Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

July 25, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիւրին է պատմութեան էջերը վերածել սոսկ յիշատակի նշումներու փուլի մը, երբ տարին անգամ մը կը խոնարհինք յուշարձաններու առջեւ ու կը վերադառնանք մեր առօրեայ հանգիստին: Սակայն Լիզպոն հինգը երբեք չէ եղած ու պիտի չըլլայ սովորական յիշատակութիւն:

Անիկա պատմական պահու մը սառեցուած դրուագը չէ, այլ անդադար բաբախող զարկերակ մըն է, որ այսօր, աւելի քան երբեք, կը բախի մեր իրականութեան դռներուն: Հինգ երիտասարդներու սխրանքը ինքնանպատակ զոհողութիւն չէր, այլ` հաւաքական անտարբերութեան եւ քաղաքական լռութեան դէմ արձակուած ամէնէն բարձրագոչ ահազանգը:

Այսօր այդ ահազանգը նոյն թափով, սակայն տարբեր ձեւաչափով կը հնչէ, որովհետեւ ճակատները փոխուած են, բայց վտանգները մնացած են նոյնքան ահաւոր:

Մերօրեայ պայքարը չի պահանջեր զէնքի պայթիւն, բայց կը պահանջէ կամքի անխախտ ամրոցներ, որոնք կը դիմադրեն արդի աշխարհի համահարթեցման հոսանքներուն: Երբ սերունդ մը կը կանգնի հոգեւոր, մշակութային ու ազգային տագնապներու դիմաց, Լիզպոն հինգը կը դառնայ բարոյական չափանիշ:

Արժանի՞ ենք այսօր այդ յիշատակին, երբ ազգային ինքնութիւնը կը հալի համաշխարհայնացման մէջ, եւ երբ անտարբերութիւնը կը դառնայ կեանքի դիւրին ուղեցոյց: Իսկական պայքարը այսօր կը մղուի` հայ դպրոցի լուսաւոր դասարաններուն մէջ, միութենական ակումբներուն, համայնքային կեանքի աշխուժացման մէջ, լրատուական դաշտի պատնէշներուն վրայ եւ մեր հաւաքական գիտակցութեան սահմաններէն ներս:

Հո՛ն է, որ հայ երիտասարդը ամէն վայրկեան կ՛ընտրէ տէր կանգնիլ իր արմատներուն` մերժելով դիւրին ու հանգիստ կեանքի պատրանքները եւ յանձնառութիւնը դարձնելով առօրեայ ապրելակերպ:

Լիզպոնի տղաքը իրենց կեանքով չգրեցին անձնատուութեան դասագիրք, այլ գծեցին արժանապատուութեան անզիջող ճանապարհը: Անոնք չզոհուեցան, որ մենք յուզուինք կամ յուսահատինք, այլ զոհուեցան, որպէսզի մենք սորվինք կանգուն մնալ:

Ուստի, մեր պատգամը յստակ է. ան, որ կը կարծէ, թէ Լիզպոն հինգը անցեալի փոշոտ էջերուն կը պատկանի, չարաչար կը սխալի: Այդ կրակը այսօր կ՛ապրի երակներուն մէջ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի, որ կը մերժէ ծունկի գալ մարտահրաւէրներու դիմաց, կը մերժէ ձուլուիլ ու կը շարունակէ կառչած մնալ իր իրաւունքներուն:

Իբրեւ ՀՅԴ-ի Լիբանանի երիտասարդական միութիւն` մենք չենք սգար մեր հերոսները, մենք կը շարունակենք անոնց կիսատ ձգած ճանապարհը` կառուցելով, պայքարելով եւ յաղթելով ամէնուրեք: Այսօր մեր երդումը նոյնն է. դառնալ այն շանթը, որ կը ճեղքէ խաւարը, եւ ապացուցել, որ Լիզպոնի կայծը երբեք չմարող հուր է:

Իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ` մեր առաքելութիւնն է այս կտակը փոխանցել ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ` գործով, որպէսզի ապագայի հայ երիտասարդը նոյն հպարտութեամբ ու ոգեշնչումով շարունակէ երթը դէպի յառաջ:

«Ազգ մը, որ կը պայքարի, երբեք չի պարտուիր»:

