ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի Միջվարչական Ա. ժողովը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 14 յուլիս 2026-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Լուսին Գազանճեան, որ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին, ան ողջունեց պաշտօնական հիւրերն ու մասնակիցները` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւնները, շրջանային յանձնախումբերու ատենապետները եւ մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու ատենապետները:
Յաջորդաբար իրենց խօսքերը փոխանցեցին քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Լիզա Պաստաճեան, որ ըսաւ, թէ գաղութը կը գոյատեւէ իր միութիւններով եւ անոնց գործունէութեամբ: Ան յիշեց, թէ ինչպէս որ Համազգայինը նուիրուած է հայկական մշակոյթի պահպանման առաքելութեան, այդպէս ալ ՀՄԸՄ-ը, մարմնակրթութեան եւ սկաուտութեան կողքին, նուիրուած է մարդակերտման:
Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը իր դաստիարակութեամբ կը շարունակէ կերտել սերունդներ եւ իր դերակատարութիւնը ունենալ ամբողջ աշխարհի մէջ` կակուղ թաթիկէն մինչեւ վեթերան ՀՄԸՄ-ականը, որոնք բոլորն ալ յանձնառու են հայ ինքնութեան պահպանման, պատասխանատուութիւն կրելու եւ կեանքի գնով ծառայութեան:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հրայր Սեթոյեան, որ նշեց, թէ շուրջ 6 ամիս առաջ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի 52-րդ Ներկայացուցչական ժողովը պարտք դրաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան` թափ տալու քարոզչական եւ կազմակերպական մարզերուն, զօրացնելու մեր միութեան շարքերը եւ կապ պահելու դարուս արագ հասանելիութեան քարոզչական ձեւերու միջոցով, նոյն ձեւով շարունակելու սկաուտական եւ ԼԵՎԱՄ-ի աշխատանքները, աւելցնելով, որ ընտրութենէն ամիս մը ետք արդէն կազմուեցաւ քարոզչական յանձնախումբը` օժտուած փորձառու անդամներով, որոնք անմիջապէս գործի անցնելով` բացին «Ուաթց Ափ»-ի կայանը, վերականգնեցին «ԵուԹիուպ» կայանը, աշխուժացուցին Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի էջերը, եւ ներկայիս բոլոր լուրերը կը զետեղուին այս էջերուն վրայ` հասանելի դառնալով աւելի քան 20 հազար ակնդիրներու:
Սեթոյեան հաստատեց, որ այս յանձնախումբը կրցաւ տարեշրջանի ամէնէն խճողուած ամիսներուն գործել մեծ յաջողութեամբ` ՀՄԸՄ Լիբանանը ներկայացնելով ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ ուղղակի սփռումներով` աշխարհի բոլոր հայութեան, աւելցնելով, որ անցեալ շաբթուընէ սկսեալ «Վանայ Ձայն»-էն, երկշաբաթեայ դրութեամբ, սկսաւ սփռուիլ «ՀՄԸՄ-ի ձայնը» յայտագիրը` նպատակ ունենալով գաղութին հասանելի դարձնել ՀՄԸՄ-ի նոր լուրերը:
Անդրադառնալով կազմակերպական բաժնին` Սեթոյեան ըսաւ, որ կազմակերպուած այդ միջվարչական ժողովին պիտի յաջորդեն միջդիւանական եւ այլ ժողովներ` աւելի եւս դիւրացնելու եւ ճիշդ ձեւով շարունակելու մեր միութեան աշխատանքները` նպատակ ունենալով համահունչ գործելաոճ որդեգրել աշխատանքի մէջ եւ աւելի լաւ գաղափարներով առաջնորդելու գործունէութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Կարօ Յարութիւնեան, որ նման ժողովներ կարեւոր նկատեց միութեան աշխատանքները սրբագրելու, առաւել եւս կազմակերպուելու եւ գործունէութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու համար: Ան անվարան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը Լիբանանի գաղութի ամէնէն կենսունակ, ամէնէն շատ խանդավառութիւն ստեղծող եւ իր շուրջ ամէնէն մեծաթիւ համակիրներ հաւաքելու կարողականութիւնը ունեցող միութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ` ամէնէն մեծը:
Ըստ Յարութիւնեանի, ասիկա յաելեալ պատճառ պէտք է ըլլայ միշտ աւելին տալու. արդարեւ, ասիկա մարտահրաւէր մըն է, որպէսզի յաղթանակին վրայ գումարենք երկրորդը, երկրորդին վրայ երրորդը եւ այսպէս շարունակ:
Ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, աշխարհը կը շարունակէ նայիլ լիբանանահայութեան ընդհանրապէս, յատկապէս` ՀՄԸՄ-ին ու անոր յաջողութիւններուն, որովհետեւ համայն հայութիւնը հետաքրքրուած է ՀՄԸՄ-ի տարած յաղթանակներով, ՀՄԸՄ Լիբանանի կազմակերպած մայիսեան փառատօներով, բանակումներով, խարուկահանդէսներով: «Հետաքրքրուած են եւ կ՛ուրախանան մեր յաղթանակներով, կը փորձեն նաեւ նմանիլ մեզի այնքան, որքան իրենց գաղութներուն կարելիութիւնները կ՛ընձեռեն»:
Կարօ Յարութիւնեան հաստատեց, որ մեծ վստահութիւն կայ ՀՄԸՄ-ին եւ անոր պատասխանատուներուն նկատմամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ատակ է իրեն տրուած աշխատանքի յաջողութեան ի խնդիր գործելու` միշտ իբրեւ նեցուկ ունենալով լիբանանահայութիւնն ու անոր կառոյցները: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատու կազմերը օժտուած են երիտասարդ տարրերով, որոնք իրենց կողքին ունենալով երէց ու փորձառու սերունդներու ներկայացուցիչները, նոր շունչ ու թափ պիտի տան աշխատանքին` առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելով: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ցարդ տարած աշխատանքներէն մեկնելով` կարելի է ըսել, որ սովորականէն դուրս, քայլ մը դէպի առաջ ընթանալու նպատակով տարբեր ծրագիրներ նկատելի են, սակայն անոնց իրականացումը կը պահանջէ բոլորին նեցուկն ու գործնական զօրակցութիւնը, որովհետեւ անոնք նաեւ կարեւոր են գաղութին համար:
Կարօ Յարութիւնեան խօսեցաւ նաեւ մրցակցութիւնը միշտ առողջ մակարդակի վրայ պահելու մասին` շեշտելով, որ ասիկա առանցքային է, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին առողջ ըլլալը, կենսունակութիւնը, տիրական ներկայութիւնը կը դիտուի իբրեւ գաղութի ընդհանուր վիճակին ցոլացումը, որովհետեւ այս միութիւնը լիբանանահայութեան բազկերակն է. ուրեմն, եթէ ՀՄԸՄ-ը լաւ վիճակի մէջ է, Լիբանանի գաղութը լաւ վիճակի մէջ է, ուրեմն պէտք է յաւելեալ պարտականութիւն ստանձնել` արձանագրուած յաջողութիւնները այդ բարձրութեան վրայ պահելու:
Իր խօսքի եզրափակիչ մասով ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ միշտ առկայ դժուարութիւններուն, մնայուն մարտահրաւէրներուն, ապահովական անկայուն վիճակին, բայց եւ այնպէս, շեշտելով, որ այս բոլորը յուսալքումի, ընկրկումի պէտք չէ առաջնորդեն, այլ միասնաբար պէտք է դիմագրաւենք ամէն խոչընդոտ եւ հետապնդենք մեր ծրագիրները:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով ժողովը եւ ժողովի կազմակերպիչ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ողջունեց Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան, որ գնահատեց կազմակերպական օրակարգով նման ժողովի մը գումարումը եւ ըսաւ, որ կազմակերպական կեանքը միութենական կեանքին հիմքն է, ողնայարն է, աւելցնելով, որ առանց կազմակերպական կեանքի` միութիւնը կը վերածուի սովորական մարզական ակումբի կամ որոշ նախասիրութիւն ունեցող մարդոց ոչ կառավարական մէկ կազմակերպութեան:
Աւագեան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի աւելի քան 100-ամեայ կազմակերպական կեանքը հիմնուած է չորս հիմնական սիւներու վրայ.
Ա) Դաստիարակութիւն-Միութիւն մը առանց դաստիարակչական արդիական ու ազդեցիկ ծրագիրներու` չի կրնար գոյատեւել: Միութենականը ուրիշներէն կը տարբերի իր դիմագիծով, նկարագիրով եւ հարցերու հանդէպ վերաբերումով: Այս բոլորը կը կերտուին դաստիարակչական մնայուն աշխատանքով:
Բ) Ամբողջականութիւն-Միութիւն մը կ՛ունենայ ժողովներ: Ժողովներէն կը յառաջանան մարմիններ եւ անոնց կողքին կը գործեն յանձնախումբեր: Այս բոլորին համադրուած ու ներդաշնակ գործունէութիւնն է, որ միութիւն մը միութիւն կը դարձնէ:
Գ) Պատկանելիութիւն-Միութիւն մը շահակցական ընկերութիւն չէ: Մեծ ընտանիք է: Հետեւաբար անդամները, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին, պէտք է ունենան մէկ մեծ ընտանիքի պատկանելիութիւն եւ ըստ այնմ գործելու վարժութիւն:
Դ) Յանձնառութիւն-Դաստիարակուած, ամբողջականութեան սկզբունքով գործող եւ պատկանելիութեան զգացումը ունեցող միութենականը չի կրնար մինչեւ վերջ յանձնառու չըլլալ այն նպատակներուն եւ արժէքներուն, որոնց համար ՀՄԸՄ-ական եղած է ան: Յանձնառութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ միութենական մնացեալ սկզբունքները եւս` կարգապահութիւն, ճշդապահութիւն, ծառայասիրութիւն, անշահախնդրութիւն եւ այլն:
Հետեւաբար, Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ յիշեալ չորս կէտերու հիմամբ կարելի է ունենալ առողջ ու կենսունակ կազմակերպական կեանք, որուն շնորհիւ շրջանը կրնայ ունենալ նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:
Խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հայութեան պատմութիւնը մինչեւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը Լիբանանի մէջ` հասնելով մինչեւ մեր օրերը ՀՄԸՄ-ի արձանագրած նուաճումները եւ յաղթանակները:
Կարճ դադարէ մը ետք ժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` իբրեւ օրակարգի առաջին կէտ ունենալով Շրջանային վարչութեան աշխատանքներու մասին (փետրուարէն յուլիս) զեկուցում, զոր տուաւ Լուսին Գազանճեան` պատկերներով, նկարներով եւ գրութիւններով: Անդրադարձ կատարուեցաւ` ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, ապրիլեան ձեռնարկներուն, ընկերային ձեռնարկին, մայիսեան փառատօնին, մարզական տարբեր խումբերու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` տնտեսական յանձնախումբի գործունէութեան:
Անկէ ետք ժողովին մասնակիցները բաժնուեցան աշխատանքային հետեւեալ խմբակներուն` ատենապետներու, ատենադպիրներու, հաշուապահ/գանձապահներու, մարզական եւ քարոզչական:
Քառասունհինգ վայրկեան տեւած աշխատանոցներու ընթացքին իւրաքանչիւր խմբակ քննեց իրեն վերաբերող հարցերը: Ատենապետներու պարագային ընդհանրապէս անդրադարձ կատարուեցաւ կազմակերպական հարցերու, մասնաճիւղերու database-ի հարցին, ինչպէս նաեւ` ձեռնարկներու համադրումին եւ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն:
Ատենադպիրներու աշխատանոցը վարեց եւ ատենադպրութեան մասին ներկայացում կատարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործավար Վերա Բարսեղեան-Տէր Պօղոսեան, որ մանրամասն բացատրեց նամակագրութիւններու, շրջաբերականներու, քարտուղարական նոթերու եւ ընդհանրապէս արխիւներու պահպանման, առաքման եւ ստացման ձեւերը, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնաճիւղերը եւ շրջանայինը մէկ ներդաշնակ ձեւ որդեգրելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ:
Քարոզչականի աշխատանոցը անդրադարձաւ ընդհանրապէս ընկերային ցանցերուն վրայ միութենական նիւթերու եւ նկարներու տեղադրման ձեւին, ինչպէս նաեւ` մամուլով եւ հաղորդումներով մասնաճիւղերու աշխատանքներուն մասին հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու կարեւորութեան:
Մարզական աշխատանոցը անդրադարձաւ ընդհանրապէս մասնաճիւղներու մտահոգութեան` մարզական հարցերով, եւ կեդրոնացաւ հոկտեմբերին կազմակերպուելիք ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն վրայ:
Իսկ գանձապահ/հաշուապահ աշխատանոցը անդրադարձաւ ընդհանրապէս հաշուական այլ ձեւի տախտակներուն, զորս Շրջանային վարչութիւնը որդեգրած է իր գործունէութիւնները յստակ եւ ապահով ձեւով պահելու համար. այդ ձեւը բացատրուեցաւ բոլոր մասնաճիւղներուն, որոնք առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու այս ձեւին եւ հետագային որդեգրելու նոյն աշխատելաձեւը: Աշխատանոցներու եզրափակիչ բաժինով բոլորը միացան եւ միասնաբար ունկնդրեցին Վիգէն Աւագեանի զեկուցումը` քարոզչական աշխատանքին վերաբերող, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ այս առնչութեամբ բոլոր շրջաններուն փոխանցուած ուղեգիծներուն: Ան բացատրեց բոլոր օրէնքները, սահմանները եւ միջոցները, որպէսզի այս աշխատանքը յաջողութեամբ ընթանայ: Այս ծիրին մէջ Լիբանանի մասնաճիւղերը արդէն ունեցան քարոզչական ներկայացուցիչներ, որոնք միասնաբար պիտի գործեն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի քարոզչական աշխատանքը յառաջ մղելու:
Անկէ ետք իւրաքանչիւր մասնաճիւղ տուաւ իր աշխատանքներու անցնող ամիսներու զեկուցումը: Այս բաժինով մասնաճիւղները ծանօթացան իրենց քոյր մասնաճիւղերու դժուարութիւններուն, յաջողութիւններուն եւ որդեգրած աշխատելաձեւին:
Անկէ ետք Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Մանօ Գազանճեան եւ քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Պուտագեան տուին ընդհանուր զեկուզումներ եւ կատարեցին փոխանցումներ:
Միջվարչական Ա. ժողովը եզրափակուեցաւ Շրջանային վարչութեան անդամ Ֆուատ Մուրատեանի փակման խօսքով, որուն մէջ ան օգտակար եւ բովանդակալից նկատեց ժողովը, յատկապէս` աշխատանոցները, որոնց ընթացքին միացեալ քննարկումներով փորձ կատարուեցաւ գտնելու աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ միութեան դիմաց ցցուած ընդհանուր մարտահրաւէրներուն: Ան նշեց, որ ժողովը առիթ եղաւ լսելու մասնաճիւղերու աշխատանքներուն մասին:
Մուրատեան հաստատեց, որ սոյն ժողովին մեծագոյն արժէքը միայն ներկայացուած զեկոյցները կամ ընդունուած առաջարկները չեն, այլ նաեւ` «Մե՛նք ենք, մեր միասնականութիւնը, մեր կամքը եւ մեր պատրաստակամութիւնը` սորվելու, համագործակցելու եւ շարունակելու մեր առաքելութիւնը նոյն նուիրումով»:
Ան շեշտեց, որ ներկայացուած գաղափարները, առաջարկներն ու քննարկումները պէտք է վերածուին գործի, նախաձեռնութիւններու եւ յաջողութեան արդիւնքներու` իւրաքանչիւր մասնաճիւղի եւ իւրաքանչիւր վարչութեան աշխատանքին ճամբով:
Եզրափակելով իր խօսքը` Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` իրենց եռանդուն մասնակցութեան, անկեղծ կարծիքներուն եւ պատասխանատու վերաբերմունքին համար, յատկապէս` աշխատանոցներու պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակն ու ներդրումը ունեցան ժողովի յաջողութեան համար: Ան յոյս յայտնեց, որ ներկաները կը հեռանան նոր գաղափարներով, նոր ոգեւորութեամբ եւ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ` ՀՄԸՄ-ը աւելի ուժեղ, աւելի կազմակերպուած եւ աւելի ազդեցիկ դարձնելու համար:




