համաշխարհային հայկական ներկայութեան տարբեր արտայայտութիւններ: Քսանմէկերորդ դարու հայութեան հիմնական մարտահրաւէրը այդ բազմազանութիւնը մէկ ռազմավարական ամբողջութեան վերածելն է»:
Բաժնելով Վերա Եագուպեանի տեսակէտը, սոյն յօդուածով կ՛ուզեմ շերտ մը եւս աւելցնել այս երկխօսութեան վրայ` լուսարձակի տակ առնելով յօդուածագիրին գրութենէն դուրս մնացած կարեւոր հանգամանք մը, որ էական է այնքան, որքան` այն հարցադրումները, որոնք կը կազմեն անոր մօտեցման առանցքը: Ժամանակակից հայ քաղաքական մտածողութեան հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է ոչ միայն ընդհանուր ազգային ռազմավարութեան մը մշակումը, որուն մասին Եագուպեան հանգամանօրէն կը խօսի, այլ նաեւ` գտնել սփիւռքեան տարբերութիւնները կառավարելու ամէնէն գործնական բանաձեւը: Բանաձեւ մը, որ ոչ այդքան հիմնուած ըլլայ լայն իմաստով մշակութային տարբերութիւններու կամ ինքնութեան վրայ, այլ յարացուցային կիրարկութիւն ունենայ մշակոյթ (հաստատութենական, միութենական, կուսակցական, կառուցային) եզրոյթը խարսխելու հայկական իրականութիւնը կազմող շահակցական օղակներու եւ ընկերատնտեսական փոխյարաբերութիւններու վրայ:
Յետցեղասպանական հայկականութեան քսաներորդ դարու փորձառութիւնը հետզհետէ յանգեցուց համահարթեցման ընդհանուր խօսոյթի մը, ուր բազմազանութիւնը ոչ միայն խրախուսելի չէր, այլ դարձաւ նոյն այդ ազգային միասնութեան մահացու սպառնալիք: Այս փոխակերպման ամէնէն ակնբախ օրինակը Լիբանանն է, ուր մեկնելով տարբեր քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ գաղափարախօսական ազդակներէ` համահարթեցումը վերածուեցաւ շարունակական ինքնութեան քաղաքականութեան մը (identity politics), որ մինչեւ օրս որոշ չափով կը պահպանէ իր շրջանակը:
Եագուպեան շեշտը կը դնէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու միջեւ գոյութիւն ունեցող մշակութային, լեզուական եւ քաղաքական տարբերութիւններուն վրայ` ընդգծելու համար այն մոլորութիւնը, որուն մէջ յաճախ կ’իյնանք, երբ կը գերադասենք «ազգային»-ը կամ «միասնութիւն»-ը (որքան ալ անոնց բովանդակութիւնը յստակ չըլլայ)` ի վնաս այդ բազմազանութեան հետ իսկապէս առնչուելու: Այո՛, մշակութային խայտաբղէտութիւնը քսանմէկերորդ դարու սփիւռքին բնութագիրն է, ուստի դժուար է մէկ ազգային շղարշի մը տակ հաւաքագրել բոլորը, ինչպէս դիպուկ կերպով կը նշէ Եագուպեան: Միաժամանակ, սակայն, կարեւոր է ամրագրել, որ նոյն այդ ազգային միասնութեան կարգախօսը, որուն տակ ի սկզբանէ պէտք է համախմբուի աշխարհասփիւռ եւ հայաստանաբնակ հայութիւնը, կու գայ սքողելու շահակցական յարաբերութիւններու ամբողջ կծիկ մը, որուն գիտակցութիւնն ու բացայայտումը նոյնքան անհրաժեշտ է նոր ռազմավարութեան մշակման կամ անոր բացակայութիւնը հասկնալու համար:
Հակառակ անոր որ սոյն յօդուածին կեդրոնացումը Լիբանանի վրայ է, բայց կը հաւատամ, թէ առաջարկուած մօտեցումը, որ խարսխուած է քաղաքական տնտեսութեան վրայ, նոյնքան արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ բացատրելու այլ երկիրներու մէջ գործող հայկական հաստատութենական համակարգերու որոշ երեսակները: Եագուպեան ազգային միասնական համակարգի գաղափարին կամ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ կարգախօսին սին ըլլալը մասամբ կը վերագրէ սփիւռքեան տարատեսակ իրականութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տրամաբանութեան անհամատեղելիութեան: Բայց արդեօ՞ք բացակայութիւնը բազմակեդրոն եւ ցանցային ռազմավարութեան, որուն ստեղծման կոչ կ’ուղղէ Եագուպեանի գրութիւնը, պայմանաւորուած է` միայն տարբեր օրակարգերով, ինքնութեան ընկալումներով, միութենական առաքելութիւններով, չհամընկնող ակնկալութիւններով եւ մշակութային տարբերութիւններով: Հոս է, որ շահի սահմանումը եւ հասկացողութիւնը պէտք է վերանայիլ եւ վերամտածել:
Եթէ հայկական իրականութեան մէջ ազգային միասնութեան գաղափարը սրբացուած է չխաթարելու համար ներազգային համերաշխութիւնը, այս սրբացումը նոյնպէս պատնեշած է ազգային շահ եզրը աւելի նեղ իմաստով ըմբռնելէ եւ կիրարկելէ: Որքան ազգային այս շահի իմաստային շրջանակը նեղնայ, այդքան կ’երեւութանան հայկական ցանցային համակարգերը կազմող ընկերատնտեսական հանգոյցները: Ուրեմն, ասկէ մեկնելով` անհրաժեշտ է Եագուպեանի հարցին` «Հնարաւո՞ր է իրական համաշխարհային հայկական համակարգ» փորձել պատասխանել բացայայտելով, թէ ո՛ր հասարատնտեսական յարաբերութիւնները կը խոչընդոտեն իրական համաշխարհային հայկական համակարգի մը ստեղծման: Խնդիրը միայն ձախողութեան կամ բացակայութեան մը ախտորոշումը չէ, այլ ճիգ մըն է հասկնալու, թէ ինչո՛ւ Եագուպեանի շատ դիպուկ նկարագրած ռազմավարութեան հրամայականը ամբողջապէս չի կենսագործուիր` հակառակ բազմաթիւ կոչերու եւ յորդորներու:
Ներհայակական հանրային խօսոյթները ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ շատ յաճախ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ շահերը` ըլլան անոնք ազգային, համայնքային կամ այլ, պէտք է ըլլան վեհ, անբասիր կամ առաքինի: Բայց հազուադէպօրէն կը պատահի, թէ հանրային քննութեան դրուի այն, որ լիբանանահայ քաղաքական մտքին մէջ արմատացած միասնականութեան մը հանդէպ կառչածութիւնը ի՞նչ հասարակական կառուցուածքի մը ամրապնդման կը ծառայէ, եւ բացարձակատիրական (absolutist) այս մօտեցումներուն անհրաժեշտ են ի՞նչ նոր այլընտրանքներ, որոնք կրնան քննական երկխօսութեան նոր ուղղութիւններ եզրագծել եւ հասարակական նոր լիցք մը հաղորդել անոնց:
Եթէ պահ մը փորձենք Եագուպեանի առաջարկած ազգային շահի (վերա)սահմանումը կատարել աւելի փոքր մակարդակի վրայ, անխուսափելի կը դառնայ հետեւեալ հարցադրումը. ի՞նչ կը հասկնանք համայնքային շահ եզրոյթէն, եւ ի՞նչ կը քողարկէ անոր շարունակական գործածութիւնը: Ընդհանուրին կամ համազգայինին հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ վերաքննութիւնը սկսի տեղայնական մակարդակէն:
Ողջ հասարակութեան անունով հանրահռչակուած որեւէ կարգախօս, ինչպէս` «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», «Հայութիւնը մէկ ազգ է», ի սկզբանէ չի կրնար ներառել այդ հասարակութեան բոլոր շերտերը, որքան ալ ներառական ուղերձ ունենայ անիկա, ոչ թէ այն պատճառով, որ ան կեղծ իրականութիւն մը կը ներկայացնէ, այլ որովհետեւ կը պահպանէ շահերը որոշակի հասարակական խումբերու, որոնք շատ յաճախ կ՛ունենան որոշակի տիրապետութեան ծածկեալ յաւակնութիւններ: Միասնութիւնը, ինչպէս ալ սահմանուի, շատ յաճախ միայն կը սքողէ` անհատական հակադրութիւնները, դասակարգային դրսեւորումները, ընկերատնտեսական օղակները եւ նորանոր հետաքրքրութիւնները, որոնք համազգային օրակարգերու մասին խորհելու ժամանակ նոյնքան որոշիչ են, որքան` հետզհետէ աւելի ցայտուն դարձող լեզուական տարբերութիւնները, հայրենասիրութեան փոփոխուող ընկալումները կամ ժողովրդագրական եւ աշխարհագրական տեղաշարժերը:
(Շար. 1)