ՀՅԴ-ԼԵՄ

Լիզպոնի գործողութեան հինգ անձնազոհ եւ տիպար հայորդիներուն արարքին մասին ԼԵՄ-ականներուն մտածումներուն ծանօթանալու նպատակով անոնց ուղղուեցան հետեւեալ 5 հարցումները: 

1.- Այսօրուան երիտասարդութիւնը ինչո՞ւ պէտք է Լիզպոնի գործողութիւնը նշէ:
2.- Այսօր ինչպէ՞ս կարելի է Լիզպոնի անձնուրաց տղոց յիշատակը վառ պահել:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, ի՞նչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի ապագան:
4.- Աշխարհի մէջ զանազան փոփոխութիւններու լոյսին տակ ինչպէ՞ս կարելի է Լիզպոնի պատգամը փոխանցել հանրութեան եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան:
5.- Այսօր կը փորձեն հայ ժողովուրդին մոռցնել տալ Արցախը, հայ ռազմաքաղաքական գերիներ Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած են, եւ Արցախի հայութիւնը իր երկրէն դուրս կը բնակի: Լիզպոնի օրինակին հետեւելով` ինչպէ՞ս կարելի է Արցախի հիմնահարցը միջազգային ատեաններու վրայ բարձրաձայնել:

Ստորեւ` տրուած պատասխաններն ու երիտասարդներուն մտորումները:

1.- Այսօրուան երիտասարդութիւնը պէտք է նշէ Լիզպոնի գործողութիւնը, որովհետեւ ան անձնազոհութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգային արժանապատուութեան բարձրագոյն օրինակն է: Լիզպոնի հինգ երիտասարդները իրենց կեանքը զոհաբերեցին, որպէսզի աշխարհը կրկին լսէ հայ ժողովուրդին ձայնը եւ չմոռնայ մեր ազգին իրաւունքները: Անոնք ցոյց տուին, որ երիտասարդութիւնը կրնայ ազգի պայքարի եւ վերածնունդի շարժիչ ուժը դառնալ:

2.- Լիզպոնի հերոսներու յիշատակը կարելի է վառ պահել` անոնց կեանքը եւ գաղափարները ուսումնասիրելով, յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպելով, դասախօսութիւններով եւ անոնց պատգամը նոր սերունդներուն փոխանցելով: Սակայն ամէնէն կարեւորը` անոնց յիշատակը կը մնայ ազդու, երբ հայ երիտասարդը կը շարունակէ ծառայել իր ազգին, կը պաշտպանէ հայկական իրաւունքները եւ երբեք չի հրաժարիր ազգային պահանջներէն:

3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հաւանաբար այդքան ուժեղ ձեւով չէր սեւեռուեր հայկական հարցերուն վրայ: Լիզպոնի գործողութիւնը արթնցուց ազգային գիտակցութիւնը եւ նոր ոգի ներշնչեց հայ երիտասարդութեան: Առանց այդ օրինակին` հայ ժողովուրդի պայքարը կրնար աւելի լուռ եւ տկարացած շարունակուիլ:

4.- Այսօր, երբ տեղեկատուական պատերազմները մեծ դերակատարութիւն ունին, Լիզպոնի պատգամը պէտք է փոխանցել ընկերային ցանցերու, կրթական ծրագիրներու, վաւերագրական տեսերիզներու եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով: Պէտք է երիտասարդութեան փոխանցել, որ Լիզպոնի պատգամը միայն անցեալի յիշատակ չէ, այլ նաեւ կոչ` ազգին հաւատարիմ մնալու, արդարութեան համար պայքարելու եւ ազգային կորուստներուն հետ երբեք չհաշտուելու:

5.- Լիզպոնի հերոսները մեզի սորվեցուցին, որ երբ աշխարհի խիղճը կը լռէ, հայ երիտասարդութիւնը պէտք է իր ժողովուրդի ձայնը դառնայ: Այսօր Արցախի հարցը մոռացութեան տալու փորձեր կան, սակայն հայ երիտասարդին պարտքն է չարտօնել, որ հայ ժողովուրդի ցաւը եւ իրաւունքները միջազգային օրակարգէն անհետանան:

Լիզպոնի պատգամը այսօր, աւելի քան երբեք, արդիական է. ան մեզի կոչ կ՛ուղղէ` չլռելու, չյուսահատելու եւ պայքարը շարունակելու, մինչեւ արդարութիւնը յաղթէ, եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները լիովին վերականգնին: Ազգ մը, որ կը մոռնայ իր հերոսները եւ իր կորուստները, կը վտանգէ իր ապագան, իսկ ազգ մը, որ կը պայքարի, երբեք չի պարտուիր:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱԼԵՄԵԶԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

