Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. «Պահպանե՛նք Մեր Խորհրդանիշները» Բնաբանով Հանդիսութիւն Եւ «Գունաւորե՛նք Մեր Ազգային Խորհրդանիշները» Գունաւորման Տետրակի Ներկայացում Ու Մրցանակաբաշխութիւն

July 28, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, ուրբաթ, 26 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պահպանե՛նք մեր խորհրդանիշները» բնաբանով հանդիսութիւն եւ «Գունաւորե՛նք մեր ազգային խորհրդանիշները» ներկի տետրակի ներկայացում, ներկայութեամբ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու, ներկայ եւ նախկին վարիչներու, ծնողներու եւ պատանիներու:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց պատանի Ռիթա Նալպանտեան, որ նշեց, թէ ազգային ինքնութիւնը ժողովուրդի մը գոյութեան ամէնէն կարեւոր հիմքերէն մէկն է: Ան աւելցուց, որ ազգային արժէքները պարզապէս անցեալի յիշատակներ չեն, այլ մեր հաւաքական յիշողութիւնն են, մեր պատմութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնն են, եւ այդ արժէքները մեզի կը սորվեցնեն, թէ ո՛վ ենք մենք, ուրկէ՛ կու գանք եւ ինչպէ՛ս պէտք է պահպանենք ու փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն: Ան ըսաւ, որ երբ պատանին կը ճանչնայ իր պատմութիւնը, կը սիրէ իր մշակոյթը եւ կը հպարտանայ իր ինքնութեամբ, ան կը նպաստէ, որ այդ արժէքները շարունակեն ապրիլ եւ ամրանալ սերունդէ սերունդ:

Նալպանտեան աւելցուց. «Նարինէ Մարգարեանի գծագրած «Գունաւորենք մեր ազգային խորհրդանիշները» գունաւորման տետրակը միայն գոյներու միջոցով ստեղծագործելու միջոց մը չէ, այլ նաեւ կրթական եւ մշակութային գործիք մըն է, որ պատանիներուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու հայկական խորհրդանիշներուն, պատմական դէմքերուն, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն, եւ ստեղծագործական աշխատանքին միջոցով ան աւելի մօտէն կը ճանչնայ իր ժառանգութիւնը, կը զարգացնէ իր ստեղծագործական կարողութիւնները եւ աւելի խոր կապ կը հաստատէ իր ինքնութեան հետ»:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Նարինէ Մարգարեան, որ նշեց, թէ ազգային խորհրդանիշները անցեալին եւ ներկային միջեւ կապ հաստատող կենդանի վկաներ են, որոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն ժողովուրդի մը պատմութիւնն ու հոգեւոր ժառանգութիւնը, եւ այս գիտակցութեամբ է, որ այսօր կը ներկայացնենք ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի հրատարակած «Գունաւորենք մեր ազգային խորհրդանիշները» գունաւորման տետրակը:

Ան ըսաւ, որ 30 պատկերներով կազմուած տետրակին մէջ տեղ գտած են` հայկական տեսարաններ, մշակութային պատկերներ, ազգային խորհրդանիշներ եւ մեր հերոս ֆետայիներու դիմանկարները, եւ իւրաքանչիւր էջ-բնաբանի ընտրութիւնը պատահականութիւն չէ, այլ փորձ կատարուած է ներկայացնելու այն պատկերները, որոնք տարբեր ձեւերով կը ծանօթացնեն` հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, հոգեւոր աշխարհը, ստեղծագործ ոգին եւ ազատասիրութիւնը:

Մարգարեան աւելցուց. «Հայկական բնաշխարհի պատկերները մեզի կը յիշեցնեն այն հողը, որ դարեր շարունակ եղած է մեր մշակոյթի օրրանը, մեր տունը, մեր հայրենիքը: Լեռները, վանքերը, գիւղերն ու պատմական կառոյցները միայն քար ու բնութիւն չեն: Անոնք մեր ժողովուրդի յիշողութեան կենդանի վկաներն են: Ամէն քար, ամէն եկեղեցի, ամէն պատմական կոթող պատմութիւն մը ունի: Տետրակին մէջ տեղ գտած են նաեւ մեր մշակոյթին առնչուող պատկերներ: Անիկա կը դրսեւորուի մեր լեզուին, արուեստին, աւանդոյթներուն եւ արժէքներուն մէջ: Առանձնայատուկ տեղ յատկացուցած ենք ազգային արժէքներուն` Սարդարապատին, Ծիծեռնակաբերդին, Պապիկն ու Տատիկին, Պիքֆայայի յուշարձանին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեր Դատի ու պահանջատիրութեան խորհրդանիշն է: Վստահաբար այս բոլորին մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունին հայ ֆետայիները ազատամարտիկներն ու հերոսները: Անոնք պատմութեան այն դէմքերն են, որոնք անձնական շահերէն վեր դասած են ժողովուրդին ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Անոնց կեանքն ու պայքարը կը շարունակեն ներշնչել մեզ` յիշեցնելով, թէ նուիրումը, անձնազոհութիւնը, քաջութիւնն ու հայրենասիրութիւնը մնայուն արժէքներ են»:

Աւարտին ան նշեց, որ այսօրուան մեր իրականութեան մէջ, երբ մեր արժէքները, մեր ժառանգութիւնը, մեր աւանդութիւնները, մեր Հայրենիքն ու Եկեղեցին վտանգուած են, ապա մե՛նք` իբրեւ դաշնակցականներ, պարտաւոր ենք դառնալու յուշարարը մեր խորհրդանիշներուն, որպէսզի նորահաս սերունդները չհրաժարին մեր ինքնութենէն, չհրաժարին Արարատէն, չհրաժարին Արցախէն:

Ապա Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Սէրլի Մուղալեան դաշնամուրով ներկայացուց նուագ մը, որմէ ետք Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան խօսքը արտասանեց Սեւակ Քենտիրճեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ուսուցչուհիներէն Նարինէ Մարգարեանի գծագրած գունաւորման տետրակը մշակութային տեսակէտէն մեծ դեր ունի մեր մատղաշ սերունդի հոգեմտաւոր ու գեղարուեստական զարգացման բնագաւառէն ներս:

Ան մեծապէս գնահատեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան գործակցութիւնը` շեշտելով, որ կապը ոչ միայն կը պահպանէ մշակոյթը, այլ կը պատրաստէ նոր սերունդ մը, որ գիտակից է իր արմատներուն եւ պատրաստ` շարունակելու իր հաւաքականութեան մշակութային-ազգային առաքելութիւնը:

Այս առիթով Քենտիրճեան յայտարարեց, որ գծագրութեան տետրակին առիթով կայացած ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիներու գունաւորման մրցանքին առաջին հանդիսացող աշակերտը պիտի ստանայ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2026-2027 կրթական տարեշրջանի ամբողջական կրթաթոշակը, երկրորդը` 75 տոկոս զեղչ, իսկ երրորդը` 50 տոկոս զեղչ: Իսկ բոլոր մասնակցողները պիտի ստանան 20 տոկոս զեղչ:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Համազգայինի «Տամիտոմ» տհոլահարներու խումբի ներկայացումով: Օրուան պատգամը յղեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչական եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:

Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրած ու տիրող դժնդակ պայմաններուն, ազգային ինքնութեան ու հաւաքական նկարագիրին սպառնացող տարբեր վտանգներուն, լիբանանահայ յանձնառու դաշնակցական պատանին ու երիտասարդը գտնուած են ու կը շարունակեն ըլլալ առաջատար գիծերու վրայ` բարձր պահելով հայն ու հայկականը:

Հաւաթեան այս ծիրին մէջ յատկապէս լուսարձակի տակ առաջ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն վճռորոշ ու առանցքային դերակատարութիւնը` զանոնք նկատելով ապագայ մարդուժի կերտման անփոխարինելի դպրոց:

Ապա բանախօսը կեդրոնացաւ «Գունաւորենք մեր ազգային խորհրդանիշները» տետրակին հրատարակութեան վրայ` զայն նկատելով նպատակայարմար, օգտաշատ եւ օրուան հրամայականներուն հակազդեցութիւնը հանդիսացող նախաձեռնութիւն:

«Այսօր հայ պատանին ահաւասիկ այս տետրակին մէջ գտնելով իրեն հարազատ ազգային խորհրդանիշները եւ զանոնք գունաւորելով` պիտի հարստացնէ իր ներաշխարհն ու կենսաւորէ այդ բոլորը մեր ներկային մէջ, եւ հատու պատասխան մը տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն այս արժէքներուն բնաջնջման արշաւանքներ կազմակերպել, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք ի տես այս ապազգային ժխորին` կը հրաժարին իրենց իսկ դաւանած ազգային գաղափարներու ըմբռնողութենէն ու լռութեամբ կամ երբեմն անիմաստ թմբկահարութեամբ կը փորձեն ջատագովել այս ազգավնաս ու հայավնաս վարքագիծի հեղինակներուն կատարած աշխատանքը», հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան:

Ան ըսաւ, որ որքան ալ փորձ կատարուի լուսանցքայնացնելու կամ ոտնակոխելու մեր սրբազան արժէքները, շնորհիւ նման նախաձեռնութիւններու, Եկեղեցին, դպրոցն ու միութենական օճախները կը շարունակեն մնալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ազգային խորհրդանիշները ապրեցնող կռուաններ, ուր կը կազմաւորուին ազգային նկարագիրի տէր սերունդներ:

Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը կոչ ուղղեց բոլորին վստահելու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն, որպէսզի հայութեան ապագայ երթը դառնայ ապահով եւ կերտուին ազգանուէր առաքելութեան լծուելու ատակ սերունդներ:

(Խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք առանձին):

Աւարտին, տեղի ունեցաւ նոյն օրը իրականացած գունաւորման մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Յայտնենք, որ դատական կազմին մաս կը կազմէին Գրիգոր Արբաճեան, Վազգէն Մուղալեան եւ Նարինէ Մարգարեան: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեանի, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեանի եւ դատական կազմի անդամներու ձեռամբ մրցանակները ստացան Կալիա Քարկայեան (Ա. դիրք), Վանայ Մումջողլեան (Բ. դիրք) եւ Յասմիկ Նալպանտեան (Գ. դիրք): Հանդիսութենէն ետք ներկաները առիթ ունեցան սրահին մուտքին դիտելու մրցանքին մասնակցող պատանիներուն գունաւորած նկարները եւ ստանալու գունաւորման տետրակէն օրինակներ:

 

Նախորդը

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Արժանավայել, Իւրայատուկ Եւ Բարձրորակ Հանդէսը Արժանացաւ Ներկաներու Մեծ Գնահատանքին

Յաջորդը

Ազգային Խորհրդանիշները Կը Շարունակեն Ապրեցնել Հայութեան Պահանջատիրական Երթն Ու Ինքնութեան Ոգին*

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.