Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուղղութիւններ, Առաջնահերթութիւններ Եւ Երաշխաւորութիւններ

July 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի բանբերի յայտարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող յայտարարութիւնները բաւական հեռու են իրարմէ թէ՛ մթնոլորտի եւ թէ՛ իրավիճակի առումով: Էլլա Ուաուիէ յայտնեց. «Քաղաքական իշխանութեան ցուցմունքին հիմամբ, այսօր ընթացք առաւ գործադրութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ «անվտանգ գօտի» խորագիրով փորձնական նախագիծի մը` գործակցութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակին»:

Ըստ անոր, փորձնական ծրագիրի ծիրին մէջ, իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակի, Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակի խումբերը «համաձայնութեան գործադրութիւնը շարունակելու համար համակարգման գործողութիւններ ու ծրագրաւորում կը կատարեն»:

Այստեղ յստակ ակնարկ կայ եռակողմ մեքանիզմի մը, որ անվտանգութեան մակարդակի վրայ համակարգում կը կատարէ: Անհասկնալին «անվտանգ գօտի» ձեւակերպումին տակ թաքնուած յղացքն է: Մինչեւ հիմա անվտանգութեան գօտին Իսրայէլի համար զուտ իր վերահսկողութեամբ անմարդաբնակ տարածք էր հարաւային Լիբանանի մէջ: Սահմաններու պատկերացումներու փոփոխութիւններով հանդերձ ա՛յս կը նշանակէր անվտանգութեան գօտի: Հիմա այդ տարազին տակ  փորձ կը կատարուի փորձնական ծրագիրի շրջագիծին մէջ տեղադրել ծրագրաւորուած եւ գործադրուող գործողութիւնները:

Այս եռակողմը սկզբունքով պիտի նշանակէր լիբանանեան ուժերու տեղակայում Իսրայէլի կողմէ հետզհետէ ապաբռնագրաւուող տարածքներու մէջ: Փոփոխական այս յայտարարութիւնները կը մշուշապատեն ճանապարհային քարտէսը: Քարտէս մը, որ ըստ ուաշինկթընեան հանդիպումներէն ետք հնչող յայտարարութիւններուն, պէտք է ունենայ երեք ուղղութիւն:

Ա.- Լիբանանեան բանակի վերականգնողական աշխատանքներ` զանազան տեսակի օժանդակութիւններու տեսքով:
Բ.- Լիբանանեան բանակի տեղակայում դէպի իսրայէլեան հեռացող ուժերու գրաւած դիրքեր:
Գ.- Զէնքի մենաշնորհում:

Մնացեալը ածանցեալ խնդիրներ են: Առկայ է ամերիկեան երաշխաւորութիւնը. աւելի ճիշդը` ղեկավարումն ու համակարգումը այս ուղղութիւններուն վրայ իրականանալի բոլոր գործողութիւններուն:

Այստեղ նշուած երեք ուղղութիւններու հերթականութիւնը տարբեր է ուաշինկթընեան փոխըմբռնումներուն մէջ: Երրորդը առաջնային է, մինչ միւսները` փուլային: Նոյնիսկ վերանայելի, եթէ լիբանանեան բանակը չյաջողի կատարել իրմէ ակնկալուած առաքելութիւնը: Եթէ երրորդը կատարուի, եւ մինչ այդ նկատուին բացթողումներ լիբանանեան բանակին վստահուած գործառոյթներուն մէջ, ապա կը կասեցուին հեռացումը եւ նոյնիսկ բանակին տրուելիք օժանդակութիւնները:

Նման համաձայնութիւններու մէջ կարեւոր են փուլայինի եւ փաթեթայինի տարբերութիւնները: Կարեւոր են նաեւ կէտերու առաջնահերթութիւնները: Նոյնքան կարեւոր` երաշխաւորին ստանձնած  լիազօրութիւններուն եւ դերակատարութեան իրազեկ դառնալը եւ ըստ այնմ իրադարձութիւններուն գնահատական տալը:

«Ա.»

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Դէպի Երեւան

Յաջորդը

Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան Նշանակուած Է INALCO-IMAS/Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Գերազանցութեան Հրաւիրեալ Ամպիոնի» Աթոռակալ Գիտապետ 2026-2027 Ակադեմական Տարեշրջանին Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.