«Անկարելին Կարելի Կը Դառնայ,
Եթէ Միասնական Ըլլանք»

1.- Մեր երիտասարդութիւնը պէտք է յիշէ Լիզպոնի գործողութիւնը, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին մեր նպատակին համար: Անոնք ցոյց տուին, որ «Ազատութիւն կամ մահ»-ը պարզապէս խօսքեր չեն:

2.- Լիզպոնի հինգի յիշատակը կարելի է վառ պահել մեր յեղափոխական եւ կամաւոր աշխատանքով, անոնց ուղին եւ միտքը շարունակելով, ինչպէս նաեւ` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի նպատակը մեր մտքերուն մէջ պահելով: Նոյնիսկ երբ ամէն ինչ դժուար թուի, պէտք չէ յուսահատինք:

3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, հայութիւնը, մանաւանդ` երիտասարդութիւնը, կրնար յուսահատ մտածումներ ունենալ: Լիզպոնի հինգը մեզի սորվեցուց, որ պէտք է առանց վարանելու պայքարինք մեր իրաւունքներուն համար:

4.- Անոնց գործողութենէն օրինակ առնելով` պէտք է մեր առօրեայ կեանքին մէջ շարունակենք բարձր պահել մեր ազգային արժէքները, անոնց նման վճռական ըլլանք եւ ցոյց տանք, որ ամէն դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել:

5.- Լիզպոնի գործողութենէն կը սորվինք, որ անկարելին կարելի կը դառնայ, եթէ միասնական ըլլանք, մեր նպատակին հաւատանք եւ պայքարը շարունակենք, մինչեւ հասնինք մեր իտէալական Հայաստանին:

ՄԱՅՔ ՄԱՐՍՈՒՎԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

«Հինգ Հերոս, Մէկ Պատգամ.
Շարունակել Հայ Դատի Ուղին»

1.- Այսօրուան երիտասարդութիւնը պէտք է նշէ Լիզպոնի գործողութիւնը, որովհետեւ անիկա հայ երիտասարդի ազգային գիտակցութեան, անձնազոհութեան եւ անսակարկ հաւատքի խորհրդանիշն է: Լիզպոնի հինգ հերոսները իրենց կեանքը զոհաբերեցին` համայն աշխարհին յիշեցնելու, որ Հայ դատը չէ մոռցուած, եւ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պահանջել իր արդար իրաւունքները: Անոնց օրինակով մենք կը սորվինք, թէ հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքերով չէ միայն, այլ` պատասխանատուութեամբ, նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ` ծառայել ազգին ու հայրենիքին: Այսօր մենք պարտաւոր ենք պահպանել անոնց յիշատակը եւ շարունակել անոնց սկսած պայքարը:

2.- Անոնց յիշատակը վառ պահելու լաւագոյն ձեւը ոչ միայն յուշահանդէսներով ու ոգեկոչման խօսքերով է, այլ նաեւ անոնց պատգամը առօրեայ գործի վերածելն է: Մենք անոնց յիշատակը վառ կը պահենք, երբ կը գործենք նոյն կարգապահութեամբ, անձնազոհութեամբ եւ հաւատքով, անսասան մնալով Հայ դատի հետապնդման եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու մեր յանձնառութեան մէջ: Իւրաքանչիւր երիտասարդ, որ կը գիտակցի կը դառնայ իր ազգային պարտաւորութիւններուն եւ իր ներդրումը կը բերէ համայնքին ու հայրենիքին, իր ձեւով կը շարունակէ Լիզպոնի հերոսներուն պատգամը:

3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, կարելի չէր ըլլար վստահաբար ըսել, թէ պատմութիւնը ինչպէ՛ս պիտի զարգանար, սակայն անժխտելի է, որ այդ գործողութիւնը նոր շունչ եւ միջազգային ուշադրութիւն բերաւ Հայ դատին: Այդ օրերուն, երբ աշխարհը մեծ մասամբ լուռ էր Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ, Լիզպոնի հերոսները իրենց անձնազոհողութեամբ ցոյց տուին, որ հայ ժողովուրդը չի համակերպիր անարդարութեան: Անոնց արարքը դարձաւ ազգային պայքարի խորհրդանիշ եւ ներշնչեց սերունդներ` շարունակելու պահանջատիրական ուղին:

4.- Այսօրուան աշխարհին մէջ պայքարի միջոցները փոխուած են, սակայն Լիզպոնի պատգամը կը մնայ նոյնը` երբեք չհրաժարիլ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութենէն: Այդ պատգամը կարելի է փոխանցել` հայեցի դաստիարակութեամբ, պատմութեան ճշմարիտ ուսուցմամբ, քարոզչական աշխատանքներով, լրատուամիջոցներու, ժապաւէններու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով: Յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը պէտք է դաստիարակուի ազգային արժէքներով, ճանչնայ իր պատմութիւնը եւ գիտնայ, թէ ինք` իբրեւ հայ,  ինչպիսի՛ պատասխանատուութիւն ունի հայրենիքին, Արցախին եւ Հայ դատին նկատմամբ: Այս ձեւով Լիզպոնի ոգին պիտի շարունակէ ապրիլ նոր սերունդներուն մէջ:

5.- Լիզպոնի հերոսները աշխարհին ստիպեցին լսել հայ ժողովուրդին ձայնը: Այսօր նոյն վճռակամութեամբ, սակայն ժամանակակից, իրաւական եւ ժողովրդավարական միջոցներով միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ պէտք է շարունակենք բարձրաձայնել Արցախի հարցը: Անհրաժեշտ է կազմակերպուած աշխատանք տանիլ` դիւանագիտական հանդիպումներով, քարոզարշաւներով, բողոքի խաղաղ ցոյցերով, ներկայացնելու համար Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ գործուած անարդարութիւնները, պահանջել հայ ռազմաքաղաքական գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու ինքնորոշման իրաւունքը: Իբրեւ երիտասարդներ` մեր պարտականութիւնն է երբեք չհամակերպիլ ստեղծուած իրավիճակին հետ, համախմբել մեր ուժերը եւ շարունակել ազգային պայքարը` մինչեւ արդարութեան վերականգնումը:

ԵՂԻԿ ՈՒՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

«Լիզպոն. Կրակ Մը,
Որ Դեռ Չի Մարիր»

1.- Ամէն տարի, երբ յուլիս ամիսը կու գայ, հայ երիտասարդութիւնը կանգ կ՛առնէ պահ մը եւ իր մտքին մէջ կը վերակենդանացնէ 1983 թուականի այն օրը, երբ հինգ հայ երիտասարդներ ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ հաւատքով զինուած, որոշեցին լռութիւնը խախտել: Լիզպոնի գործողութիւնը պատմութեան մէջ մնաց ոչ միայն որպէս քաղաքական արարք, այլ` որպէս վկայութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս կրնայ մարդ մը իր կեանքը զոհել անմահացնելու համար Հայ դատը:

2.- Այսօրուան երիտասարդութիւնը այս գործողութիւնը պէտք է նշէ, որովհետեւ Լիզպոնը եղաւ ճիչ մը` լռութեան դէմ: Այն ժամանակ, երբ աշխարհը Հայկական հարցը մոռցած կամ անտեսած էր, հինգ երիտասարդներ որոշեցին, որ մահուան գնով իրենց ձայնը պիտի հասցնեն միջազգային ատեաններ: Եթէ այս գործողութիւնը տեղի չունենար, հայ ժողովուրդի ապագան հաւանաբար պիտի ըլլար աւելի մութ ու աւելի լուռ. Հայ դատը պիտի մնար չորս պատերու մէջ փակուած` առանց միջազգային ականջի, առանց ցնցումի, որ ստիպէր աշխարհը, որպէսզի ուշադրութիւն դարձնէ Հայոց ցեղասպանութեան: Լիզպոն ցոյց տուաւ, որ մեր պատմութիւնը մեր ձեռքն է, եւ մենք ենք, որ պիտի պատմենք զայն, եթէ ուրիշները չեն ուզեր լսել:

3.- Բայց յիշատակը վառ պահելը չի սահմանափակուիր մէկ ամիսով: Անոնց անձնուրացութիւնը կ՛արժանանայ մեր ամէնօրեայ ուշադրութեան: Ասիկա կը նշանակէ` պատմել իրենց պատմութիւնը ոչ միայն յուլիսին, այլ ամբողջ տարուան ընթացքին, դպրոցին մէջ, տան մէջ, մեր զրոյցներուն մէջ: Ասիկա կը նշանակէ` օգտագործել այն միջոցները, որոնք մեր ձեռքն են այսօր, եւ զորս անոնք չունէին: Ընկերային ցանցերը այսօր հսկայական ամպիոն մըն են. մէկ պատմութիւն, մէկ պատկեր կրնայ հասնիլ հազարաւոր աչքերու, որոնք երբեք լսած չեն Հայ դատի մասին: Մեր պարտականութիւնն է ճշմարիտ, ճիշդ տեղեկութիւն տարածել, որպէսզի Լիզպոնի պատգամը չմնայ սահմանափակուած, այլ հասնի հանրութեան, յատկապէս` մեր իսկ սերունդին, որ մեծցած է թուային աշխարհի մը մէջ:

4.- Լիզպոնի պատգամը այսօր, աւելի քան երբեք արդիական է, քանի որ մինչ մենք կը խօսինք յիշատակի մասին, Արցախը` մեր հողերէն մաս մը, պարպուած է իր հայ բնակչութենէն: Հայ ռազմաքաղաքական գերիներ տակաւին բանտարկուած են Ազրպէյճանի մէջ, եւ արցախահայութիւնը կ՛ապրի իր հայրենիքէն դուրս` գաղթականի վիճակի մէջ: Կան ուժեր, որոնք կ՛ուզեն, որ Արցախի հարցը մոռցուի, ինչպէս ժամանակին ուզեցին մոռցնել ամբողջ Հայ դատը: Հո՛ս է, որ Լիզպոնի արարքը կը դառնայ օրինակ. պէտք չէ սպասել, որ ուրիշները խօսին մեր տեղը: Պէտք է Արցախի հարցը բարձրացնել ամէն միջազգային ամպիոնի վրայ, ինչպէս Լիզպոն բարձրացաւ իր ժամանակին` պահանջելով ուշադրութիւն, արդարութիւն եւ գերիներու ազատագրում:

5.- Լիզպոնի հինգ երիտասարդները մեզի չձգեցին միայն յիշատակ մը` պահելու, այլ պատգամ մը` կատարելու. ձա՛յն հանեցէք: Եւ քանի դեռ Արցախը ամայի է, քանի դեռ մեր հայրենակիցները բանտերու մէջ են, մեր լռութիւնը պիտի ըլլայ մեծագոյն դաւաճանութիւնը իրենց նուիրումին հանդէպ:

ՌԻԹԱ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղ

«Լիզպոնի Գործողութիւնը Եւ
Հայ Երիտասարդին Առաքելութիւնը»

1.- Լիզպոնի գործողութեան գլխաւոր նպատակն էր գրաւել դեսպանատունը` աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւելու եւ ճանչնալ տալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կ՛արժէ պահ մը մտածել, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ հինգ երիտասարդները ընտրեցին զոհողութեան եւ պայքարի ուղին: Այսօրուան երիտասարդութեան համար Լիզպոնի գործողութիւնը միայն պատմական դէպք մը յիշել չէ, այլ` մտածել ազգային արժէքներու, արդարութեան, քաղաքական իրադարձութիւններու եւ հայկական դաստիարակութեան մասին: Ներկայիս հայ երիտասարդը Հայ դատը հետապնդելու մէջ բաւարար աշխատանք չի տանիր: Լիզպոնի նման գործողութիւնները յիշելը առիթ պէտք է ըլլայ անդրադառնալու, թէ երիտասարդէն շատ բան կը պահանջուի ու կը սպասուի, մանաւանդ` այս դարուս: Երիտասարդը պէտք է լաւ գաղափար ունենայ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին: Պէտք է գիտնայ, թէ տարբեր երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը ինչպէ՛ս կ՛ընթանայ եւ ո՛ւր հասած է:

2.- Կարելի է կազմակերպել դասախօսական շարքեր, զրոյցներ, քննարկումներ եւ սեմինարներ: Կարեւոր է յիշել, որ դասախօսութիւնները եւ սեմինարները այդքան արդիւնաբեր չեն ըլլար, եթէ անոնցմէ ետք տեղւոյն վրայ տեղի չունենան կարծիքներու փոխանակում եւ երիտասարդներու կողմէ հարցումներ ուղղելու դրութիւն օրուան դասախօսին: Շատ կարեւոր է կարդալ Լիզպոնի գործողութեան հետ առնչուող պատմական ուսումնասիրութիւններ` գիտնալու համար, թէ այս դէպքը ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն ազդած է միջազգային համակարգին վրայ, ինչպէս նաեւ` գիտնալու համար, թէ այս դէպքը որքանո՛վ դեր ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ յառաջ երթալու:

3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, հայ ժողովուրդի ապագան տարբեր պիտի ըլլար: Հայկական ինքնութեան, սփիւռքի կազմակերպուածութեան, Հայաստանի անկախացման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուէին այլ միջոցներով: Լիզպոնի գործողութիւնը նշանակալի ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ ան միջազգային ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայկական հարցին վրայ, այն ժամանակաշրջանին, երբ, շատերու կարծիքով, անիկա բաւարար տեղ չէր գրաւեր միջազգային օրակարգին մէջ: Ան նաեւ դարձաւ խորհրդանիշ մը այն սերունդի նուիրումին եւ վճռակամութեան, որ կը ձգտէր կանխել ազգային յիշողութեան կորուստը: Լիզպոնի գործողութիւնը նպաստեց Հայկական հարցին նկատմամբ միջազգային ուշադրութեան աճին եւ ազգային յիշողութեան պահպանման:

4.- Լիզպոնի գործողութիւնը, որ անձնազոհութիւն էր, ազգային նուիրումի խորհրդանիշ է, ինչպէս նաեւ առիթ` մտածելու Հայ դատին մասին: Կ’արժէ անդրադառնալ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ եւ ի՛նչ արձագանգ ձգեց թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան վրայ: Կարեւոր է քաջալերել երիտասարդները` կարդալու տարբեր աղբիւրներ եւ լսել տարբեր տեսակէտներ: Չբաւարարուիլ միայն հայու տեսակէտէ դիտելով հարցը, որովհետեւ այս դէպքին պարագային մեզ հետաքրքրող բաժինը օտար հանրութեան վրայ ազդեցութեան աստիճանն է: Պէտք է կապել անցեալը ներկային հետ` քննարկելով, թէ այսօր ինչպէ՛ս կարելի է պաշտպանել հայկական շահերը: Այս ձեւով երիտասարդութիւնը կրնայ Լիզպոնի պատմութիւնը ընկալել ոչ միայն որպէս անցեալի դէպք, այլ նաեւ որպէս առիթ` մտածելու ապագային մասին: Իւրաքանչիւր հայու փափաքն է, որ Հայոց պատմութիւնը եւ քաջագործութիւնները շարունակեն ապրիլ հայ երիտասարդին սիրտին մէջ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, իր դժուարութիւններով եւ ձեռքբերումներով, արժանի է նախ յիշուելու, եւ երկրորդ` փոխանցուելու յաջորդ սերունդներուն:

5.- Արցախի ժողովուրդի տեղահանութիւնը, գերիներու հարցը եւ Արցախի ապագան այսօր միջազգային քննարկումներու նիւթեր են: Պէտք է աշխատանքի լծուիլ` փաստաթուղթեր եւ արխիւներ օգտագործելով եւ զանոնք ներկայացնելով միջազգային կազմակերպութիւններու: Աջակցիլ հայ եւ օտար հետազօտողներու, լրագրողներու աշխատանքին, որպէսզի հարցը մնայ միջազգային լրատուամիջոցներու եւ հանրային քննարկումներու մէջ: Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն միջոցով պէտք է շարունակել խորհրդարաններու, համալսարաններու եւ միջազգային համաժողովներու մէջ քննարկումներ կազմակերպել: Լիզպոնի դէպքը հայերուս համար կը խորհրդանշէ այն համոզումը, որ Հայկական հարցը պէտք չէ մոռացութեան մատնուի: Ուրեմն այս դէպքը յիշեցում է բոլորիս, որ ազգային հարցերը կը պահանջեն հետեւողականութիւն եւ պատրաստակամութիւն` զանոնք միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը պահելու համար:

ԱՆԴՕ ԿԻՒԼՏԱԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

 

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Խանասորի Շունչը (25 Յուլիս 1897)

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար` Կանգուն» Նշանաբանով

RelatedPosts

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.