«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի կազմակերպած ամառնային ճամբարը տեղի ունեցաւ 13-17 յուլիս 2026-ին «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ` համախմբելով 80 պատանի-պարմանուհիներ, որոնք հինգ օրերու ընթացքին մասնակցեցան ուսուցողական, հոգեբանական, ընկերային եւ ժամանցային բազմաբնոյթ ծրագիրներու` ձեռք բերելով նոր գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ անմոռանալի փորձառութիւններ:
Ճամբարին նախորդեց ծնողներու եւ մասնակիցներու ծանօթացման հանդիպումը, ուր ներկայացուեցան «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի առաքելութիւնն ու ամառնային ճամբարի նպատակն ու ծրագիրը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ ծնողներու հետ մտքերու փոխանակման, առաջարկներու ներկայացման եւ համագործակցային մթնոլորտի ստեղծման:
Ճամբարի առաջին օրը սկսաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան իր պատգամով քաջալերեց մասնակիցները` ապրելու Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ հաւատարիմ մնալու քրիստոնէական արժէքներուն: Այնուհետեւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան անդրադարձաւ կառոյցի առաքելութեան եւ հիմնադիր Վարդան Ճինիշեանի տեսլականին` շեշտելով երիտասարդներու հոգեւոր, բարոյական եւ մարդկային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը: Առաջին օրը նաեւ ներառեց այցելութիւններ Սէյիտեթ Նաթուր եւ Թեժելի վանքերը, ինչպէս նաեւ` ծանօթացման եւ խմբային խաղերու ծրագիրներ:
Ճամբարի ամբողջ ընթացքին պատանիները մասնակցեցան բազմազան կրթական, դաստիարակչական եւ գործնական աշխատանոցներու: Քննարկուեցան` ինքնութիւն, ինքնարժեւորում, ընկերային ճնշումներ, հոգեկան առողջութիւն, բարեկամութիւն, դրական հաղորդակցութիւն, առաջնորդութիւն, համագործակցութիւն եւ ընկերային պատասխանատուութիւն թեմաները` փորձառու ընկերային գործիչներու, հոգեբաններու եւ մասնագէտներու առաջնորդութեամբ:
Ծրագիրին մաս կազմեցին նաեւ «Եութ ֆոր Քրայսթ»-ի կազմակերպած աշխատանոցները, որոնց ընթացքին մասնակիցները քննարկեցին բարեկամութեան, հոգեկան խաղաղութեան եւ առողջ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: «ՖայթԼայֆ Լեպընըն»-ի գլխաւոր մարզիչ Ժաք Սեփիլեանի եւ իր խումբին կողմէ իրականացաւ քննարկում` բռնածաղրի, փոխադարձ յարգանքի, համագործակցութեան եւ ինքնավստահութեան շուրջ, որմէ ետք պատանիները մասնակցեցան ինքնապաշտպանութեան գործնական դասընթացքի եւ խմբային ջրախաղերու: «Կրին Օրիընթ» կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած գործնական աշխատանոցներուն ընթացքին մասնակիցները սորվեցան բանջարեղէնի ցանքի եւ բնական օճառի պատրաստութեան ձեւերը` զարգացնելով բնապահպանական գիտակցութիւնն ու գործնական հմտութիւնները:
Ճամբարի վերջին օրը WAM կազմակերպութեան եւ WAZNAT խորհրդատուական ընկերութեան հետ գործակցաբար WAZNAT-ի մասնագէտները վարեցին դրական հաղորդակցութեան եւ առողջ յարաբերութիւններու կառուցման նուիրուած աշխատանոցներ, իսկ WAM կազմակերպութեան աջակցութեամբ բոլոր մասնակիցները ստացան ուսապարկեր` լեցուն գրենական պիտոյքներով:
Կրթական բաժինին զուգահեռ, ճամբարականները մասնակցեցան նաեւ մշակութային, ժամանցային եւ խմբային բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու: Անոնք այցելեցին Ճիպէյլի Մոմէ արձաններու թանգարանը, վայելեցին ծովափնեայ ժամանց, մասնակցեցան խմբային խաղերու եւ ջրախաղերու, որոնք նպաստեցին փոխադարձ ճանաչողութեան, համագործակցութեան եւ բարեկամական կապերու ամրապնդման:
Ճամբարի աւարտին, ծնողներու եւ ընտանիքներու ներկայութեամբ, մասնակիցները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ արտացոլացուց շաբաթուան ընթացքին իրենց ձեռք բերած գիտելիքները, հմտութիւններն ու փորձառութիւնները: Երեկոն եզրափակուեցաւ «Պրն. եւ օրիորդ Ճինիշեան Ամառնային Ճամբար 2026»-ի ընտրութեամբ եւ աւանդական խարոյկով` արժանավայել կերպով փակելով հնգօրեայ ճամբարը:
Ճամբարի վերջին օրը մասնակիցներն ու կազմակերպիչները համատեղ գնահատեցին ծրագիրի ամբողջ ընթացքը` անդրադառնալով ձեռքբերումներուն, դրական փորձառութիւններուն եւ ապագայ նախաձեռնութիւններու զարգացման վերաբերող առաջարկներուն:
«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը կը շարունակէ առաջնահերթ նկատել երիտասարդներու կարողութիւններու զարգացումն ու առողջ դաստիարակութիւնը` նման նախաձեռնութիւններու միջոցով ստեղծելով այնպիսի միջավայր, ուր պատանիները կրնան զարգացնել իրենց գիտելիքները, հմտութիւնները, առաջնորդական կարողութիւնները եւ համայնքային պատասխանատուութեան զգացումը: Ամառնային ճամբարը վերահաստատեց, որ երիտասարդներու մէջ ներդրումը համայնքի ապագային ուղղուած ամէնէն արժէքաւոր ներդրումներէն մէկն է:





